ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ ՖԵՐՄԱՆ ԹՈՐՈՍԼԱՐԻ «ԱՔՍՈՐ» ԳԻՐՔԻՆ ՀԱՅԵՐԷՆԻ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԵԱՆ
1192
0
9 Յունիս 2022-ի միջօրէի ժամը 2։00-ին, Երեւանի Կոմիտաս շրջանի «Արամ Մանուկեան» կեդրոնի հինգերորդ յարկի Արեւմտահայոց Ուսումնասիրութեան կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ Ֆերման Թորոսլարի «Աքսոր» գիրքին հայերէնի թարգմանուած հատորին շնորհանդէսը։ Գիրքը թրքերէնէ արեւմտահայերէնի թարգմանած էր Մարի Մերտխանեանը:
Գիրքը առաջին անգամ տպագրուած է Իսթանպուլի «Արաս» հրատարակչութեան կողմէն 2013-ին, իսկ թրքերէն տարբերակը շուտով կը վերահրատարակուի 6-րդ անգամ ըլլալով:
Տիգրան Չանտոյեանին բացման խօսքով սկիզբ առած մտերմիկ հաւաքին առաջին խօսք առնողն էր բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Հայկազուն Ալվրցեան:
Ան շեշտեց ծանրակշռութիւնը կատարուած գործին, որ յատկապէս լուսարձակի տակ կ’առնէ հայութեան մէկ կարեւոր հատուածը՝ իսլամացած հայերը, որոնք կը շարունակեն ապրիլ արեւմտեան Հայաստանի հողին վրայ եւ որոնց 4-րդ սերունդը իր արմատներու փնտռտուքին մէջ է:
«Մարին մի կարեւոր գործի հետամուտ էր այսպիսի մարդկանց յուշագրութիւնը պահպանելու իմաստով: Եւ այս գիրքը պատմութիւնն է մի ամբողջ ընտանիքի, որ դատապարտուել է կորսուելու. Ցեղասպանութեան շրջանին իսլամանալով ու թրքացուելով, ժամանակի ընթացքին ամբողջ արեւմտեան Հայաստանի հայութիւնը կը մոռանայ իր ինքնութիւնը, իսկ նրանց մասին բարձրաձայնելը կարեւոր նշանակութիւն ունի ուժեղ Հայաստան ունենալու իմաստով:Մարին ինք լաւապէս հասկացել է այդ եղածի խորքը, որովհետեւ ինք եւս արեւմտահայ է եւ լաւապէս տիրապետած լինելով լեզուին, հարազատօրէն փոխանցած է զայն»:
Յաջորդ խօսքը արտասանեց պատմական գիտութիւններու թեկնածու թրքագէտ Մելինէ Անումեանը:
Մելինէն արագ թուագրումով յիշեցուց ներկաներուն արեւմտեան հողատարածքը բռնի թրքացնելու գծով թրքական պետութեան որդեգրած օրէնքները Քեմալի օրերուն ու անկէ ետք, մինչեւ մեր օրերը, ունենալու համար միատեսակ թրքախօս ժողովուրդ:
Մելինէէն ետք խօսք տրուեցաւ Ֆերմանի գիրքի թարգման Մարի Մերտխանեանին, որ շնորհակալական խօսքէ ետք պատմեց իր ընկեր Ֆերմանին հետ առաջին հանդիպման ընթացքին անոր հնչեցուցած տպաւորիչ խօսքը՝ «Ես ծառ չեմ տնկեր, մեր ցանած բոլոր ծառերուն պտուղները ուրիշները կերան»:
Մարին ամփոփ գիծերով ներկայացուց այդ ընտանիքին ոդիսականը, որուն մէջ կը ցոլայ թրքական քաղաքականութեան մէկ տարբեր երեսը, որ ըստ էութեան Ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է: Իր պատմածներէն կարելի է ենթադրել այդ օրերու իսլամացած հայերուն մեծ թիւը:
Հեղինակին կարծիքով «Նոր սերունդը պէտք է իմանայ այս բոլորը, որպէսզի պատմութեան այս երեսը չկրկնուի»:
Մարին շեշտեց թէ «Այս օրերուն թուրքերու հետ յարաբերութեան շղարշին տակ Ցեղասպանութեան եւ բռնատիրութեան քաղաքականութիւնն է ,որ առաջ կը տարուի»:
Հրապարակախօս, գրող, մտաւորական Սպարտակ Ղարաբաղցեան խօսք առնելով յիշեցուց, այն որ միշտ կրկնած էր թարգմանիչին՝ «Պատմութեան այս շեղբը փոշիէն մաքրելու ամենալաւ ձեւն է այս յուշագրութեան թարգմանութիւնը»:
Վերջապէս խօսք տրուեցաւ Արեւմտահայոց Ուսումնասիրման կեդրոնի հիմնադիր Հրանդ Մարգարեանին, որ հարկ համարեց այս օրերուն շատ գործելու անհրաժեշտութիւնը՝ վերականգնելու այն ինչ որ պէտք է վերականգնի:
ՄԱՐԻ ՄԵՐՏԽԱՆԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ ԳԻՐՔԻՆ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
Ֆէրման անունով ընկեր մը ունիմ, որ ինձմէ բաւական մեծ է: Մարմարայի Էրէղլիսիի իր համեստ ամառանոցին պարտէզին մէջ մէկ հատ իսկ ծառ չկայ: Լոլիկ, պղպեղ, կորեկ, արեւածաղիկ ցաներ է… Հիւրերուն միշտ այդ բանջարեղէններէն կը հիւրասիրէ: Անգամ մը՝ «Ինչո՞ւ մէկ հատիկ ծառ չես տնկած» հարցուցի եւ զղջացի…
«Չեմ տնկեր, բարեկա՛մ», ըսաւ ու շարունակեց. «Մեր պապերը, Ադամ եւ Եւայէն սկսեալ մինչեւ 1938, ապրած են Պիթլիսի Մութքի (Մոթկան) շրջանի Քէրհօ գիւղի Քիթօրօներուն թաղը: 36 տուն էինք: Այգիներ եւ պարտէզներ ունէինք: 1920-1938-ի միջեւ, Շէյխ Սաիտի ապստամբութեան պատճառով, մէկ կողմէն զինուորներու, միւս կողմէն աւազակներու թիրախն էինք: Ամէն տարի մեր գիւղը կը ռմբակոծուէր: Երեւակայէ, որ 1915-ին ջարդի չենթարկուած մեր թաղին մէջ, 1938-ին միայն հայրս եւ մայրս մնացեր էին…
«Աքսորի տարիներուն ո՛ւր որ մնացինք եւ ծառ տնկեցինք, հազիւ պտուղները քաղելու ժամանակը հասած՝ մեզ ուրիշ տեղ ղրկեցին: Մեր տնկած ծառերուն պտուղները ուրիշներ վայելեցին: Նոյնիսկ Իսթանպուլի մէջ, երբ ես ինծի համար կրցայ տուն եւ պարտէզ ստեղծել, ծառերուս պտուղները ուրիշները վայելեցին: Այլեւս ծառ չեմ տնկեր»:
Հրանդ Տինք մօտաւորապէս այսպէս կը պատմէ Ֆէրման Թորոսլարի հետ իր զրոյցը: Այս կարճ նկարագրութեան մէջ թաքնուած ողբերգութիւն կայ:
Ֆէրման Թորոսլարին ծանօթացայ 2003-ին, Նիւ Ճրզիի մէջ: 70-ն անց մարդը լռութեամբ ու թաց աչքերով կը հետեւէր սեղանի հայերէն զրոյցին: Յետոյ հերթը եկաւ իրեն եւ պատմե՜ց… Թրքերէնով պատմեց իր մասին: Ու իր պարզ բառերով նկարագրած դէպքերուն ընդմէջէն դիմացս բացուեցաւ թրքական պետական քաղաքականութեան մէկ տարբեր երեսը, որ ըստ էութեան ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է:
Հեղինակին բերած մէկ օրինակը բաւական է հասկնալու համար այդ տարիներուն կրօնափոխ եղած կամ այլապէս կորսուած հայերուն թիւին մասին: Քէրհոյի 36 օճախէն 20-ը ջարդուած է, 16-ը Անատոլուի խորքերը աքսորուած եւ միայն 4-ը վերադարձած են իրենց արմատներուն: Եւ կը ծագի բնական հարցումը. ո՞ւր են մնացեալը: Ի՞նչ եղան:
Մնացեալի մէկ օրինակը հեղինակի մօրաքոյրն է. Նուրիձան: Ան ընտանիքով աքսորուած էր Ամասիա, յետոյ՝ Չորում:
Ամասիոյ ճամբուն վրայ ամուսինը կորսնցուցած Նուրիձան, երկու եւ չորս տարեկան դուստրերուն հետ հասած է Չորումի ամենածայրայեղ սիւննի գիւղերէն մէկը՝ Թիրքէշ: Հոն կայանած Նուրիձային հոգատարութիւնը քայմաքամի կարգադրութեամբ յանձնուած է գիւղապետին: Աշխարհէն եւ իր ազգականներու գոյութենէն անտեղեակ Նուրիձան հայկական ինքնութիւնը գաղտնի պահելու համար դարձած է Նուրիէ եւ քանի մը ամիս վերջ՝ գիւղապետին երկրորդ կինը… Գիւղապետը տան տանիքէն վար նետած է երկու տարեկան աղջնակը եւ անպատիժ մնացած…: Աշխարհին մէջ միայնակ մնացած ըլլալու եւ միւս դուրստրն ալ չկորսնցնելու վախով ապրող Նուրիձան կազմած է թուրք-իսլամ ընտանիք եւ մինչեւ իր մահը վախցած է իրականութիւնը յայտնելէ: Նոյնիսկ երբ, շա՜տ տարիներ անց, հարազատները գտած ու գաղտնաբար զիրար այցելած են, մի՛շտ խնդրած է, որ հայ ըլլալու մասին բան չըսեն իր զաւակներուն:
Ոմանք յաջողած են այս երեւոյթին դէմ պայքարիլ, սակայն բաւական ծանր գին վճարելով: Գրքին մէջ պիտի հանդիպինք Ֆէրմանի քրոջ՝ Մարիամի նման պատմութեան, որ ստիպուած ամուսնացած է իրմէ գրեթէ 40 տարի մեծ հայու մը հետ: Ինչո՞ւ: Պատասխանը հեղինակը վերջերս մանրամասնեց. «Հայրս լաւ կը գիտակցէր, որ եթէ քոյրս քիւրտ կամ թուրքի հետ ամուսնանար՝ ուրեմն մենք ալ պիտի իսլամանայինք, որովհետեւ պիտի չուզէինք, որ մեր ընտանիքը մասնատուի: Այդպէս եղած է բազմաթիւ ընտանիքներու պարագան: Հայրս չէր ուզեր, որ մենք այդ ճակատագիրը ունենանք»:
Քանի՞ հայ ընտանիք այսպէս կորսուած է: Այս մասին ուսումնասիրութիւններ կա՞ն: Չեմ գիտեր: Մասնագէտները աւելի լաւ կ’իմանան: Բայց գիտեմ, որ արդէն չափազանց դժուար աշխատանք է:
Ինչո՞ւ այս թեման կարեւոր է:
Հեղինակին խօսքերով՝ «Նոր սերունդը պէտք է հասկնայ այս բոլորը, որպէսզի պատմութեան այդ երեսը չկրկնուի»:
Աւելցնեմ, որ Ֆէրման հիմա իր վրէժը կը լուծէ, կարծէք: Մականունին «եան»-ը վերականգներ է: Աւելի կարեւորը. Նիւ Ճրզիի իր տան պարտէզին մէջ հիմա անհամար ծառեր կան: Մրգատու ծառեր… Կան նաեւ Սասունէն գաղտնաբար բերած կիլկիլները, լոբին եւ ինչե՜ր ու ինչե՜ր…
Այս օրերուն, երբ թուրքի հետ բարեկամութեան ու հաշտ ապրելու հեքիաթներ կը հիւսուին, մեզի համար չափազանց կարեւոր է հասկնալ, որ խաղաղութեան այդ շղարշին տակ շարունակուող հայրենազրկում եւ Ցեղասպանութիւն կայ թաքնուած…
Խօսքս կը փափաքիմ վերջացնել յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով հեղինակին, որ այս գրքի թարգմանութիւնը ինծի վստահեցաւ:
Արեւմտահայոց Հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնին՝ ցուցաբերած աջակցութեան համար:
Բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Հայկազուն Ալվրցեանին եւ Պատմական գիտութիւններու թեկնածու, թրքագէտ Մելինէ Անումեանին: Կարճ նօթ մը. Նոյնիսկ եթէ գիրքը ամբողջութեամբ չկարդաք, շատ պիտի խնդրեմ որ պրն. Ալվըրցեանին եւ տիկ. Անումեանին խօսքերը անպայման կարդաք: