Նշուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան 50-Ամեակը` «Դէպի Երկրորդ Յիսնամեակ» Խորագիրով

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, երէկ` ուրբաթ, 5 յուլիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ նշուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան կէս դարու ամեակը` «Դէպի երկրորդ յիսնամեակ» խորագիրով:

Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Վարանդ Կիրակոսեան, իսկ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը արտասանեց Գէորգ Եագուպեան:

Այս առիթով խօսք առին եւ ԼԵՄ-ի դերակատարութեան ու կարեւորութեան անդրադարձան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցան երեք տեսերիզներ` ԼԵՄ-ի պատմականին, Լիզպոնէն Արցախ ԼԵՄ-ականներու առաքելութեան եւ ԼԵՄ-ի նորօրեայ կեանքին վերաբերող:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Յարութ Լափաճեան:

Comments are closed.