Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ Հրայր Բազէի «Khatchkar – Art & soul – A visual journey / Խաչքար – արուեստ եւ ոգի – տեսանելի ուղեւորութիւն» գիրքին շնորհանդէսը

Հինգշաբթի, 9 Մայիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Պոլսահայ միութեան կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ Հրայր Բազէ Խաչերեանի «Khatchkar – Art & soul – A visual journey / Խաչքար – արուեստ եւ ոգի – տեսանելի ուղեւորութիւն» գիրքին շնորհանդէսը, կազմակերպութեամբ Պոլսահայ միութեան ՄԷԿ Մշակութային յանձնախումբին:

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ յանձնախումբի ատենապետ Թալին Գալուսեան, որմէ ետք յանձնախումբի անդամ Թամար Փանոսեան ներկայացուց Հրայր Բազէ Խաչերեանի հակիրճ կենսագրականը, գործունէութիւնն ու առայժմ հրատարակած գիրքերը: Ապա Շանթալ Մանուկեան Հրայր Բազէի հետ մտերմիկ զրոյցով առիթ տուաւ հեղինակին ներկայացնելու գիրքը:

Մանուկեան նախ յիշեց, թէ սոյն հրատարակութիւնը երկրորդ հատորն է, որուն առաջին հատորը հրատարակուած էր 2016-ին, ապա հեղինակը ցուցադրեց 2 տեսերիզներ՝ խաչքարերը նկարելու համար իր այցելած վայրերուն եւ այդ գործընթացին դժուարութիւններուն մասին: Մանուկեանի հարցումին, թէ 35 տարիէ ի վեր ի՞նչը մղած է զինք այս աշխատանքը տանելու, ան ըսաւ. «Այն օրը, երբ կը դադրիս նոր բան մը սորվելէ եւ նոր բան մը յայտնաբերելէ, կը դադրիս գոյութիւն ունենալէ. հետեւաբար գոյութենական մղում մըն է, օրական վերանորոգուող ուժ մը, որ կը մղէ զիս նոր վայրեր այցելելու եւ նոր խաչքարեր, յուշակոթողներ, եկեղեցիներ ու արձանագրութիւններ յայտնաբերելու»:

Մանուկեան դիտել տուաւ, որ լաւ նկար մը առնելու համար կարգ մը գործօններ հարկ է նկատի առնել, որոնց մասին Խաչերեան ըսաւ. «Բաւական յոգնեցուցիչ գործ է խաչքար նկարելը. դժուարութիւններէն մէկը յիշելու համար ըսեմ, որ խաչքարերը արեւելք-արեւմուտք ուղղութեամբ կանգնած կ’ըլլան, հետեւաբար խաչքարին նայողը պէտք է արեւմուտքի կողմը կենայ եւ դէպի արեւելք նայի՝ խաչքարը դիտելու համար, իսկ խաչքարը նկարելու համար հարկ է ջոկել այն ժամանակահատուածը, երբ արեւը ճիշդ խաչքարին վրայ ուղղահայեաց կ’ըլլայ: Այս մէկը կը զուգադիպի կէսօրուան ժամը 1-2-ի միջեւ. ուրեմն հարկ է ճիշդ այդ մէկ ժամուան ընթացքին հասնիլ տուեալ վայրը եւ նկարել զայն: Որեւէ ուշացում կրնայ պատճառ դառնալ, որ ապարդիւն ըլլայ մեր գործը: Անշուշտ ուրիշ շատ մը դժուարութիւններ ալ կան, օրինակ օդի յանկարծակի փոփոխութիւն, նկարահանումի հրաման ստանալու հարցեր, կամ երբեմն թշնամիի սահմաններուն մէջ գտնուող խաչքարերը առանց արտօնութեան նկարելու պարագային, թշնամիին կողմէ նկատուելու վտանգը եւայլն»:

Զրոյցին ընթացքին նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ Խաչքարերուն վրայի զարդանախշերուն, որոնց մասին հեղինակը սահիկներու ցուցադրութեամբ յայտնեց, թէ ընդհանրապէս կրօնական բնոյթ ունին անոնք. օրինակ՝ անոնց մէջ յաճախ կը փորագրուին Ադամն ու Եւան դրախտին մէջ, ապա աքսորը դրախտէն, որուն կը յաջորդէ Գաբրիէլ հրեշտակի աւետումը Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնին, Յիսուսի ծնունդն ու տաճար ընծայուիլը եւայլն: Ան նաեւ բացատրութիւն տուաւ խաչքարերուն վրայ թուականներու եւ այլ յիշատակումներու շուրջ, ինչպէս նաեւ հեթանոսական շրջանէն մնացած կարգ մը վիշապաքարերու գոյութեան մասին, որոնց վրայ, քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօնք ընդունուելէ ետք, քանդակուած են խաչեր: Ան նաեւ յիշեց խաչքար քանդակելու համար օգտագործուած քարերուն տեսակները, ըստ գտնուած վայրին, եւ նշեց իւրաքանչիւրին յատկութիւնները:

Խաչերեան իր երկու հատորներով յաջողած էր լուսանկարել եւ մոռացութենէն փրկել յատկապէս Արցախի մեր խաչքարերը, որոնք այսօր կ’ենթարկուին ոչնչացման Ատրպէյճանի պետութեան կողմէ, յատկապէս անոնց վրայ գոյութիւն ունեցող թուականներն ու յիշատակումները ջնջելու նպատակով, որոնք մեծագոյն փաստերն են հայ ժողովուրդին այնտեղ գոյութեան՝ հին ժամանակներուն:

Ջուղայի խաչքարերուն լուսանկարման մասին հեղինակը ըսաւ. «1987-ին, Փարաճանովի թանգարանի տնօրէն Զաւէն Սարգսեանի հետ յաջողեցանք մտնել Նախիջեւան եւ նկարել խաչքարերը, իսկ 1997-ին մօտ 3000 խաչքար Պարսկաստանի սահմանէն հեռուէն յաջողեցայ նկարել: Ըսեմ, որ այդ սահմանը վտանգաւոր գօտի է, մէկ կողմը Ատրպէյճանի զինուորներն են, իսկ միւս կողմը՝ Վրաստանի, երկուքն ալ զինուած, ուր բացարձակապէս արգիլուած է մէկուն սահմանէն անդին նկարելը: Վրաստանի կողմը սահմանին ունինք կիսափուլ եկեղեցի մը, ուր յաջողեցայ մտնել եւ անոր բացուածքներէն նկարել սահմանին միւս կողմը գտնուող խաչքարերը, աննկատ մնալով ազերի զինուորներէն եւ վրացիներուն ալ վստահեցնելով թէ կիսափուլ եկեղեցւոյ ներքին մասը կը նկարեմ: Ապա 2003 թուականին, երբ կրկին Պարսկաստան էի, խաչքարերը արդէն ոչնչացուած էին: Այս գիրքիս մէջ փորձեցի գտնել Ջուղայի փրկուած խաչքարերը եւ լուսանկարել զանոնք: Անոնցմէ մէկ քանին կը գտնուին Թեհրանի մէջ, Թաւրիզի մէջ, Սենթ Փեթերսպուրկի մէջ եւ այլուր»:

Մանուկեան զրոյցը շարունակեց Հրայր Բազէի անձնաւորութեան կարգ մը յատկութիւններուն անդրադարձով, յետագայի ծրագիրներուն ու յառաջիկային հրատարակուելիք իր գիրքերուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցելով, որմէ ետք առիթ տրուեցաւ ներկաներուն՝ զրուցելու հեղինակին հետ եւ հարցումներ ուղղելով առաւել լուսաբանութիւններ ստանալ:

Շնորհանդէսը աւարտեցաւ Թալին Գալուսեանի շնորհակալական խօսքով եւ պատշաճ հիւրասիրութեամբ, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ գիրքին մակագրում հեղինակին կողմէ:

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան

«Հորիզոն»

Comments are closed.