Յանձնակատարին Սինն Ու Զարհուրելին

«Հայրենիք» – Խմբագրական

Զարհուրելի Զարեհ․․․Սին՝ Սինանեան։

Ճիշդ չի նկատուիր անձ մը կամ անհատ մը քննադատելը, երբ ան կը ներկայացնէ երկիր մը, պետութիւն մը եւ պետական պաշտօն մը։ Սակայն, երբ խնդրոյ առարկայ անձը «Ես»-ն ու սեղմ շրջանակը կը դասէ ազգային շահերէն վեր եւ, աւելին, կը կոխկռտէ «կարմիր գիծ»-ը, հարցը կը դառնայ լուրջ եւ ահազանգային: Հետեւաբար, նման արարք գործողին դէմ անխուսափելի կը դառնայ ծանր ածականներու գործածութիւնը, որովհետեւ խնդրոյ առարկայ անձը ի՛նք եղած է առաջին սայթաքողը եւ անոր արարքներն ու խօսքերը մղում կ’առնեն անձնական մութ հաշիւներէ, կ’արհամարհեն ազգային  շահերը։

Ըսենք՝ առանց բառերը ծամծմելու. սին եւ սնոտի է Զարեհ Սինանեանի՝ իբրեւ Հ.Հ․ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար կատարած աշխատանքը, որ կրկին ու կրկին կ’ապացուցէ, թէ յանձնառու է միայն զինք նշանակողին եւ ո՛չ թէ պետութիւն կոչուած արժէքին:

Զարհուրելի է Զարեհ Սինանեանի անկատար յանձնառութիւնը։

Հաւանաբար, ան իր պաշտօնին ու առաքելութեան կողմնացոյցը կորսնցուցած է, երբ ձաբռտուքներ կ’արձակէ մերթ ընդ մերթ։ Գլուխ-գործոց մըն էր մանաւանդ իրեն նման պնակալէզներու, իշխանաւորին հլու կամակատար քարոզչական մեքենաներէն՝ «Առաջին Հայկական» պատկերասփիւռի կայանէն տրուած հարցազրոյցը, Մայիս 12-ին (https://www.1in.am/3111122.html)։  Զրուցավարն ալ, այլ լծակ մը՝ ներկայ իշխանութեան, իր հարցումներու բառամթերքովն ու բնոյթովն իսկ կը բացայայտէր, թէ բեմադրութիւնը սկիզբէն պատրաստուած էր (նման՝ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ շնորհուած ու բեմադրեալ հարցազրոյցներուն):

Այսօրուան մեր խօսքը հարցադրողին եւ հարցումներուն մասին չէ, այլ՝ անպատասխանատու պատասխանողին նո՛յնքան այլանդակ պատասխանին մասին։

Նախ եւ առաջ, երբ երկրին ղեկը ստանձնողը այլանդակ հոսանքի մը կամ կուսակցութեան մը (այս պարագային «Իմ Քայլ» կամ «Քաղաքացիական Պայմանագիր») կը պատկանի, անոր կամքին ենթակայ պաշտօնատարն ալ բնականաբար չի կրնար իր անմիջական միջավայրն ու հաշիւները մէկդի դնելով իրականացնել իր պարտականութիւնը, ինքզինք զերծ պահելով նեղմիտ վերլուծումներէ եւ ցեխարձակումներէ: Իսկ երբ գործածուած բառամթերքը յար եւ նման է փողոցային բամբասանքի եւ զրպարութեան, Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարը խղճալիօրէն շեղած կ՛ըլլայ իր յանձն առած պարտականութենէն, աւելի՛ն՝ կը բացայայտէ իր իշխանաւորներուն դիտաւորութիւնը, այսինքն՝ Սփիւռքը եւս պառակտելու «ազնիւ նպատակը»… Եւ այդ ալ՝ ի՜նչ «թայմինկ», երբ այս տարի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա․ կաթողիկոսի կոչին ընդառաջելով, գործի լծուած ենք՝ նշելու «Սփիւռքի Տարի»-ն։ Վեհափառը մեր եկեղեցւոյ ամէնէն բարձրաստիճան առաջնորդն է, որուն հետ տեսակցած է գլխաւոր յանձնակատարը եւ հարցազրոյցին մէջ ալ հպանցիկ եւ կիսատ-պռատ բացատրութեամբ կը փորձէ պղտոր ջուրի մէջ ձկնորսութիւն կատարել, իր ենթադրութիւններն ու եզրակացութիւնները պատշաճեցնել․․․ ամենայն անպատշաճութեամբ։

Յստակ է, թէ ղեկավարի դիրքի վրայ գտնուող պաշտօնատարի մը պարտականութիւնը շատ աւելի դժուար է, քան ընդդիմադիր հոսանքին պատկանող անձի մը դիրքորոշումը։ Եւ ամենադոյզն սխալ արտայայտութիւնն ու կեցուածքն իսկ կրնայ դուռ բանալ տարակարծութեան եւ ընդհարումի։

Անգամ մը եւս կրկնենք։ Իբրեւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ի հաւատարիմ արարած՝ պարոն Սինանեան ազատ է այցելելու զանազան գաղթօճախներ, հիմնելու համար իր պատկանած կուսակցութեան կորիզներն ու կեդրոնները։ Մինչեւ հոս՝ ոչ մէկ արգելք, այնքան ատեն, որ Զարեհ Սինանեան իր կազմակերպական աշխատանքը կը կատարէ անձամբ եւ անշուշտ առանց պետական գանձարանէն օգտուելու, սակայն երբ Հ․Հ․ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի անունով կը կատարուին այս սին եւ սնոտի աշխատանքները, այդ պարագային անտառի քաղաքականութիւնն է, որ կը կիրարկուի։

Լաւ պիտի ըլլար, որ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարը ամենայն բծախնդրութեամբ թղթատէր եւ ուսումնասիրէր «Սփիւռքն ու Սփիւռքահայերը» հաստափոր թղթածրարը։ Այն օրերուն, երբ պարոն Սինանեան Կլենտէյլի քաղաքապետութեան մէջ բարձր պաշտօնի չէր հասած (եւ գաղտնիք չէ, թէ որո’ւն աջակցութեամբ հոն հասաւ յետոյ), Սփիւռքն ու սփիւռքահայը որքա՜ն միակամութեամբ, ու մէկդի դնելով կուսակցական պատկանելիութիւնները, ամէն գնով պայքարեցան անարդար եւ միակողմանի համաձայնագիրներ կնքելու փորձերուն դէմ, որոնք կը հետապնդուէին թէ՛ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ թէ՛ Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան օրերուն։

Հուսկ, փողոցային բառամթերքի դիմելու պէտք չունինք, մանաւանդ, որ մեր թերթը Սփիւռքի մամլոյ երիցագոյն անդամն է: Մենք գիտենք, թէ ինչպէս պէտք է յարգենք մենք զմեզ ու յարգանքի արժանի՝ դիմացինը: Այսուամէնայնիւ, հետեւելով «Սփիւռքի երիտասարդ դեսպան»-ներ պատրաստող հնգալեզու շրջաբերականներուն, այս կարճ «Առ ի գիտութիւն»-ն ալ կ’արժէ նկատի ունենալ եւ տարածել առ որ անկէ։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.