Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ «Չարենց եւ Տանթէ» գրական ձեռնարկը եւ «Souls on Fire: Selected Poems – Հրավառ հոգիներ» գիրքին շնորհանդէսը

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբին, Հինգշաբթի, 2 Մայիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Մոնթրէալի «Արմէն Կարօ եւ Շաքէ Կէօնճեան» կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ «Չարենց եւ Տանթէ» գրական ձեռնարկը, որ կ’ընդգրկէր իտալական ուսմանց դոկտորական թեկնածու Մեղրի Տումանեանի «Տանթէի դժոխային ուղեւորութենէն դէպի հայ գրականութիւն» նիւթի ներկայացում եւ դոկտ. Վիգէն Թիւֆէնքճեանի խմբագրած «Souls on Fire: Selected Poems – Հրավառ հոգիներ» գիրքին շնորհանդէսը:

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Գրական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Նանոր-Աշնա Սնապեան Լիպարեան, որ յայտնեց, թէ հաճելի զուգադիպութեամբ մը, Մեղրի Տումանեանի կատարած Տանթէի մասին եւ անոր ազդեցութեան հայ գրականութեան վրայ ուսումնասիրութիւնը եւ դոկտ. Վիգէն Թիւֆէնքճեանի խմբագրած եւ Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութեան կողմէ հրատարակուած «Souls on Fire: Selected Poems – Հրավառ հոգիներ» գիրքն ու այս երկու աշխատութիւններուն հեղինակները ի մի բերելով՝ Գրական յանձնախումբը կազմակերպած էր սոյն ձեռնարկը: Ապա Սնապեան ընթերցեց Մեղրի Տումանեանի եւ դոկտ. Վիգէն Թիւֆէնքճեանի կենսագրականները:

Տումանեան սահիկներու ցուցադրութեամբ իր ներկայացումը սկսաւ Տանթէի հակիրճ կենսագրականին եւ գլխաւոր գործերուն անդրադառնալով, ապա յիշեց միջնադարու քաղաքական այն իրադարձութիւնները, որոնց անմիջական մասնակից եղած է Տանթէն՝ մասնակցած պատերազմներու եւ աքսորուած, ապա աքսորէն վերադարձած ու շարունակած իր գործունէութիւնը: Այս իրադարձութիւնները ունեցած են իրենց մեծ ազդեցութիւնը գրողին եւ անոր ստեղծագործութիւններուն վրայ: Տումանեան յատկապէս անդրադարձաւ Տանթէի «Աստուածային կատակերգութիւն» ստեղծագործութեան, որ ունի երեք բաժին՝ դժոխք, քաւարան եւ դրախտ, անոր հայերէն թարգմանութեանց եւ անոնց մասին կատարուած ուսումնասիրութիւններուն, որոնցմէ ամէնէն յատկանշականն է Վենետիկի համալսարանի Հայկական Ուսումնասիրութիւններու բաժանմունքին փրոֆ. Սոնա Յարութիւնեանի աշխատութիւնը:

Ապա Տումանեան ներկայացուց Տանթէի ազդեցութիւնը հայ գրականութեան եւ հայ գրողներուն վրայ, որոնցմէ են Յովհաննէս Շիրազը, Եղիշէ Չարենցը եւ ուրիշներ, որոնց գործերուն մէջ ուղղակի կամ անուղղակի կերպով յիշատակուած են Տանթէն ու իր ստեղծագործութիւնները: Տումանեան իր ներկայացումը աւարտեց ցուցադրելով 2021-ին Հայաստանի «Թումօ» կեդրոնի պատանիներուն (16-18 տարեկան) կատարած նկարաչական բացառիկ գործը, որ կը ներկայացնէ Տանթէի «Աստուածային կատակերգութեան» մէջ նկարագրուած դրախտին, քաւարանին ու դժոխքին քարտէսները, ինչ որ կը փաստէ, թէ Տանթէի գործերը առ այսօր առկայ են ոչ միայն հայ գրականութեան մէջ, այլ հայկական մշակոյթի տարբեր ոլորտներու մէջ:

Անկէ ետք, դոկտ. Վիգէն Թիւֆէնքճեան նոյնպէս սահիկներու ցուցադրութեամբ իր ներկայացումը սկսաւ Եղիշէ Չարենցի կենսագրութեամբ ու գրական գործունէութեան անդրադարձով, որուն ընթացքին ըսաւ. «Չարենցի գրականութիւնը բարդ է եւ լի է հակասութիւններով, որովհտեւ իր գրութիւններուն մէջ շատ յաճախ ինքզինք կը հակասէ, որոնց պատճառաւ նաեւ ան կը դառնայ Խորհրդային միութեան ամէնէն հետաքրքրական գրողներէն եւ տիպարներէն մէկը»: Ապա ան յիշելով Տանթէի եւ Չարենցի հասարակաց կէտը ըսաւ. «Երկուքն ալ քաղաքական հալածանքի ենթարկուած գրողներ են. Տանթէ աքսորուած է, իսկ Չարենց՝ հալածուած, բանտարկուած ու բանտին մէջ մահացած»:

Ապա Թիւֆէնքճեան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ իր խմբագրած «Souls on Fire: Selected Poems – Հրավառ հոգիներ» գիրքին, որուն մէջ տեղ գտած են Չարենցի գործերէն ընտրանի մը, Թաթուլ Սոնենցի անգլերէն թարգմանութեամբ: Ան նախ ներկայացուց Թաթուլ Սոնենցի հակիրճ կենսագրականը, ապա անդրադարձաւ գիրքին բովանդակութեան, իր նախաբանին, իր կողմէ աւելցուած թարգմանութիւններուն, հոն տեղ գտած գծանկարներուն եւ գիրքին վերջաւորութեան ծանօթագրութիւններուն: Դոկտորը ներկայացուց Չարենցի ժամանակաշրջանին գործող այլ գրողներուն հետ Չարենցի առնչութիւնը, Չարենցի գործերը եւ անոնց ընդմէջէն Չարենցի կեանքին վերիվայրումները ու կատարեց անոնց մասին վերլուծութիւններ, զանոնք յագեցնելով այլ վերլուծաբաններէ մէջբերումներով:

Թիւֆէնքճեան պարզաբանեց Չարենցի «Մահուան տեսիլ» վերնագիրը կրող երեք ստեղծագործութիւններուն տարբերութիւնները. առաջինը գրուած 1920-ին, երկրորդը՝ 1933-ին, իսկ երրորդը՝ 1936-ին: Այս վերջինին մասին ան ըսաւ. «Երրորդ տեսիլը ամէնէն գեղեցիկն է, որովհետեւ անոր մէջ մահուան տեսիլ ըսելով կը հասկնայ մահէն ճիշդ առաջ, վերջին վայրկեանին մտքի ամբողջական ու վերջնական լարումով պատկերուող շատ գեղեցիկ տեսարան մը, որ կը խոստանայ գեղեցիկ ապագայ, ուր մահը կը վերածուի պայծառատեսութեան»: Ան նաեւ անդրադարձաւ Չարենցի տեսիլներուն մէջ անուղղակի կերպով յիշատակուած գրողներու, յեղափոխական գործիչներու եւ քաղաքական դէմքերու, երբեմն դրական, իսկ երբեմն ալ ժխտական նկարագրութեանց եւ բնութագրութեանց: Թիւֆէնքճեան իր ներկայացումի աւարտին յիշեց նաեւ Չարենցի եւ անոր ընտանիքին հանդէպ իրագործուած հալածանքն ու անոր ողբերգական մահը:

Նշենք, որ ձեռնարկին ընթացքին հատուածներ ընթերցուեցան Չարենցի «Ամբոխները խելագարուած» գործէն, ինչպէս նաեւ «Մահուան տեսիլ» (1920) եւ «Գանգրահեր տղան» բանաստեղծութիւնները՝ Վայք Աճէմեանի, Նանոր-Աշնա Սնապեան Լիպարեանի եւ Յարութ Չուլճեանի կողմէ։ Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ ներկաներուն հետ զրոյց՝ ներկայացուած նիւթերուն առնչութեամբ:

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»

Comments are closed.