Շնորհակալական ընդունելութիւն ի պատիւ՝ թեմիս նուիրատուներուն

​Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ Նախագահութեամբ Մոնթրէալահայ ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Դրօ եւ Աննա Փիլիկեան ամոլի, Հինգշաբթի, 1 Սեպտեմբեր 2022-ի երեկոյեան, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Աւետիս Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհակալական ընդունելութիւն մը, ի պատիւ՝ Թեմիս նուիրատուներուն:

​Ընդունելութիւնը սկիզբ առաւ բարերարներու օրհնութեամբ, որ տեղի ունեցաւ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ: Այնուհետեւ, ներկաները հաւագուեցան «Աւետիս Ահարոնեան» սրահ:

​Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիկին Ծովիկ Թերզեան, որ յանուն Վարչութեան երախտագիտութիւն յայտնեց բարերարներուն եւ Առաջնորդարանի առաքելութեան սատար հանդիսացող բոլոր ներկաներուն: ​Այնուհետեւ ներկաները բոլորուեցան սիրոյ սեղանի շուրջ՝ մտերմիկ պահեր ունենալով իրար հետ:

​Երեկոյթի վերջին խօսքը կը պատկանէր Առաջնորդ Սրբազանին, որուն պատգամը գնահատանքի, բարեմաղթութեանց եւ շնորհակալական զգացումներու միաձուլումն էր։

​Առաջին հերթին, Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան խօսք ուղղեց հիւրընկալ բարերար ամոլին, Տէր եւ Տիկին Փիլիկեաններուն ու բոլոր բարերարներուն, որոնց Ազգ. Առաջնորդարանի առաքելութեան հանդէպ հաւատքին ու վստահութեան մեծ պերճախօս արտայայտութիւնն է սոյն երեկոն եւ որոնց սրտաբուխ նուիրատուութիւնները գործնական արտայայտութիւնն են Ազգի Տան իրենց զօրակցութեան։

​Այնուհետեւ, ան կանգ առաւ Ազգ. Առաջնորդարանի առաքելութեան վրայ ու վեր առաւ անոր կարգ մը գլխաւոր երեսները, որոնք կազմած էին անցած տարիներու աշխատանքներուն հիմնական դաշտերը։ Ան յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Քրիստոնէական դաստիարակութեան, Հայեցի դաստիարակութեան ու հրատարակչական աշխատանքներուն վրայ, որոնք մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն, որովհետեւ Ազգային Առաջնորդարանը նախանաձախնդիր է մեր նոր սերունդներու հայեցի ու բարոյական դաստիարակութեամբ։

​Ժողովրդանուէր ծառայութիւններու կալուածին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ նաեւ յառաջիկայ տարիներու աշխատանքներուն մասին, նկատել տալով, որ Ազգ. Առաջնորդարանի առաքելութիւնը մարմնաւորող այս աշխատանքները ինքնանպատակ չեն, աւելին, անոնք կ՚իրագործուին յանուն նոր սերունդին, որոնք ազգի մը գոյատեւման երաշխիքն են:

​Իր խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը կարեւորութեամբ կանգ առաւ Վեհափառ Հայրապետին այն կոչին վրայ, ըստ որուն՝ 2022 տարին կը հռչակուի Սփիւռքի Տարի։ Ան յայտարարեց, որ Սփիւռքը կարիք ունի վերակազմակերպուելու եւ վերընձիւղուելու, որովհետեւ հզօր սփիւռքով պայմանաւորուած է հզօր Հայաստանի ու Արցախի գոյութիւնը, իսկ Գանատայի Հայոց Թեմը միշտ հետամուտ եղած ու հասած է Հայաստանի ու Արցախի կարիքներուն, շնորհիւ մեր բարերարներուն:

​Վերջին բաժինով, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս վեր առաւ մեր բարերարներուն ու նուիրեալ բարեկամներուն տեղն ու դերը՝ Ազգ. Առաջնորդարանի աշխատանքի դաշտերուն մէջ: Անդրադառնալով հոգեւոր ու դաստիարակչական կալուածներու մէջ աճող պահանջներուն ընդառաջելու յանձնառութեան։ Ան յայտնեց նաեւ, որ նոր մարտահրաւէրները պիտի դիմաւորենք վերանորոգ կամքով, յաւելեալ կորովով ու մեր լաւագոյնը տալու պատրաստակամութեամբ. նոր մարտահրաւէրները պիտի դիմագրաւենք ինքնավստահութեամբ, անվախօրէն, ու մանաւանդ հաւատքով ու յանձնառութեան ոգիով, որովհետեւ գիտենք, որ առանձին չենք մեր աշխատանքի դաշտերուն մէջ, մեր կողքին ունինք ձեզի պէս բազմաթիւ նուիրեալներ, որոնք, իբրեւ բարերար ու կամաւոր՝ միշտ ալ պատրաստակամ եղած են ընդառաջելու գործակցութեան մեր հրաւէրներուն: Գնահատանք ու շնորհակալութիւն բոլորին։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.