Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Խաղաղութիւն Կրնայ Ըլլալ Միայն Հաւասարութեան Հիմքի Վրայ Եւ Արդարութեան Հաստատումով»

5 նոյեմբերին Փարիզի «Այբ. Էֆ.Էմ.» հայկական ռատիոկայանի հիւրն էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

Հաղորդումին ժամանակ անդրադարձ կատարուած է ՀՅԴ-ի վերջին Ընդհանուր ժողովին ժամանակ Դաշնակցութեան որդեգրած ռազմավարական որոշումներուն, Հայաստան-սփիւռք գագաթնաժողովին, հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, 30 հոկտեմբերին  Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքին եւ իբրեւ այդ համաարցախեան հանրահաւաքի արձագանգ` 5 նոյեմբերին Երեւանի մէջ կայացած Միասնութեան հանրահաւաքի նշանակութեան մասին:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ որն է 5 նոյեմբերի հանրահաւաքի նպատակը` Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նշած է. «Նպատակը Արցախին նեցուկ կանգնիլն է, յանուն Արցախի, յանուն հայրենիքի միասնական նպատակի հետապնդումը: Անիկա շարունակութիւնն է 30 հոկտեմբերին Ստեփանակերտի հանրահաւաքին, որպէսզի Արցախի ժողովուրդը զգայ, որ Հայաստանը իր կողքին է եւ ոչ մէկ ձեւով պիտի հրաժարի իրեն օժանդակելէ եւ ամուր կանգնած է Արցախի իրաւունքների կողքին»:

Անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու «խաղաղութեան օրակարգին»` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը նշած է, որ ատիկա Հայաստանին պարտադրուած կեղծ օրակարգ է, մոլորեցնող քայլ: «Մենք գիտենք, որ յաղթող կողմը մեծահոգութեան շնորհիւ չէ, որ կ՛երթայ խաղաղութեան: Ընդհակառակը` Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի նման թշնամի երկիրները, որոնք Հայաստանի պարտութեան եւ արեան հոտը առած են, կը ձգտին հասնիլ առաւելագոյնին: Մինչդեռ խաղաղութիւնը կրնայ ըլլալ միայն հաւասարութեան հիմքի վրայ եւ արդարութեան հաստատումով», ըսած է Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.