Մոնթրէալի Շտապ Օգնութեան յանձնախումբը 1000 դիմակներ կը նուիրէ Մոնթրէալի McGill University Health Centre-ի Glen հիւանդանոցին համար
Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի Շտապ Օգնութեան յանձնախումբը վերջերս լծուած էր բժշկական դիմակներ պատրաստելու աշխատանքին՝ Մոնթրէալի McGill University Health Centre-ի Glen հիւանդանոցի դիմումին ընդառաջելով: Ցարդ այս հիւանդանոցին տրամադրուած են 1000 բժշկական դիմակներ: Դիմակները կարելու գործը յանձն առած են Հ.Օ.Մ.-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» եւ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղերու կամաւոր ընկերուհիները: Արդէն 1000 դիմակներու նոր խմբաքանակը պատրաստ է եւ մօտ ատենէն պիտի յանձնուի վերոնշեալ հիւանդանոցի տեսչութեան:
Մոնթրէալի Հ.Յ.Դ. Միհրան Փափազեան կոմիտէի կազմած Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի Շտապ Օգնութեան յանձնախումբին մաս կը կազմեն Հայ Կեդրոնի յարկին տակ գործող միութեանց՝ Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի, Հ.Օ.Մ.-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի, Հ.Մ.Ը.Մ. «Կամք»ի եւ ՀՅԴ Գ.Ե.Մ.ի «Բեկոր Աշոտ» եւ «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղերու վարչական անդամներն ու ներկայացուցիչները։
https://www.facebook.com/hayhorizon/videos/220570042575571/?v=220570042575571