Մոնթրէալի Շտապ Օգնութեան յանձնախումբը ՀՕՄի պատրաստած դիմակներու նոր խմբաքանակը յանձնեց Glen հիւանդանոցին
Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի Շտապ Օգնութեան յանձնախումբը, McGill University Health Centre-ի Glen հիւանդանոցի դիմումին ընդառաջելով լծուած է բժշկական դիմակներ պատրաստելու աշխատանքին:
Դիմակները կարելու գործը յանձն առած են Հ.Օ.Մ.-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» եւ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղերու կամաւոր ընկերուհիները:
Մայիս 11ին, Հ.Օ.Մ.-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» ատենապետ Հուրի Զաքարեան, Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի ատենապետ Ֆլորա Կիրակոսեան եւ Հ.Օ.Մ.-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Անի Օհանեան դիմակներու նոր խմբաքանակը յանձնեցին հիւանդանոցի վիրահատման բաժանմունքի մատակարարման խորհրդատու Սթիվ Կոտրոյին։
Ցարդ այս հիւանդանոցին տրամադրուած են ՀՕՄի կողմէ պատրաստուած 3000 բժշկական դիմակներ:
Մոնթրէալի Հ.Յ.Դ. Միհրան Փափազեան կոմիտէի կազմած Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի Շտապ Օգնութեան յանձնախումբին մաս կը կազմեն Հայ Կեդրոնի յարկին տակ գործող միութեանց՝ Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի, Հ.Օ.Մ.-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի, Հ.Մ.Ը.Մ. «Կամք»ի եւ ՀՅԴ Գ.Ե.Մ.ի «Բեկոր Աշոտ» եւ «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղերու վարչական անդամներն ու ներկայացուցիչները։
https://www.facebook.com/hayhorizon/videos/247016553076619/?epa=SEARCH_BOX