Շռայլութիւնը չունինք պատերազմ կտակելու յաջորդող սերունդներուն – (Արցախեան շարժման 30-ամեակին առիթով)

(Արցախեան շարժման 30-ամեակին առիթով)

 

«Հայրենիքներն ապրում են հայրենասիրութեամբ,

ընկնում` նրանց պակասի պատճառով»

Գարեգին Նժդեհ

Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի Ժողովրդական պատգամաւորներու Մարզխորհրդի 1988 թուականի Փետրուարի 20-ի արտահերթ նստաշրջանի որոշումը՝ մարզը Խորհրդային Ատրպէյճանի կազմէն դուրս բերելու եւ միացնելու Հայաստանի՝ վերածուեցաւ համաժողովրդական պահանջատիրութեան։ Զանգուածային հանրահաւաքներ ու զօրակցութեան ցոյցեր կայացան Արցախէն մինչեւ Հայաստան, մինչեւ Սփիւռքի հեռաւոր ոստաններ:

Ցեղասպանութեան, տեղահանութեան ու աւերման ծանրակշիռ հարուածներ դիմագրաւելու պարտադրանքին տակ գտնուեցաւ արցախահայութիւնը, սակայն գերագոյն մաքառումով նուաճեց յաղթանակը։

Այդ յաղթանակը կերտեցին դաժան պատերազմի փորձութիւններով անցած ազատամարտիկները, զինուորները, զոհուած, հաշմանդամ դարձած եւ անյայտ կորած նուիրեալները՝ իրենց սխրանքներով եւ յեղած արեամբ։

Յանուն պատմական ճշմարտութեան պէտք է ընդգծել նաեւ, որ Արցախի ազատագրումը խափանեց հայրենի ոստանները հայաթափելու թուրք-ատրպէյճանական տասանամեակներու վրայ երկարող ռազմավարական ծրագիրը։

Պատմութիւնը իր արժանի գնահատականը պիտի տայ նաեւ Արցախեան շարժման ընթացքին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գործունէութեան ու դերին։ Պատմութիւնը պիտի վկայէ, որ Արցախի ազատագրման շարժման առաջին գնդակները շաչեցուցին Դաշնակցական ազատամարտիկներն ու ուխտապահները։

30 տարի ետք, այսօր, մենք շռայլութիւնը չունինք պատերազմ կտակելու յաջորդող սերունդներուն։ Իրաո՛ւնք չունինք։ Արդարօրէն մղուած այս առճակատումը վերջնականօրէն յաղթանակով աւարտելու յանձնառութիւնը ունինք։

Տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական անհաւասար պայմաններու տակ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Արցախը եւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը նոր մարտահրաւէրներու առջեւ են: Պէտք է գիտակցինք, որ մեր համատեղ ջանքերու լարումով միայն հնարաւոր է մեր հայրենիքի հզօրացումը։

30 տարի առաջ, ազատամարտի թէժ գուպարի բովէն անցած հայոց զինուորագրեալ նոր սերունդը, հիմը դրաւ Միացեալ Հայաստանի առաջին օղակին։ Արցախի ազատագրումն ու անոր վերաշաղկապումը Մայր Հայրենիքին կարեւոր բաղադրիչ է հայութեան անժամանցելի դատի վերջնական յաղթանակին։ Երթը շարունակենք անվկա՛նդ եւ դառնանք ուխտապահները միաւորուած հայրենիքի տեսլականին։

Փա՜ռք հայ ժողովուրդի պաշտպան հայոց հզօր բանակին, փա՜ռք Շուշին ազատագրող հայ ազատամարտիկին եւ յաւե՛րժ փառք հայրենի հողի ազատագրման եւ անոր պաշտպանութեան համար զոհուած նահատակ հայ զինուորին:

Խմբագրական «Հորիզոն»ի

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.