Շոլց. «Պէտք Է Հասնիլ Խաղաղ Հանգուցալուծման Նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Քաղաքացիներու Ինքնորոշման Իրաւունքի Տեսանկիւնէն»
Գերմանիան մտահոգուած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին անկայուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հետզհետէ սրող մարդասիրական իրավիճակով: Գերմանիան կարեւոր կը նկատէ խաղաղ հանգուցալուծման հասնիլը` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիներու ինքնորոշման իրաւունքի տեսանկիւնէն:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին յայտարարեց Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց` Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին:
Շոլց յայտնեց, որ Փաշինեանի հետ հանդիպումին երկկողմանի յարաբերութիւններու խորացման վերաբերեալ միտքեր փոխանակուած են: Շոլց կարեւոր նկատեց, որ նախորդ տարի Գերմանիան սկսած է Հայաստանի հետ զարգացման ոլորտին մէջ համագործակցութեան:
Շոլց կարեւոր նկատեց նաեւ այն, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը քայլ առ քայլ երթան երկարաժամկէտ լուծման: Փաշինեան Շոլցին ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ արձանագրուող վերջին զարգացումները: «Մենք մտահոգուած ենք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին անկայուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հետզհետէ սրող մարդասիրական իրավիճակով: Սթաթիւս քոն չի կրնար շարունակուիլ, եւ պէտք է երկարաժամկէտ լուծման յանգիլ` ի բարօրութիւն մարդոց: Այս տեսանկիւնէն անհրաժեշտ է հասնիլ խաղաղ հանգուցալուծման, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիներու ինքնորոշման իրաւունքի տեսանկիւնէն: Ընդ որում, այս բոլոր սկզբունքները հաւասարազօր են», ըսաւ Շոլց:
Գերմանիան կ՛աջակցի Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդական ջանքերուն: Շոլց ընդգծեց, որ Գերմանիան այդ ըրած է` նաեւ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան կազմին մէջ գերմանական անձնակազմ ուղարկելով: Ընդ որում, այդ առաքելութիւնը պիտի ղեկավարէ գերմանացի դաշնային ոստիկան մը:
Անդրադառնալով այն դիտարկումին, որ Ազրպէյճանը չի կատարեր նոյնիսկ Լա Հէյի դատարանի որոշումը` ապահովելու Բերձորի միջանցքով ազատ տեղաշարժը` Շոլց վերահաստատեց. «Մենք ինքնորոշման իրաւունքի, նաեւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի կողմնակիցն ենք»: Ան կարեւոր նկատեց շրջանին մէջ անվտանգութեան բարելաւումը: