Մուսա Լերան Տոհմիկ Երեկոյ Վանգուվըրի մէջ

Շաբաթ 26 Նոյեմբերի երեկոյեան, կազմակերպութեամբ Համազգային Վանգուվըրի «Վարագ» մասնաճիւղին, տեղի ունեցաւ Մուսա Լեռցիներու Տոհմիկ Երեկոն, ներկայութեամբ 75 մշակութասէր հայրենակիցներու։ Ձեռնարկը կը վայելէր ներկայութիւնը՝ Հոգեւոր Հովիւ Հոգշ. Հայր Գարեգին Շխրտմեանի, ՀՅԴ ԿԿ-ի Համազգայինի մօտ ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Թիթառ Տէր Յարութիւնեան Քէօշկէրեանի եւ տեղւոյս միութեանց ներկայացուցիչներու։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարչութեան փոխ-ատենապետ ընկեր Ռաֆֆի Չափարեանը, որմէ ետք ան հրաւիրեց Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամ եւ Վանգուվըրի մօտ ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Էօժենի Բարսեղեանին, փոխանցելու իր սրտին խօսքը։ Ընկերուհի Էօժենի բարձր գնահատեց «Վարագ» մասնաճիւղի կազմակերպիչ յանձնախումբին կատարած բծախնդիր աշխատանքը՝ Տոհմիկ երեկոյի պատրաստած յայտագրին առնչութեամբ։ Իր խօսքի աւարտին, ընկերուհին բեմ հրաւիրեց Շաբաթօրեայ «Արազ» վարժարանի աշակերտներէն Փառելի Փանոսեանին, յանձնելու Շրջանային վարչութեան հրատարակութիւններէն, Շողեր Մարգարեանի «Պատանեկան Օրագիր» գիրքը, առ ի գնահատանք Շարադրական մրցոյթին իր մասնակցութեան առթիւ։

Ճոխ յայտագրին ընդմէջէն ցուցադրուեցաւ Համազգային Գանատայի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ՝ ընկհ. Թամար Շահինեանի հեղինակած «Լիռէոն Խայր» վաւերագրական տեսաերիզը, որուն աւարտին ընկերուհին Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան անունով, բարձր գնահատեց մասնաճիւղին աշխոյժ եւ համերաշխհ գործունէութիւնը գաղութէն ներս, եւ բարի երթ մաղթեց դէպի նորանոր նուաճումներու տեսլականով։ Աւարտին ընկերուհին պատասխանեց շարժապատկերին վերաբերեալ ուղղուած հարցումներուն։

Մասնաճիւղիս ատենապետուհի ընկհ. Ազատուհի Մովսէսեան եւս փոխանցեց իր սրտին խօսքը, եւ յուշանուէրներ յանձնեց Շրջանային Վարչութեան երկու այցելու ընկերուհիներուն։ Բեմ հրաւիրուեցաւ Մուսա Լեռցի Տիկին Սանդուխտ Ղուկասեանը, որ ներկաներուն հետ բաժնեց իր կեանքի յուշերէն դրուագներ եւ գիւղական կեանքէն աւանդութիւններ։

Ձեռնարկին յանձնախումբը յանձն առած էր ներկաներուն հրամցնել Մուսա Լերան յատուկ աւանդական աղանդերներ, որոնցմէ յիշենք՝ Քումպան, Պուրման, Ծութընը թրախըկ, Պանտըր հացն ու բաթաթեսով քէոֆթէն եւ զխլով (բանջարով) սարման։

Սրահին մէջ զետեղուած էր Համազգային Վանգուվըրի գրատարածի գիրքերու եւ զարդեղէններու հաւաքածոյ մը, ինչպէս նաեւ ArtouZart-էն հայկական արուեստի ճոխ գործեր, որոնց հասոյթը ամբողջութեամբ նուիրուեցաւ «Վարագ» մասնաճիւղին։ Տեղի ունեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ որոնց հասոյթը միանալով տոմսերու վաճառքէն յառաջացած եկամուտին, ամբողջութեամբ նուիրուեցաւ ձեռնարկի նպատակին՝ Այնճարի մէջ արեւային վահանակներու զետեղման ծրագրին։ Ձեռնարկի աւարտին, Ներկաները խանդավառուելով տիրող ջերմ եւ հայաշունչ մթնոլորտէն, Մուսա Լերան տոհմիկ շուրջպարերով պսակեցին երեկոն։

Համազգային Վանգուվըրի «Վարագ» մասնաճիւղի կազմակերպած սոյն ձեռնարկը առիթ ընծայեց, թէկուզ մի քանի ժամով, ներկաներուն մօտ ստեղծել այնպիսի մթնոլորտ, որ յաջողեցաւ յագեցնել հեռաւոր հայրենի գիւղին կարօտը։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.