Յայտարարութիւն. Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան 100-ամեակի համագաղութային նշում Գանատայի մէջ
1918-ի մայիսեան վճռորոշ յաղթանակներու վաղորդայնին հռչակուած Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը, կարճ ժամանակահատուածի մը մէջ իր բազմաթիւ իրագործումներով, անջնջելի աւանդ թողած է մեր պատմութեան մէջ ու անժամանցելի է իր պատգամը հայկեան սերունդներուն։ Օրհասական պահու մը ընդմէջէն իր ծնունդով՝ Մայիսի 28-ին վերականգնեցաւ հայոց պետականութիւնը, որ շուրջ ինն դարեր դադրած էր գոյութենէ՝ իր իսկ բնօրրան Հայկական Բարձրաւանդակին մէջ: Մեր պատմութեան վերջին ժամանակահատուածին կոթողուած այս պետականութիւնը պահեց ու տակաւին կը պահէ’ իր կենարար ներկայութիւնը մինչեւ այսօր:
Մէկ դար առաջ, Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած հարիւր հազարաւոր գաղթականներով ծանրաբեռնուած եւ իր վրայ տարբեր ճակատներու վրայ պարտադրուած պատերազմներով ճնշուած՝ հայ ժողովուրդի առաջին ժողովրդավար հանրապետութիւնը կայացաւ բազում զոհողութիւններու գնով։ Յաղթական Սարդարապատէն մինչեւ Ղարաքիլիսա ու Բաշ Ապարան հայ ժողովուրդի միահամուռ ծառացումը, հիմնադիր սերունդի անմնացորդ նուիրումն ու կամքը, եւ վերջապէս՝ հայոց նորակազմ բանակի դիւցազնական սխրանքները քարտէսի վրայ ետ տեղադրեցին այն ինչը, որ մինչեւ օրս կը կոչենք ազատ ու անկախ Հայաստան:
Գանատայի մէջ գործող հայ ազգային երեք քաղաքական կուսակցութիւնները,– քաջ գիտակցելով, որ այսօրուան մեր անկախ հայրենիքը անվիճելի իրաւայաջորդն է 100 տարի առաջ կերտուած հանրապետութեան,– որոշած են պատշաճ շուքով եւ պաշտօնական հանդիսութիւններով նշել հայոց պատմութեան այս կարեւոր յոբելեանը։
Միանալով կայանալիք պետական եւ սփիւռքեան համահայկական հանդիսութիւններու ալիքին, այժմէն իսկ կոչ կ’ուղղենք Գանատայի մէջ գործող տարբեր կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն համախմբուելու համագաղութային այս նախաձեռնութեան շուրջ՝ նշելու համար մեր լինելութեան դարձակէտը հանդիսացող սարդարապատեան խոյանքներուն եւ անոնց ծնունդ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայոց շարունակական պետականութեան հիմնադրման 100-ամեակը։
Հայութեան պահանջատիրական դատին ծառայելու պատրաստ՝ կը գիտակցինք, որ հզօր Հայրենիքն ու յանձնառու Սփիւռքը, որպէս զիրար ամբողջացնող լրացուցիչ բաղադրիչներ, պիտի ամրագրեն հայութեան միասնակամ երթը եւ ամբողջական Հայաստանի կերտումի հաւատոյ հանգանակը։
ՍԴՀԿ Գանատայի Շրջան
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէ
ՌԱԿ Գանատա