Յոյսի Կամուրջը՝ (Umut-Hasret Köprüsü), մինչեւ Թուրանիայի խորը երկարող` թրքական մահիկի վտանգը

1921 ի Մոսկուայի դաշնագրով, թուրքիոյ շնորհուեցաւ Նախիջեւանի նայող պատառիկ հողային սահմանային շերտ մը՝ Գորշ գայլի փանթուրքիզմով պապակած լեզուակի մը տեսքով ու խորքով, որ կ՚երկարի շուրջ 17 քիլոմեթր, սակայն այնքա՜ն կարեւոր աշխարհաքաղաքական  նշանակութիւն ունեցող դիրք մը, որուն համար ատենօք՝ թուրքերը, խնդութեամբ հայու արիւնով կենացներու տիկեր կուլ տուին անտարակոյս, հակառակ անոր, որ կորսնցուցած էին դարերով իրենց ազդեցութեան տակ մնացած՝ գրաւեալ անծայրածիր տարածքներ, Եւրոպայէն մինչեւ Արաբական աշխարհ: Եւրոպայի Հիւանդ Երկիրը, իր հոգեվարքի իրավիճակին մէջ, վերջին «փոքր» խնդրանքով ներկայացաւ՝ հայցելով գութ մեծապետական տերութիւններէն: Ի տես «թշուառական» թուրքիոյ կերպարին՝ «անմեղօրէն» խնամատարութեան յանձնուեցաւ, Փանթուրանականութեան երազը իրականացնելու «ոսկեայ բանալին»:

Այսպէս, Թուրքիան փանթուրքիզմի որպէս ճարտարապետ, լաւ հաշուարկած էր եւ կուլ տուած էր պարտեալի իր ամօթը եւ յանձնած 600 տարուան իր տիրութեան տակ գտնուող տարածքները՝  նոր իրաւատէրերու, սակայն անաղմուկ ու գլխիկոր բեմականացումներով, պոկած էր շատ աննշան կարծուած սահմանային շփման յենակէտ մը, նոր զաւթուած տարածք՝ այսպէս կոչուած  Նաիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան «բարի դրացի» ըլլալու դիտաւորութեամբ:

Երկա՜ր տարիներու սպասումէ վերջ երկու տարուան շինարարական աշխատանքներէ ետք, վերջապէս՝ 1992 ի Մայիսին, տեղի ունեցաւ բացումը ռազմա-աշխարհագրական կենսական  նշանակութիւն ունեցող, եւ ո՛չ սոսկ փոխադրական հանգամանքով գործող Յոյսի Կամուրջին՝ (UMUT կամ HASRET KOPRUSU),  իր 286 մեթր երկարութեամբ, որ կոչուած է զօդելու «Թուրք եղբայրները» երկու երկիրներու մէջ՝ «ՄԻԱՅ՛Ն»:

Այսօր, արդէն անոր հանգամանքը բացայայտուած է: Թուրքիա, նախքան Արցախի վերջին պատերազմը, ռազմական համատեղ փորձերը Ազրպէյճանի հետ՝ Նախիջեվանի հողերուն վրայ կատարեց, բառացուցական ազդանշանը տալով մօտալուտ համատեղ զինուորական մեծ ծրագրի մը գործականացման, որուն վտանգաւոր ազդանշանը՝ հաւկուրութեամբ ընկալուեցաւ հայրենի ՄԵՐ իշխանութիւններուն կողմէ:

Թուրքիա, օր ցերեկով իր պատմական երազանքը իրականացնելու փաստեր կու տայ, ի լուռ աշխարհի, եւ ի տես մեր հանրութեան: Ասոր զուգահեռ ակներեւ է, Ռոսաստանի «համեմատական տեղատուութիւնը» հարաւային կովկասի ռազմաքաղաքական ոլորտին մէջ: Շատ կենսական հարցադրումով կ՛ուզենք սկսիլ , նախքան յիշատակելը մեր առարկութիւնները եւ եզրակացութիւնները այս կապակցաբար.

1-Արդեօ՞ք այս օրերուն Փան-թուրքիզմը, Ռուսաստանի անվտանգութեան որպէս պատուհաս, կորսնցուցած է իր վաղեմի գործօնի ուժգնութիւնը ու կարեւորութիւնը:

2-Արդեօ՞ք Ռուսաստանի համար, Հայաստանի աշխարհաքաղաքկան ներկայութիւնը, այլեւս ռազմավարական կենսական ազդակ չնկատուիր, եւ բնական պատուար՝ Փան-թուրքիզմի աղէտալի ծրագիրը իրականացնելու:

 

 

հետեւաբար, այս բոլորէն մեկնած կ՚արժէ կանգ առնել ստորեւ նշեալ դրոյթներուն վրայ,

  • Աշխարհաքաղաքական իրերու ներկայ իրավիճակը կը յուշէ, որ Ռուսաստանը գերմտահոգ է թուրքիայի նկրտումներով, երբ կը փորձէ տարածաշրջանային հաւասակշռող նոր ուժի կեդրոն դառնալ հետեւողական չափականութեամբ: Այսպէս, սկսած շրջանի մէկէ աւելի երկիրներու հանդէպ կիրառած իր ծաւալապաշտ քաղաքականութիւնը ու անոր առթած թէժացած միջպետական յարաբերութիւնները, միայն վառօդի հոտով համակած մթնոլորտով լուծելու եւ ռազամատենչ յոխորտագին ոճով  ուղղակի միջամտութեամբ երկիրներու ներքին համակեցութեան հրահրումով, յագուրդ կու տայ իր մեծապետական ծրագիրներուն, որոց գլխաւոր վերնագիրները, դէպի հարաւ նոր շուկաներու փնտռտուքն է, ուժանիւթի հոսքը իր նախասիրած ճանապարհներով անցնելն է դէպի միջազգային շուկայ եւ հանգիստ Փան-թուրքիզմի երազը իրականացնելը: Այս յարաբերութիւններու ցաւոտ օրինաչափութեան  կը հետեւին` Սուրիան, Իրաքը, Կիպրոսը, Եգիպտոսը, Սէուտական Արաբիան եւ Միացեալ Էմիրութիւնները, երկարելով շարքը մինչեւ Լիպիա, գումարած Յունական կղզիներու հանդէպ ապօրինի ծովային հետախուզութեան աշխատանքները: Թուրքիա, իր ռազմատենչ բացայայտ յայտարարութիւններով, ոտնակոխելով միջազգային բոլոր միջ-պետական հասկացողութիւնները ու համաձայնութիւնները, խնդիր ունի՝ օր ցերեկով տիրանալու այդ երկիրներու բնական հարստութեան, որպէսզի կարենայ մատակարարել իր զինուորական անկախ գերուժ դառնալու ծրագիրները ու լուծել իր երկրի ուժանիւթի հարցերը:

 

  • Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւնները միշտ կ՚ենթարկուին պարանաձգութեան: Պարագայաբար, Թուրքիա կը փորձէ քաղաքական ճնշում կիրարկել Ռուսաստանին վրայ: Այդ մէկուն թատերաբեմը կը թէժանայ՝ երբ առաջ կը քշէ Խրիմի թաթարներու իրավիճակին կապակցաբար, թերակղզիին մէջ մարդկային իրաւանց ոտնահարման հարցեր, կամ առ այդ  վերահսկողութեան մեքանիզմներ քննելու եւ Խրիմի թաթարներու տունդարձի եւ մշակութային ազատութեանց խինդիրներ հրահրելով: Այս օրինակով, մերթ կը տեսնենք չեչեններու հետ կապուած օրակարգը  բարձրաձայնելու խնդիր նաե՛ւ, կամ Ռուսաստանի կողին մէջ սեպ խրուած ծայրայեղ իսլամիստ ահաբեկիչներու աջակցութիւն ներբողելու քաղաքականութիւն, ինչպիսին է Տաղստանի մէջ ծայրայեղ իսլամականներու ներկայութեան պատուհասը: Յիշեցման կարգով կ՚արժէ արձանագրել, որ քրտական խաղաքարտը միշտ օգտագործած է Ռուսատանը, սանձելու Թուրքիոյ ծաւալապաշտ քաղաքականութիւնը: Այսօր, նոյն թափով այդ մէկը չենք տեսներ միջ -պետական իրենց յարաբերութիւններուն մէջ, ուր Ռուսաստան մեկնած իր այժմու կայսերական խնդիրներէն, լայն հասկացողութեան փոխադարձ եզրեր գտած է, Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հետ :

 

 

 

 

  • Այլ թէժ խնդիր, որ պարագայաբար գլուխ կը ցցէ՝ նեղուցներու հարցն է, Տարտանելի ու Վոսփօրի: Թուրքիա պարագայաբար անտեսելով միջազգային այս կապակցաբար կարգաւորող համաձայնագրերը, սպառնալիքի լեզուով՝ ռուսական դրօշը կրող նաւերուն «տաք ջուրեր» իջնելուն Կ՚ընդդիմանայ, մէյ մը բնապահպանման պատրուակով կամ զինուորական ապահովական նկատարումներով: Ռուսաստան, համապասախան կոպիտ պատասխաններով մինչեւ պատերազմ հռչակելու սպառնալիքով ընդհանրապէս փոխադարձած է, Թուրքիոյ կողմէ նետուած ձեռնոցին, կոտրելով թրքական սրուած պարծենկոտ մագիլները: Քաղաքական «հասկացողութեան» տարազին մէջ, առ այսօր լուծուած են թրքական մեծամիտ Նոր-Օսմանական ախորժակները: Սակայն պէտք է ընդունինք, թրքական յոխորտագին Դամոկլեան սուրը միշտ առկայ է եւ կախուած նեղուցներու կամուրջներուն վերեւ, սպառնալով ռուսական կայսերական շահերու կրճատումին Միջերկրականի մէջ, ի հաշիւ թրքական առաւելի շեշտակի առկայութեան տաք ջուրերուն մէջ:

 

  • Այս օրերուն, Ռուսաստանը իր կայսերական ախորժակները սրած է, աւելի լայն օղակի մէջ փնտռելով իր կայսերական շահերը ապահովելու կռուանները, դուրս ելլելով հարաւ կովկասեան սահմանափակ հաշուարկներէ: Այսպէս, Սուրիոյ հիւսիսի թրքական նկրտումներուն «հանդուրժողականութիւն» ցուցաբերելով եւ Արցախի հարցով ուղղակի թրքական ներկայութեան վաւերականութիւն շնորհելով, Թուրք զինուորներու դիտարկման միացեալ կեդրններուն այո՛ ըսելով, սին փորձով աչքի փոշի ցանելով հայկական կողմին, պատրուակելով, որ այդ կեդրոնները Արցախի տարածքին վրայ պիտի չհաստատուին: 44 օրեայ պատերազմի օրերուն, թէ՛ Թուրքիա եւ թէ՛ Ազրպէյճան պաշտօնապէս մերժեցին թրքական  եւ օտար ուժերու զինուորական ներկայութիւնը Արցախի տարածքին: Սակայն այսօր, ռուսական թոյլտուութեամբ յականէ անուանէ թրքական դրօշով ման կու գան Շուշիի մէջ, բան մը որ շատ սուղ գին է ի հաշիւ հայկական կողմին: Այս բոլոր հանգամանքներուն Վրայ պէտք է գումարել այն ակներեւ դրոյթը, որ Արցախի վրայ թուրք-ազերիական պատերազմի ժամկէտը, կը համընկներ Սուրիոյ տարածքին Թուրքիոյ դիտորդական ռազմական հետախուզական կեդրոններու տեղաշարժով դէպի Իտլիպի շրջան: Ռուս-թրքական լիակատար քաղաքական փոխըմբռման ձեւակերպումով իրականացած այս տեղաշարժը, միամիտ պէտք է ըլլալ եւ չտեսնել այդ ամէնուն մէջ աւե՛լի մեծ կայսերական շահեր ապահովելու խնդիր, որուն հիմնական առանցքը կը կազմէ Ռուսական զօրքերու վաւերական ներկայութիւն դրոշմելը հարաւային Կովկասի մէջ, որպէսզի աւելի մօտ ըլլայ քարիւղի եւ կազատար խողովակներու ակունքներուն, ի հեճուկս Փան-թուրքիզմի ահագնած վտանգին,  չկարեւորելով այդ ազդակը՝ աշխարհաքաղաքական իր հաշուարկներուն մէջ: Մեր կարգին, պէտք է Հայկական խաղաքարտը վերածենք «անուշ պատառի», զարգացնելով ազգային մեր իւրայատկութիւնները եւ ձեռք բերելով նորարարութեամբ օժտուած այնպիսի ռազմական, տնտեսական եւ գիտահետազօտական առաւելութիւններ, ուր ամէն շահագրգռուող ուժ , փորձէ օգտուիլ մեր մատուցելիք դրոյթներէն: Բնական է, այս ամէնը կ՚իրականան կողմերու փոխադարձ քաղաքական շահաւէտ գործակցութեամբ ու հասկացողութեամբ: Պէտք է լաւ ընբռնել Ռուսական արդի ռազմավարական խնդիրները, ուր անոր ձեւաչափը կարելի է հասկնալ հետեւեալ մտածումին մէջ, արտայատուած ռուս բարձրագույն պաշտօնատարի կողմէ. «չկասկածի՛ք, որ մեր զօրքը մէկ օր անգամ չի մնար Արաքսի ափին, եթե այդ չբխի մեր կայսերական շահերէն, և հակառակը՝ հոն կը մնանք, եթե անգամ ձեր հայոց հողի վրայ բնակուին Ճորճ Սորոսի ծրագիրներու 3 միլիոն ներկայացուցիչներ»: Հաշուի առնելով նոյնի՛սկ, որ տուեալ տողերը կրնան նախագահ Փութինին չպատկանիլ, բայց կ՚արտացոլան ողջ ԿԱՅՍԵՐԱԿԱՆ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ռազմավարական էութիւնը եւ կը խտացնեն աշխարհաքաղաքական ռուսական սպիտակ արջի պահուածքը: Վերջապէս, կայսերական Ռուսաստանի վարպետ մէկ շարժումին ականատեսը եղանք, ուր յաջողեցաւ լուսանցքային դերի մէջ պահել, ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի մնացեալ երկիրները՝ Արցախեան գոյապայքարի հանգուցալուծման պատկերացումներու վճռորոշ դեր ունենալէ, չեզոքացնելով իրենց համանախագահի որեւէ գործնական դերակատարութիւնը, ներկայացնելով տխրահռչակ եռակողմ յայտարարութիւնն ա՛լ, որպէս կատարուած իրողութիւն՝ իրենց ու համայն աշխարհին:

Այսուամենայնիւ, պատասխան պէտք է գտնենք մեր բացթողումներուն, հասկանալով թէ Ռուսաստան զգալիօրէն ինչո՞ւ երես դարձուց մեր ազգային ռազմավարական շահերուն: Կենսական  է ուրուագծել ապահով ելքը մեր խնդիրներուն ու զարգացնել վերանորոգ նոր մարտաւարութիւն, հիւսիս – հարաւ ուղղահայեաց  նշանացողին մէջ տեսնելով ռազմավարական մեր conditio sine qua non-ը, սկսելով Մոսկուայէն՝ հասնելով Թեհրան, փոխ շահաւէտ մշակուած քաղաքականութեամբ եւ ռազմավարական միացնող հասարակ յայտարարներ գտնելով եռեակ բնական դաշնակիցներու միջեւ:

 

  • Վերջերս Թրքական զօրքերու կուտակումը Իգտիրի ռազմակայանի մէջ եւ թուրքիոյ «մէճլիս»ի Ազրպէյճան զօրք ուղարկելու որոշումը, դէպի Թուրանիայի խորը հասցնող ակնյայտ գործնական պատրաստութիւններու շարքին պէտք է դասել: Մինչ, Թուրքիա դժգոհ կարգ մը արեւմուտեան պետութիւններու կեցուածքներէն, ՕԹԱՆ-ի լարախաղին վրայ վարպետօրէն «ԲԵՀԼԻՎԱՆ»-ութիւն կը խաղայ: Միւս կողմէ, իր մթերանոցները  հարստացնող ռազմամթերքի տեսակները, բազում աղբիւրներէ ապահովելով, մանաւանդ Ռուսական տիպի S-330 եւ S-400 հրթիռներու ներկայութիւնը իր զինանոցին մէջ՝ պատճառ եղաւ, որ ՕԹԱՆ-ն յայտարարէ, թէ «Ռուսիան կը շարունակէ յամառ քաղաքականութիւններու թշնամական արարքներ գործադրել եւ կանոնաւոր կերպով ՕԹԱՆ-ի անմիջական սահմանին մօտ գտնուող շրջաններուն մէջ զինուորական ահաբեկումի գործողութիւններ կը կատարէ: Ատիկա շինիչ երկխօսութեան արգելք կը հանդիսանայ»:

Գերուժերու խաղին մէջ ուժանիւթի անցման ճանապարհները եւ ջրային աւազանններու ու գետերու ակունքներուն տիրութիւն ընելու ախորժակները, առանցքային դեր խաղացին վերջին Արցախեան  պատերազմին, ուր համոզում դարձուց այն վարկածը, թէ  երկուստե՛ք այդ թիրախները խնայելու կարմիր գիծեր կան հրետանի եւ պալիսթային զէնքերու հարուածներէն:

Աչքի առաջ առնելով, որ Սուրիան զոհն է ուժանիւթի փոխադրութեան եւ արտահանման միջազգային ուժերու մրցակցութեան դասաւորումներուն, պէտք է մեր քաղաքական հնարաւորութիւնները լարենք, որ հայաստան նոյն ճակատագրին չենթարկուի, մեր կարգին ներկայացնելով տարբերակներ, որոնք կը խանգարեն այդ ծրագիրները:

Այս բոլոր զարգացումներուն ի տես՝ Թուրքիա, մէկ կողմէ իր ոտքը խրած Արաքսի արեւմտեան ափին մէջ, միւս ոտքը երկարելով մինչեւ Չինաստանի պարիսպը՝ Ուղուր-Թուրքմէն եղբայրներուն արօտավայրերը, իր ՄԵԾ ԵՐԱԶը իրականացնելու հեւքոտ  ճիգին մէջ, պատրաստ է կուլ տալու իր առաջ ցցուած Հայկական հողային տարածքներ, հեշտացնելու իր նկրտումները դէպի Գորշ Գայլի պատմական ակունքներուն, ահաբեկելով ողջ մարդկութիւնը անոր ոռնոցով:

Ժան Հալլաճեան

14 Դեկտ., 2020

Թորոնթօ-Գանատա

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.