Մոնթրէալի մէջ քաղաքական բարձաստիճան պաշտօնատարներու մասնակցութեամբ ոգեկոչուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 109-ամեակը

Կազմակերպութեամբ Քեպէգի Հայ Համայնքի Միացեալ մարմնին, Կիրակի, 21 Ապրիլ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 109-ամեակի ոգեկոչում, որուն ներկայ էին Գանատայի ծերակուտականներ՝ Լէօ Հուսաքոս եւ Փիեռ Տալֆոն, Գանատայի Խորհրդարանի նախկին անդամ Էլէնի Պաքոփանոս, Գանատայի խորհրդականներ՝ Անի Քութրաքիս, Ֆայսալ Էլ Խուրի, Էմանուէլա Լամպրոբուլոս, Մարթին Շամբու, Տէօնի Թրուտէլ, Ալեքսանտր Պուլէրիս, Քեպէգի խորհրդականներ՝ Սելին Հայթայեան, Ալիս Ապու Խալիլ, Միշէլ Սէթլաքուի, Սոնա Լախոյեան, Անտրէ Մորին, Վիրժինի Տիւֆու, Մոնթրէալի Քաղաքապետարանի անդամներ՝ Էմիլի Թուիյէ, Արէֆ Սալէմ, Ալան Տըսուզա, Կրասիա Քասոքի Քաթահուա, Տեսփինա Սուրիաս, Էֆֆի Ճիաննու, Մէրի Տերոս, Վանա Նազարեան, Նաթալի Կուլէ, Սթեֆանի Վալէնզուէլա, Գրէկ Սովէ, Շահէ Տարագճեան, Անի Կանիէ, Լաւալի Քաղաքապետարանի անդամներ՝ Սեդա Թոփուզեան, Ալին Տիպ, Սանտրա Էլ Հլու, Վասիլիոս Քարիտոճիանիս, Ակլէա Ռեվելաքիս, օրուան պատգամաբեր «LaPresse»ի լրագրող Ռիմա Էլ Խուրի, յոյն եւ ռուանտական համայնքներու ներկայացուցիչներ, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեան, Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Աբգար Եպսիկոպոս Յովակիմեան, Մոնթրէալի եւ Լաւալի հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր հայրեր, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեան, ՍԴՀԿ-ի եւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան, ինչպէս նաեւ քոյր միութիւններու եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն:

Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ տեսերիզի ցուցադրութեամբ, որ կը բովանդակէր պատկերներ Հայոց Ցեղասպանութենէն, Արցախի պատերազմէն ու բռնի տեղահանութենէն: ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ականներ մուտք գործեցին սրահ՝ Գանատայի, Քեպէգի, Հայաստանի եւ Արցախի դրօշներով, ապա հնչեցին Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգները:

Օրուան հանդիսավար Թալին Ապրաքեան ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ, որուն ընթացքին հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը Ցեղասպանութեան եւ մեր բոլոր նահատակներուն, ապա ըսաւ. «Այսօր այս դահլիճին մէջ գտնուող իւրաքանչիւր հայ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողի մը ժառանգորդն է: Այսօր այս դահլիճին մէջ գրեթէ բոլորը ցեղասպանութեան շարունակականութեան խոր ցաւը կը զգան եւ բոլորն ալ յոգնած են այլեւս լոզունգներ եւ խօսքեր լսելէ: Մենք նախապէս ըսած ենք ու դարձեալ կ’ըսենք, թէ ժխտուած ցեղասպանութիւնը կրկնուող ցեղասպանութիւն է, եւ թէ Ցեղասպանութեան յանցագործութեան նկատմամբ դիմադրական ոչ մէկ արարքի ձեռնարկելը կը քաջալերէ յանցագործները եւ մարդկայնականութենէ կը զրկէ անոր զոհերը»: Անկէ ետք բեմավարը հրաւիրեց Քեպէգի Հայ Համայնքի Միացեալ մարմնի ներկայացուցիչ Սարօ Շիշմանեանը՝ փոխանցելու Միացեալ մարմնին խօսքը: Ան նախ յայտնեց. «Մենք կ’ապրինք այնպիսի աշխարհի մը մէջ, ուր համաշխարհային ուժերն ու կազմակերպութիւնները կը շարունակեն աչք խփել անցեալի վայրագութիւններուն, հրաժարելով ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութեան ցաւալի ճշմարտութիւնը: Հայոց Ցեղասպանութեան անտեսումը ոչ միայն կ’անարգէ միլիոնաւոր զոհերը, այլեւ կը քաջալերէ բռնակալները, որպէսզի շարունակեն իրականացնել նոր բռնութիւններ: Եւ այժմ, տասնամեակներու ժխտման դառն արդիւնքը կրելով, մենք կը յայտնուինք շղթայակապ իրավիճակի մէջ, ականատեսները ըլլալով 2023-ին Արցախի մէջ իրականացած նոր ցեղասպանութեան, քարիւղով հարուստ Ատրպէյճանի կողմէ»: Ապա անդրադառնալով նման բռնարարքներու անտեսումին պատճառներուն՝ ողջ աշխարհի կողմէ, իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Եկէք արթննանք մեր հաւաքական թմբիրէն: Ես կը հրաւիրեմ ձեզմէ իւրաքանչի՛ւրը, կազմակերպութիւններու եւ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչնե՛ր եւ անհատնե՛ր, որ այսօր հոս կը գտնուիք, նախաձեռնելու առնուազն մէկ նախագիծ Հայաստանի մէջ, նպաստելու այդտեղ տարուող բարեգործական աշխատանքներուն, եւ նոր կամուրջներ հաստատելու մեր եւ մեր շրջապատին միջեւ, որպէսզի յայտնաբերենք մեր ժողովուրդին իտէալական յատկութիւնները»:

Անկէ ետք խօսք առաւ Քեպէգի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Պարոյր Ծովիկեան եւ ըսաւ. «Տասնամեակներ շարունակ մենք գոչեցինք, թէ բնաւ պիտի չկրկնուին նման բռնարարքներ, բայց այդ մէկը բաւարար չէ: Այս մէկը սոսկ կարգախօս պէտք չէ ըլլայ, այլ լուրջ գործունէութեան հրաւէր՝ կանխելու համար նոր ցեղասպանութիւններ եւ հատուցելու անարդարութեան ենթարկուածները՝ պատասխանատուութեան կանչելով մեղաւորները: 1915-ին սկսած մէկուկէս միլիոն հայերու ծրագրուած ցեղասպանութիւնը այնքան սարսափելի յանցագործութիւն էր, որուն ահագնութիւնը նկարագրող ոչ մէկ եզրոյթ գտնուած է տակաւին»: Ապա անդրադառնալէ ետք Արցախի հայաթափման եւ անոր նկատմամբ միջազգային ուժերու անտարբերութեան, ան իր խօսքը փակեց ըսելով. «Ի վերջոյ մեր համայնքը ձեր աջակցութեան եւ զօրակցութեան կարիքը ունի՝ տիկնայք եւ պարոնայք, խորհրդարանականներ, պատգամաւորներ եւ պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: Դուք կառավարութեան մօտ մեր ներկայացուցիչներն էք, դուք ժողովուրդին ձայնն էք, դուք էք, որ պիտի պաշտպանէք մարդկային իրաւունքները եւ ձեր ներգրաւուածութեամբ կրնաք կանխել նոր ցեղասպանութիւններ»:

Գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկաւ Trio De L’Ile խումբը, նուագակցութեամբ դաշնակահար Փաթիլ Հարպոյեանի, ջութակահար Uliana Drugova-ի եւ թաւ ջութակահար Dominique Beauséjour-Ostiguy-ի, որոնք ներկայացուցին Արամ Խաչատուրեանէն եւ Առնօ Պապաճանեանէն երկու կտոր:

Խօսք առաւ Գանատայի խորհրդական Անի Քութրաքիս, որ ընթերցեց Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի ուղերձը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 109-ամեակին առթիւ, ապա յաջորդաբար խօսք առին Գանատայի խորհրդականներ Էմանուէլա Լամպրոբուլոս եւ Ֆայսալ Էլ Խուրի, Ծերակուտականի անդամ Լէօ Հուսաքոս, Պլոք Քեպէգուայի անունով՝ Մարթին Շամբու եւ Գանատայի խորհրդական Ալեքսանտր Պուլերիս: Ապա խօսք առին նաեւ Քեպէգի խորհրդականներ Սելին Հայթայեան, Անտրէ Մորին, Սոնա Լախոյեան եւ Միշէլ Սէթլաքուի: Մոնթրէալի քաղաքապետ Վալերի Փլանթի կողմէ հանդէս եկաւ Էմիլի Թուիյէ, Մոնթրէալի Ընդդիմադիր կուսակցութեան ներկայացուցիչ Արէֆ Սալէմ, Լաւալի Քաղաքապետարանի անդամ Սեդա Թօփուեան եւ Վասիլիոս Քարիտոճիանիս, որոնք խստօրէն դատապարտեցին Թուրքիոյ հերքումի քաղաքականութիւնը, Ատրպէյճանի բռնարարքները, Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւնն ու արցախցիներու բռնագաղթի ենթարկուիլը: Անոնք նաեւ իրենց անսակարկ զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ ժողովուրդի եւ արցախահայութեան դատին ու Գանատայի հայ համայնքին:

Միջոցին գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկաւ Սաշա Ճիհանեան, որ մեկնաբանեց Կոմիտասի «Կռունկ»ը, նուագակցութեամբ դաշնակահար Փաթիլ Հարպոյեանի, ապա Սեւան Աբանեան եւ Գէորգ Պոյաճեան ներկայացուցին «Սարերի քամին» եւ «Կիլիկիա» երգերը:

Օրուան պատգամաբեր Քեպէգի «LaPresse» լրատուամիջոցի լրագրող եւ գրող Ռիմա Էլ Խուրի, նախ անդրադարձաւ աշխարհի վրայ տեղի ունեցած բոլոր ցեղասպանութիւններուն եւ պատերազմներուն, ապա յիշեց իր մեծ ծնողներուն օրինակը, թէ ինչպէս անոնք եղած են վերապրողներ եւ գաղթած դէպի խաղաղ ափեր, դէպի Գանատա: Ան յիշեց նաեւ, թէ իր մեծ հօր եւ մեծ մօր յիշատակը յարգելով կը հաւատայ, թէ պիտի գայ այն օրը, երբ մեր ապրած այս մոլորակը պիտի ըլլայ զերծ բոլոր տեսակի ցեղասպանութիւններէ, բռնարարքներէ եւ պատերազմներէ, պիտի ըլլայ խաղաղութեան եւ արդարութեան խորհրդանիշ, ուր բոլորս պիտի կարենանք ապրիլ բարօր եւ խաղաղ կեանք մը:

Աւարտին Քեպէգի Հայ Համայնքի Միացեալ մարմնի ատենապետ Վիգէն Սարգիսեան յուշանուէր մը փոխանցեց օրուան պատգամաբերին:

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան

«Հորիզոն»

Լուսանկարները՝ Մայք Թաշճեանի

Comments are closed.