ՇԱՆԹ ԳԱՐԱՊԱՃԱՔ ՄՈՆԹՐԷԱԼԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԹԵԿՆԱԾՈՒ
Մոնթրէալի քաղաքապետական ընտրութիւններուն «Միասին Մոնթրէալ» խմբակցութեան կողմէ առաջադրուած շարք մը թեկնածուներուն մէջ ներառուած է Մոնթրէալահայ Շանթ Գարապաճաքը:
Նոյեմբեր 6-7 կայանալիք ընտրութիւններուն, Շանթ Գարապաճաքը առաջադրուած է Մոնթ Րոյալ ընտրատարածքի քաղաքապետակական թեկնածու։
Շանթը ծնած է Մոնթրէալ: Աւարտած է Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանը եւ այժմ կը պաշտօնավարէ որպէս ուսուցիչ: Քաղաքային եւ Տարածաշրջանային ոլորտի մէջ մագիստրոսական կոչում ստացած է Գէմպրիճի համալսարանէն (Միացեալ Թագաւորութիւններ): Ան նաեւ վկայուած է Գոնգորտիա համալսարանէն եւ Մոնթրէալի համալսարաներէն՝ Քաղաքագիտութիւն եւ Փիլիսոփայութիւն մասնագիտութիւններով:
Շանթը հայ համայնքի գործօն անդամներէն է. անդամակցած է ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան եւ աշխատակցած Հայ Դատի յանձնախումբին մէջ: