Շուշիի Ազատագրման Ժամանակագրութիւն
29 Ապրիլ 92
Ազերիներ 700 զինուորներով եւ տասնեակ մը հրասայլերով Շուշիէն կը յարձակին Ստեփանակերտի եւ Քարին Տակի վրայ հասնելով մինչեւ Ստեփանակերտի դռները: Հայկական ուժերու բուռն դիմադրութեան շնորհիւ ազերիները կը նահանջեն, տալով 10 զոհ, 20 վիրաւոր եւ զրահապատ կառք մը: Հայկական կողմը կու տայ 3 նահատակ եւ 5 վիրաւոր:
30 Ապրիլ 92
Ազերիները երկրորդ անգամ ըլլալով կը յարձակին Ստեփանակերտի վրայ: Հայկական ուժերը 4 նահատակ եւ 23 վիրաւոր տալով խիզախօրէն ետ կը մղեն յարձակումը:
1-2 Մայիս 92
Ազերիներ 1500 զինուորներ, 20 զրահապատ կառքեր եւ 3 ուղղաթիռներ կը կեդրոնացնեն Ստեփանակերտ-Շուշի ճակատին վրայ: Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտ կը ռմբակոծուի. ազերիներ վերջնական պատրաստութիւնները կը տեսնեն անցնելու համար մեծ յարձակումի մը Ստեփանակերտի վրայ, մինչ Թուրքիոյ նախագահ Էօզալ Պաքու կ՚այցելէ:
3 Մայիս 92
Ազերիներ ուշ գիշերին 3-րդ անգամ ըլլալով կը դիմեն յարձակողականի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի վրայ: Անոնք կը յաջողին գրաւել Ստեփանակերտի մօտակայ ռազմագիտական կարեւորութիւն ունեցող բլուրներ, ուրկէ ռումբ կը տեղայ նաեւ Ստեփանակերտի վրայ: Հայկական ուժերը բուռն դիմադրութիւն ցոյց կու տան. Լաչինի շրջանէն ազերիական ուժեր կը միանան Ստեփանակերտի վրայ յարձակող ուժերուն:
5 Մայիս 92
Մայիսի առաջին օրերուն ծայր առած բախումներուն հետեւանքով ինկած զինուորներուն թիւը կը հասնի 70-ի (երկուստեք): Ուշ երեկոյեան Արցախի խորհրդարանը նիստ մը գումարելով կ՚որոշէ փոխել ազերիներու դէմ ցարդ կիրարկուող պաշտպանողական մարտաւարութիւնը եւ անցնիլ յարձակողականի, չէզոքացնելու համար հրետանիի այն կեդրոնները, ուրկէ կը ռմբակոծուէր մայրաքաղաք Ստեփանակերտը: Այս որոշումին գործադրութիւնը կը վստահուի Պաշտպանական Խորհուրդին:
8 Մայիս 92
Կը սկսի Շուշիի ազատագըրման գործողութիւնը:
Յարձակումներ – Հայկական ուժերը կը սկսին յարձակողականը քանի մը ճակատներու վրայ զուգահեռաբար:
Ա. Դէպի Ջանհասան. թըշնամիի յառաջացեալ դիրքերուն մօտ՝ դէպի Ջանհասան ուղղուող ազատամարտիկներու խումբը անակնկալօրէն կ՚ենթարկուի պաշարման:
Տեղի կ՚ունենան կատաղի կռիւներ, որոնք նոր թափ կը ստանան Քէօսալարէն հասնող հայ ազատամարտիկներու օգնութեամբ: Կը կազմակերպուի արագ եւ ազդու յարձակողական, որուն ընթացքին կը գրաւուին 100 միլլիմեթրնոց այն հրթիռարձակները, որոնք ամիսներ շարունակ կը ռմբակոծէին Ստեփանակերտը:
Բ. Քէօսալարի ճակատ. դէպի Քէօսալար ուղղուող հայկական ուժերը նոյնպէս անակնկալօրէն կ՚ենթարկուին պաշարման: Բուռն բախումներու ընթացքին կը փճացուի ազերիական հրասայլ մը եւ զրահապատ մը: Կ՚իյնան բազմաթիւ նահատակներ եւ տասնեակ մը վիրաւորներ հայկական կողմէն:
Առաւօտեան ժամը 10:00-ին յարձակման ազդանշանէն 5 ժամ ետք, Ջանհասանը եւ Քէօսալարը կ՚իյնան հայկական ուժերու հակակշռին տակ:
Դէպի Շուշի Հայկական ուժերը Շուշիի պաշտպանողական ամրութիւնները կը ճեղքեն հիւսիսէն եւ արեւելքէն:
1.- Շոշ-Շուշի (արեւելք)
Մայիս 8-ի առաւօտեան ժամը 2:30-ին հայկական հրետանին կը սկսի Շուշիի անընդմէջ եւ ճշգրիտ ռմբակոծման:
Միաժամանակ Աշոտ Ղուլեանի (Բեկոր) գլխաւորութեամբ Դաշնակցութեան ջոկատը Շոշ գիւղէն կ՚իջնէ ձոր եւ մագլցելով Շուշիի բարձունքը անակնկալօրէն կը յարձակի ազերիական ուժերուն վրայ, կը ստեղծէ ընդհանուր խուճապ ու կը կոտրէ թշնամիի դիմադրողականութիւնը:
2.- Ստեփանակերտ-Շուշի (հիւսիս)
Հայկական հրասայլերը եւ 4-րդ վաշտը, յառաջապահ ունենալով այլ դասակներ, Շուշի-Ստեփանակերտ մայր ճանապարհէն կռուելով կը բարձրանան դէպի Շուշի: Հայկական հրասայլերը կը հանդիպին ազերիական հրասայլային դիմադրութեան, որ կը չէզոքացուի հայկական հրետանիի ճշգրիտ ռմբահարումով: Այս յարձակման ընթացքին ուղղակի ռմբահարման կ՚ենթարկուի Հայկական հրասայլ մը, որուն մէջ գտնուող 2 զինուորները կը զոհուին:
Լիսագորի ռազմագիտական դիրքի ճնշում
Շուշիի գործողութեան մաս կը կազմէ նաեւ Շուշի-Լաչին ռազմագիտական ճանապարհին վրայ իշխող ազերիական Լիսագորի դիրքին ճնշումը:
Հ.Յ.Դաշնակցութեան վաշտը շրջանցելով լեռնաշղթան, Սըղնախ գիւղի վրայով կը մօտենայ Լիսագորի: Վաշտը հետիոտն կը յառաջանայ անանցանելի ճամբաներէ: Կը քալէ 12 ժամ եւ կը հասնի Լիսագորի եւ Զառիսլուի միջեւ բարձունքի մը եւ Լաչին: Այստեղ տեղի կ՚ունենայ փոխ-հրացանաձգութիւն, որուն ընթացքին կը նահատակուի ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան անդամ՝ ընկ. Վիգէն Զաքարեան:
8 Մայիս 92
8 Մայիսի երեկոյեան, Շուշին ամբողջութեամբ կ՚ենթարկուի հայ ազատամարտիկներու հակակշռին:
Comments are closed.