24 Մարտին, Նոր Նորքի ոստիկանութեան բաժինին մէջ կատարուեցաւ ներխուժման փորձ մը, զոր կատարած երեք անձերէն մէկը ձերբակալուեցաւ, իսկ միւս երկուքը կը գտնուին հիւանդանոցը։ Այս մասին յայտնեցին քննչական կոմիտէէն:
Կոմիտէէն նաեւ տեղեկացուցին, որ ներկայիս իրաւապահները լայնածաւալ գործողութիւններ եւ խուզարկութիւններ կը կատարեն, առանց մանրամասնութիւններ տալու։
«Ազգային-ժողովրդական Բեւեռ»ը «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրառում մը կատարած է՝ նշելով, որ ոստիկանութիւնը կանուխ առաւօտէն խուզարկութիւն կը կատարէ Բեւեռի աջակիցներու բնակարաններուն մէջ:
24 Մարտի երեկոյեան ժամը 5ի շուրջ, 3 անձեր փորձեցին ներխուժել ոստիկանութեան վարչական շէնքը. անոնք նռնակ մը գործածեցին: Ներխուժած անձերէն երկուքը ոստիկանութեան բաժինին մէջ տեղի ունեցած պայթումին պատճառով ստացած բեկորային վնասուածքներով տեղափոխուեցան հիւանդանոց: Միւս անձը վնասազերծեցին ԱԱԾ ծառայողները: Դէպքին առթիւ նախաձեռնուեցաւ քրէական վարոյթ՝ ահաբեկչութեան յատկանիշներով: Տակաւին յստակ չէ, թէ անոնք ի՛նչ նպատակ կամ պահանջ ունէին։
Comments are closed.