Նուիրատուութիւններու Պատճառով Վատիկան Դարձած Է Ազրպէյճանի Կողմը
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
27 մարտ 2024-ին իտալական Irpmedia.irpi.eu կայքէջի մէջ հրապարակուած ծաւալուն յօդուածին մէջ` «Ինչպէ՞ս Վատիկանը օգնեց օրինականացնել Ալիեւի միապետութիւնը Ազրպէյճանի մէջ» վերնագիրով, Սիմոնէ Զոփելարօ կը բացայայտէ Վատիկանի ազրպէյճանամէտ կողմնակալութիւնը ֆինանսական նուիրատուութիւններուն պատճառով, թէեւ Հայաստան քրիստոնեայ պետութիւն է, իսկ Ազրպէյճան` իսլամական:
22 փետրուար 2020-ին Ազրպէյճանի բռնակալ ղեկավար Իլհամ Ալիեւ եւ անոր կինը` երկրի փոխնախագահ Մեհրիպան Ալիեւա, պետական այցով ժամանած էին Վատիկան: Զանոնք պաշտօնապէս ընդունած էին` Ֆրանչիսքոս պապը, պետական քարտուղար կարտինալ Փիեթրօ Փարոլի եւ միջպետական յարաբերութիւններու քարտուղար արքեպիսկոպոս Փոլ Ռիչըրտ Կելեկըր: Ալիեւա Վատիկան եկած էր, որպէսզի ստանար Սուրբ Աթոռին կողմէ աշխարհականներուն շնորհուող բարձրագոյն պարգեւը` «Մեծ խաչ»-ը: Այդ պարգեւը կ՛առաջարկեն թեմական եպիսկոպոսները` իբրեւ գնահատանքի եւ երախտագիտութեան նշան եկեղեցւոյ կամ հասարակութեան մատուցուած ծառայութիւններու համար, եւ այդ վերապահուած է` պետութիւններու ղեկավարներուն, նախարարներուն, դեսպաններուն եւ թագաւորական ընտանիքի անդամներուն: Սակայն Ազրպէյճանի նկատմամբ Վատիկանի հետաքրքրութեան շարժիչ ուժը Հայտար Ալիեւի անուան հիմնադրամին կողմէ տրամադրուող ֆինանսական աջակցութիւնն է:
Զարմանալիօրէն, հակառակ փոքրամասնութիւններու, այլախոհներու եւ այլ կրօններու նկատմամբ Ազրպէյճանի անհանդուրժողականութեան, Սուրբ Աթոռ իր երախտագիտութիւնը յայտնած է` «Տարբեր դաւանանքներու նկատմամբ Ազրպէյճանի բաց ըլլալուն եւ խաղաղ վերաբերումին համար»:
Վախնալով Ազրպէյճանի նուիրատուութիւններու կորուստէն` Վատիկան դժկամութեամբ թոյլ տուած է Պաքուի հասցէին որեւէ քննադատութիւն, յատկապէս` սեփական հոգեւորականներու կողմէ: «Հայր Ժորժ-Անրի Ռուսիէն հեռացուած է Հայրապետական արեւելեան հիմնարկէն, քանի որ ան կը քննադատէր անոնք, որոնք չէին ուզեր օգտագործել Հայոց ցեղասպանութիւն» ձեւակերպումը:
Հաշուի առնելով Ազրպէյճանի «խաւիարային դիւանագիտութենէն» օգուտ քաղելու ակնկալիքները` Վատիկան չէ ուզած աւելի էական բան ըսել, քան «միջմշակութային եւ միջկրօնական երկխօսութեան կարեւորութիւնը` ի նպաստ կրօնական եւ ցեղային տարբեր խումբերու միջեւ խաղաղ գոյակցութեան»` նկատի ունենալով հայերն ու ազրպէյճանցիները: Հռոմի պապը աղօթած է Ղարաբաղի բնակիչներուն համար` յուսալով, որ` «Միջազգային հանրութեան աջակցութեամբ կողմերու միջեւ բանակցութիւնները կը խթանեն տեւական համաձայնութիւն, որ վերջ կը դնէ մարդասիրական ճգնաժամին»: Նոյնիսկ 2020-ի պատերազմի ընթացքին «եկեղեցին չկրցաւ երթալ «ներգրաւուած բոլոր կողմերուն եւ միջազգային հանրութեան» ուղղուած «զէնքերը վար դնելու» չափաւորութեան ընդհանուր կոչերէ անդին»:
24 հոկտեմբեր 2023-ին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան առաքելական նուիրակ Խոսէ Աւելինօ Պեթենքուրթէն ստացաւ նոյն պարգեւը, որ երեք տարի առաջ տրուած էր Ազրպէյճանի փոխնախագահ Ալիեւային: Այսուամենայնիւ, կար մէկ էական տարբերութիւն. մինչ Ալիեւա իր մրցանակը ստացաւ անմիջապէս Հռոմի պապէն, Փաշինեանի պատուեց առաքելական նուիրակը: Կային նաեւ այլ տարբերութիւններ, որոնք` «Օգնեցին ամրապնդելու Ալիեւներու ընտանիքի իշխանութիւնը` հակառակ Արցախի մէջ մարդկային իրաւունքներու խախտումներուն»:
«Մշակոյթի հայրապետական խորհուրդի պատուաւոր նախագահ եւ Սրբազան հնագիտութեան հայրապետական յանձնաժողովի նախագահ կարտինալ Ճանֆրանքօ Ռաւասի Վատիկանի ամենաբարձր պաշտօնեան է, որ առաւելագոյն ջանքեր գործադրած է Ազրպէյճանի հետ երկխօսութիւն սկսելու համար»: 2013-ին ան Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ պարգեւատրուեցաւ «Բարեկամութեան» շքանշանով` բարձրագոյն պարգեւ մը, որ կը տրուի` «Ազրպէյճանի եւ օտարերկրեայ պետութեան միջեւ բարեկամական, տնտեսական եւ մշակութային յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ ունեցած յատուկ ներդրման համար»:
Կարտինալ Քլաուտիօ Կուճերոթի կը համարուի Վատիկանի եւ Պաքուի միջեւ ստեղծուած «առանձնաշնորհեալ կապի գլխաւոր հերոսը»: «Չափազանց կրթուած, բազմալեզու, յաւակնոտ եւ իշխանասէր կարտինալ Կուճերոթին Ալիեւներուն ընտանիքը կը ճանչնար 2002-էն, երբ տակաւին ողջ էր 1969-էն իշխանութեան ղեկին գտնուող նախագահ Հեյտար Ալիեւ»:
2000-ականներու սկիզբը Կուճերոթի հանդիպած է Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ` իբրեւ Հարաւային Կովկասի նուիրակ, զոր ստանձնած էր 2001-ին: Մինչ այդ Սուրբ Աթոռի այս նուիրակութիւնը կը վերաբերէր միայն Վրաստանի եւ Հայաստանի: Այդ տարիներուն, երբ Հայաստան յաղթեց Ազրպէյճանի` առաջին պատերազմի ընթացքին, տարածաշրջանին մէջ հրադադարը կ՛երաշխաւորէր Ռուսիան: Ցեղային ատելութիւնը, որ դեռ սնունդ կու տար հակամարտութեան, սկսած էր հանդարտիլ, սակայն նուիրակ Կուճերոթի Ազրպէյճանը անուանեց` «Երկիր (որ) տարբեր կրօններու ժողովուրդներու խաղաղ գոյակցութեան խորհրդանիշն է»:
«2011-ին` իբրեւ նուիրակ իր առաքելութիւնը սկսելէն տասը տարի անց, Կուճերոթի ստորագրեց պատմական համաձայնագիր մը, որ առաջին անգամ կը կարգաւորէր Պաքուի եւ Կաթողիկէ եկեղեցիին միջեւ յարաբերութիւնները: Վաւերացման պահուն վերյիշելով 2019-ին Պաքուի «Բարոյական արժէքներու խթանման հիմնադրամ»-ին կողմէ հրատարակուած «Քրիստոնէութիւնը Ազրպէյճանի մէջ» գիրքը` Կուճերոթի երախտագիտութիւն կը յայտնէ (Ազրպէյճանի) կառավարութեան, որ պայմաններ ստեղծած է (համաձայնագիրը) կարելի դարձնելու համար, ընդգծելով, որ մեր երկիրը միշտ հաւատարիմ մնացած է հանդուրժողականութեան սկզբունքներուն եւ` նշած, որ համաձայնագիրը իր տեսակին մէջ եզակի փաստաթուղթ է, քանի որ Վատիկանը նախապէս երբեք նման համաձայնագիր չէ ստորագրած որեւէ պետութեան հետ»:
Ըստ Կուճերոթիի, «Ազրպէյճան անգամ մը եւս ցոյց տուաւ իր հանդուրժողականութիւնը: Այժմ ամբողջ աշխարհը ականատես է ատոր: Համոզուած եմ, որ այս փաստաթուղթը դրական արձագանգ կը ստանայ աշխարհի մէջ եւ կը յիշուի իբրեւ պատմական մեծ իրադարձութիւն: Մամուլի արձագանգը առաջին իսկ օրէն կ՛ապացուցէ, որ մենք իրաւացի ենք: Սուրբ Գահի եւ Թագի անունով այս բոլորին համար իմ խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնեմ նախագահ Իլհամ Ալիեւին եւ Ազրպէյճանի կառավարութեան»:
2009-էն ի վեր Հեյտար Ալիեւի անուան հիմնադրամը, Մեհրիպան Ալիեւայի գլխաւորութեամբ, կը ֆինանսաւորէ Վատիկանի մէջ տարբեր ձեռնարկներ` վերականգնման ծրագիրներ, ցուցահանդէսներ եւ համերգներ: Ազրպէյճանի կողմէ ֆինանսաւորուող այլ նախագիծներու շարքին են` հռոմէական գետնադամբանները, Վատիկանի թանգարանները, Վատիկանի Առաքելական գրադարանը եւ կաթողիկէ եկեղեցիները` Ֆրանսայի եւ Ազրպէյճանի մէջ: Այս նուիրատուութիւնները կազմած են մէկ միլիոն եւրօ:
2013-ին Կուճերոթի ստացաւ «Մովսէս Խորենացի» մետալը` Հայաստանի բարձրագոյն պարգեւը, օրուան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ` հայագիտութեան մէջ իր կարեւոր աւանդին, ինչպէս նաեւ Երեւանի եւ Սուրբ Աթոռին միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղուած ջանքերուն համար:
Յօդուածին հեղինակը եզրակացուցած է` Վատիկանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սերտ յարաբերութիւնները, թերեւս չնախատեսուած կերպով, ամրապնդած են ազրպէյճանական միապետութեան գերիշխող դերը… ինչ որ կրնայ նպաստել դիւանագիտական լուծման, որ շատ ետեւ կը մղէ կամ կը ջնջէ ազրպէյճանական միապետութեան կողմէ իրականացուած յանցագործութիւններն ու յարձակումները:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
Comments are closed.