ՄՏԱԾԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՑՈՅՑԵՐԸ ԸՍՏ ԹԻՒԻ, ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՄՆԱՒՈՐՄԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ԲՈՂՈՔԻ

Յ. Պալեան

Միայն մէկ միջոց կայ տապալելու համար պատերազմը ժողովուրդներու միջեւ. տապալել տնտեսական պատերազմը:

Ժան Ժոռես, ԺԹ-Ի ԴԱՐ

 

            Հայաստան ամէն օր ցոյցեր եւ բողոքի երթեր կան: Տեւող ցոյցերը դժգոհութեան վկայութիւն են: Երբ մարդիկ օրերով եւ շաբաթներով ցոյց կ’ընեն, քաղաքացին եւ իշխանութիւնը պահ մը պէտք է մտածեն տեւող ընդվզումի ալիքի պատճառներուն մասին:

            Հայը, Հայաստան թէ սփիւռք, կրնա՞յ անտարբեր ըլլալ, չըլլալ թեր կամ դէմ, մանաւանդ չխորհիլ, որ հակառակ երկրի եւ քաղաքացիի դիմագրաւած արտաքին դժուարութիւններուն, ինչո՞ւ անդադրում ցոյցեր տեղի կ’ունենան ամբողջ երկրին մէջ, կը տեւեն շաբաթներ, կանգ չեն առներ, պառակտում կայ:

            Ցոյցերու պատճառները, նպատակը եւ կարեւորութիւնը կարելի չէ չափել եւ դատել ըստ մասնակիցներու թիւին: Լրագրողը, քաղաքական պատասխանատուն, ողջախոհ քաղաքացին, մեր պարագային նաեւ սփիւռքը, պէտք է իրաւախոհութեամբ մտածեն եւ գնահատեն ցոյցերը, անոնց տուն տուող արտաքին եւ ներքին պատճառներու լոյսին տակ:

            Աւելի պարզ. ցոյց մը դատապարտելէ առաջ, քաղաքացիական պարտք է տեսնել եւ հասկնալ պատճառները, այլապէս կը խրինք նեղմիտի կողմնապաշտութեան եւ անհանդուրժողութեան մէջ:

            Ո՞վ ինքնիրեն հետ հաշտ ըլլալով կրնայ ըսել, որ Հայաստան խաղաղ եւ բարօր երկիր է, պարտուած չէ, շարունակուող նախայարձակումներու ենթակայ չէ:

            Կրնա՞նք հարց չտալ, թէ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ Հայաստան ծանր պարտութիւն կրեց 44-օրեայ պատերազմին, հակառակ յաղթելու ենքի ճոռոմաբանութեան, որ զանգուածները քնացուց, դարձուց անիրատես::

            Այսօր Հայաստան ունի՞ վերականգնումը առաջնորդող ռազմավարութիւն, թէ՞ դարձած է կամազուրկ երկիր եւ կը սպասէ, որ տարբեր ուժեր, կարծեցեալ բարեկամներ, եւ թշնամիներ, որոշեն իր ճակատագիրը եւ իրաւունքները: Այս՝ միամիտի հրաշքի ակնկալութիւն է, իսկ քաղաքականութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ հրաշքներ չկան:

            44օրեայ մեր մղած «սիրողական»ի (amateur) պատերազմէն եւ մեզ հոգեպէս ընկճած պարտութենէն ետք, հակառակ Եռակողմ կոչուած Զինադարարի համաձայնութեան եւ անոր նախատեսած պայմաններուն, ամենաթողութեան ինքնաշնորհուած իրաւունքով, Հայաստանի տարածքէն անհսկելի կամայականութեամբ շերտեր կը գրաւուին:

            Նոյն Եռակողմ յայտարարութեամբ ըսուած էր, որ ռազմագերիները պիտի վերադարձուէին ամէնքը ամէնքի դէմ սկզբունքով: Բայց դեռ Ազրպէյճանի մէջ կը պահուին հայ ռազմագերիներ, որոնց թիւին մասին կ’ըլլան տարբեր գնահատումներ: Պետութիւն մը կրնա՞յ չգիտնալ իր ժողովուրդի ռազմագերիներու թիւը, եւ ինչպէ՞ս կրնայ ընդունիլ, որ պատերազմէն մէկուկէս տարի ետք, թշնամին ռազմագերիներ պահէ եւ ինք անոր հետ շարունակէ բանակցիլ այլ խնդիրներու լուծման համար:

            Ռազմագերիներուն տէրը ազգն է, եւ արդար է բողոքել անոնց ազատութիւնը պահանջելով:

            Այս մասին Հայաստան, եւ մանաւանդ Եռակողմ յայտարարութիւնը ստորագրող երրորդ կողմը, որ Ռուսիոյ դաշնութիւնն է, կրնա՞ն լուռ մնալ, ընդունիլ, որ համաձայնութիւնը չյարգող կողմին հետ բանակցութիւններ վարեն: Այս կը նշանակէ, որ Հայաստան ենթակայ է յաղթողի տիքթաթներուն, բայց ինչպէ՞ս հասկնալ, որ երրորդ կողմը, որ մեծ եւ հզօր պետութիւն է, ընդունի անտեսումը ամէնը ամէնի դէմ համաձայնութեան:

            Միջազգային յարաբերութիւններու ըմբռնումով համաձայնութեան դրժում կայ: Եւ հարց կը ծագի, թէ շարունակուող բանակցութիւնները ի՞նչ բանի համար են, ո՞ր սկզբունքին կը հետեւին, ո՞ւր հասնելու համար:

            Եռակողմ յայտարարութեամբ հաստատուած զինադադարէն ետք, կրնա՞նք ըսել, որ պատերազմը դադրած է, երբ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներուն վրայ կը հաստատուին օտար զինուորական ուժեր, օր մը բլուր մը, յաջորդ օրը գիւղ մը, ճամբայ մը կը գրաւուին: Իշխանութեան քննադատութի՞ւն կ’ըլլայ հարց տալ,  թէ պատերազմի դադարեցումէն ի վեր, անցնող մէկուկէս տարուան ընթացքին, քանի՞ քառակուսի քիլոմեթր հողաշերտեր բռնագրաւուած են թշնամիին կողմէ: Եռակողմ յայտարարութեան երաշխաւոր պետութիւնը, Ռուսիոյ դաշնութիւնը ինչպէ՞ս կը վերաբերի Լենկթիմուր եւ Ճենկիզ խան յիշեցնող, քաղաքակիրթ եւ միջազգային ընդունուած բարոյականը խախտող յարձակապաշտութեան:

            Այս պայմաններուն մէջ ո՞վ եւ ինչպէ՞ս սահմանազատում եւ սահմանագծում պիտի ընէ, երբ Ազրպէյճան ամէն օր արդէն զինու զօրութեամբ սահման կը գծէ:

            Իր ժողովուրդի իրաւունքին գիտակից քաղաքացին, պարտադրուող հակազգային որոշումներու ի լուր եւ ի տես, կրնա՞յ լուռ մնալ, չբողոքել: Չբողոքել՝ ի՞նչ շահելու եւ որո՞ւ ծառայելու համար: Ո՞ր բարոյականի ծառայելու համար պէտք է լռել: Ինչպէ՞ս բանակցիլ երկրի մը եւ անոր ղեկավարներուն հետ, որոնք պատերազմի աւարտէն մէկուկէս տարի ետք ռազմագերիներ կը պահեն:

            Ռազմագերի՞, թէ նախնական ընկերութիւններու անտառի օրէնքով պատանդ: Ինչո՞ւ, ինչպիսի փոխանականութեան մը համար:

            Եւրոմիութեան հետ ժողովներ կը գումարուին, «կարեւորներ» մէկ օդանաւէն միւսը կը ցատքեն, կը խօսին, թատերական եղանակով խօսափողներու առջեւ, յայտադարութիւններ կ’ընեն, ռազմագերիները կը մնան Ազրպէյճանի բանտերուն մէջ:

            Լռե՞լ:

            Ռազմագերիները մոռցած, կը խօսին քարտէսներու եւ սահմաններու մասին:

            Ինչո՞ւ չենք խօսիր, չեն խօսիր այն քարտէսներու եւ այն ԻՐԱ՛Ւ սահմաններու մասին, երբ Հայաստան Աշխարհ չէին խուժած Ասիոյ խորերէն եկող ասպատակողներ, որոնք իրենց զէնքով, ջարդերով եւ աւերներով, մահերու եւ արեան ընձեռած իրաւունքով, սահմաններ գծած են:

            Միջազգային համայնքը, որ զանազան անուանումներ ունի. քաղաքակիրթ աշխարհՄիացեալ Ազգերու ԿազմակերպութիւնՄիջազգային ԴատարանՄարդու Իրաւունքի Տիեզերական յայտարարութիւն: Վատութեամբ, այդ միջազգային համայնքը իր բարոյական շպարով ներկայացող յայտարարութիւններուն տէր չի կանգնիր, եւ կը փորձէ, ճապկումներով, ծառայել հզօրներու փառասիրութիւններուն, մեծ եւ պզտիկ գեղագիտական (կոսմետիկ) միջամտութիւններով, բայց մանաւանդ՝ իւրաքանչիւրը իր տնտեսական շահերուն. նաւթ, զէնքի առեւտուր, մոլորակը դարձնելով սպառման շուկայի մրցադաշտ:

            Հայը, Հայաստան եւ հայրենահանուածներու սփիւռք, իրաւունք ունի պահանջելու, պէտք է պահանջէ իր իշխանութիւններէն, ղեկավարութիւններէն, որ բացորոշ կերպով յայտարարուի, թէ ի՞նչ կը թաքցնեն գրաւոր եւ մանաւանդ բանաւոր համաձայնութիւնները, պահանջուած եւ ծրագրուած ի՞նչ կայ սահմանազատումներու եւ սահմանագծումներու, դեմարկացիայի եւ դելիմիտացիայի կարծեցեալ խաղաղութեան եւ արդարութեան աճպարարութիւններու ետին:

            Ինչո՞ւ յանդգնութեամբ, հայ ժողովուրդի դարերու պատմութեան մէջ արձանագրուած իրաւունքով դելիմիտացիա եւ դեմարկացիա պիտի չպահանջուի, աշխարհի իրաւարարութեան իրենք զիրենք կոչածներէն, ըսելով, որ Անի, Նախիջեւան, Վան, Սասուն, Մուշ, Բերկրիի դաշտ, Արածանի, Վան Ախթամար, Ուտիք-Փայտակարան Արցախ, հայու հայրենիք են: Ինչո՞ւ եւ ո՞ր սկզբունքով հայէն խլուած են:

            Իրաւ արդարութեամբ սահմանազատում-սահմանագծում պիտի կարենա՞ն ընել ամպագոռգոռ անուններով Մեծ Ժողովները եւ Մեծերը, թէ՞ անարդարութիւններու յաւերժացումը միջազգային շահախնդրութիւններու շուկային վրայ պիտի շարունակեն վաճառել որպէս արդարութիւն:

            Այս շուկային մէջ մեր ժողովուրդը կրնայ միայն կռթնիլ իր ուժին վրայ, միշտ գիտակցելով, որ նահանջի իւրաքանչիւր քայլին միշտ կը հետեւի նահանջի երկրորդ քայլը:

            Ցեղասպանութեամբ սկսած հայաջնջման քաղաքակրթական պայքարը կը շարունակուի: Միջազգային համայնքը պիտի անդրադառնա՞յ, որ հայութեան դէմ շղթայազերծուած պայքարի թիրախը միայն հայն ու Հայաստանը չեն: Քաղաքակրթական մեծ գուպարին փոքրիկ օղակն են Հայաստանն ու հայութիւնը: Հեռու չէ այն օրը երբ այդ գուպարի սահմանները պիտի ընդարձակուին:

            Խելօքներ օր մը պիտի ըսեն, թէ չէինք հասկցած, չէինք գիտցած: Եւ շահախնդրուածի իրենց տգիտութեան գինը շատ սուղ պիտի վճարեն:

            Փոքրիկ ժողովուրդ ենք: Բայց միթէ՞ անկարող ենք այս պատգամը փոխանցել աշխարհին:

            Եւ մեր կարգին, նախ գիտակցիլ մեր գոյութեան սպառնացող վտանգին:

            Այս պատմափիլիսոփայական գաղափարի տարածումով, թերեւս կ’ունենանք իրաւ դաշնակիցներ:

            Նաեւ միշտ պէտք է մտածել բնակչութեան համրանքի մասին, մեր թիւին, որուն համար այնքան իրատեսական խօսք ունի մեր ժամանակակիցներէն Սամուէլ Հանթինկտըն. «Բնակչութիւնը կը ճշդէ պատմութեան ճակատագիրը, ժողովուրդներու տեղաշարժերը անոնց շարժակն են»: Ի՞նչ ըրած ենք եւ ի՞նչ կ’ընենք Հայաստանի բնակչութիւնը երեք միլիոնէն բարձրացնելու ազգի համրանքի, դարձնել տասը կամ քսան միլիոն: Այդ թիւը ունինք տարտղնուած վիճակի մէջ: Իսկ տարտղնումը ուժ չի ստեղծեր, որպէսզի տոկանք եւ տեւենք:

            Մտաւորականութիւն եւ ղեկավարութիւն պէտք է միացնեն այդ համրանքը, որպէս ազգային հիմնական պարտականութիւն եւ քաղաքականութիւն, հեռնկարային ծրագրով, որ կ’անցնի հայրենադարձութեան իրաւութեան ճամբով:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.