Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Դատի աշխատանքներու ժողովրդային զեկուցահաւաք

Հինգշաբթի, 16 Մայիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայ Դատի աշխատանքներու ժողովրդային զեկուցահաւաք, կազմակերպութեամբ Հայ Դատի Քեպէգի յանձնախումբին:

Օրուան զրուցավարն էր Հայ Դատի Քեպէգի յանձնախումբի անդամ Թալին Ապրաքեան, որ նախ ողջունեց ներկաները, ապա ներկայացուց օրուան զեկուցաբերները՝ Հայ Դատի Օթթաուայի Գրասենեակի տնօրէն Սեւակ Պէլեանը, Հայ Դատի Քեպէգի յանձնախումբի համաատենապետ Վարանդ Եափուճեանը, Հայ Դատի Ուաշինկթընի Գրասենեակի աշխատակից եւ Հայ Դատի Արցախի գրասենեակի նախկին տնօրէն Կէւ Իսքաճեանն ու Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի աշխատակից Ալեքս Կալիցքին:

Զեկոյցի առաջին թեման էր Գանատայի եւ ԱՄՆ-ի քաղաքական դաշտերը. Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի աշխատակից Ալեքս Կալիցքի անդրադարձաւ Գանատայի եւ ԱՄՆ-ի քաղաքական ասպարէզի նմանութիւններուն եւ տարբերութիւններուն, յայտնելով թէ Գանատայի այլազան կուսակցութիւններու գոյութիւնը առաւել եւս կ’ընդարձակէ քաղաքական ասպարէզը, եւ թէ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը աւելի մեծ հասանելիութիւն ունի քաղաքական գործիչներու եւ պաշտօնատարներու: Հայ Դատի Օթթաուայի Գրասենեակի տնօրէն Սեւակ Պէլեան այս նիւթին շուրջ յայտնեց, թէ Գանատայի Ծերակուտականի եւ Խորհրդարանի հետ ուղղակի համագործակցութիւն ունի Հայ Դատի Օթթաուայի գրասենեակը, տրուած ըլլալով որ Գանատայի համակարգը այդ առիթը կ’ընծայէ, եւ այս գործակցութեան իրագործումներէն մէկը եղաւ Հայաստանի մէջ Գանատայի դեսպանատան հիմնումը: Իսկ Հայ Դատի Քեպէգի յանձնախումբի համաատենապետ Վարանդ Եափուճեան անդրադարձաւ Գանատայի տարածքին Հայ Դատի յանձնախումբերուն գործունէութեանց եւ յայտնեց, թէ տեղական յանձնախումբերը գործակցելով տեղական կառավարութեանց՝ դաշնակցային, նահանգային եւ քաղաքապետական մակարդակներու վրայ սերտ գործակցութիւն կը ցուցաբերեն պաշտօնատարներուն հետ, ի նպաստ Հայ Դատի գործունէութեան:

Զեկոյցի երկրորդ թեման էր, թէ որքանո՞վ արդիւնաւէտ է Հայ Դատի յանձնախումբերուն գործունէութիւնը. Հայ Դատի Ուաշինկթընի Գրասենեակի աշխատակից եւ Հայ Դատի Արցախի գրասենեակի նախկին տնօրէն Կէւ Իսքաճեան նախ բնութագրելով Հայ Դատի յանձնախումբերը ըսաւ. «Հայ Դատի յանձնախումբերը Հայ ժողովուրդի շահերը արտաքին աշխարհին ներկայացնող ու զանոնք հետապնդող լաւագոյն կազմակերպութիւններն են: Աշխարհի տարածքին մենք ունինք մասնաճիւղեր աւելի քան 35 երկիրներու մէջ, 100-է աւելի քաղաքներու մէջ, որոնք օրն ի բուն կապեր հաստատելով պետական զանազան մակարդակի պաշտօնատարներու հետ, հասնելով մինչեւ բարձրագոյն քաղաքական դէմքերու, անոնց հետ լաւագոյն գործակցութիւն կ’ապահովեն՝ հետապնդելու հայ համայնքներուն շահերն ու լաւագոյնս նպաստելու մեր ազգին ու հայրենիքին»: Ան նաեւ շեշտեց Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ կիրառելու հարցով տեղւոյն կառավարութեանց դիմելու անհրաժեշտութիւնը, որով կարելի պիտի ըլլայ Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու, Արցախի դէմ իր տարած ցեղասպանական արարքներուն, հայկական հողերը բռնագրաւելուն եւ հայ քաղաքական գործիչները կալանաւորելուն պատճառաւ:

Այս թեմային անդրադառնալով Հայ Դատի Քեպէգի յանձնախումբի համաատենապետ Վարանդ Եափուճեան յայտնեց, թէ ինչպէ՛ս Գանատայի դաշնակցային եւ նահանգային խորհրդարանները, Գանատայի Ծերակուտականն ու զանազան քաղաքապետութիւններ վերջին տարիներուն յատկապէս, Հայ Դատի յանձախումբերուն եւ անոնց ներկայացուցիչներուն շնորհիւ, հայանպաստ բանաձեւեր անցուցած են, որոնցմէ են Լաւալի Քաղաքապետարանի Արցախի ինքնիշխանութիւնը ճանչցող բանաձեւն ու Մոնթրէալի Քաղաքապետարանի եւ Քեպէգի Ազգային Ժողովի Ատրպէյճանի բռնարարքները դատապարտող բանաձեւերը:

Երրորդ թեմայով անդրադարձ կատարուեցաւ Գանատայի կողմէ Թուրքիոյ զինամթերք մատակարարելու կասեցման որոշումը չեղարկելուն Արցախի պատերազմին ընթացքին, որմէ ետք Հայ Դատի Գանատայի յանձնախումբին խիստ դատապարտման եւ հետապնդումներուն շնորհիւ՝ յետս կոչուեցաւ այդ որոշումը:

Չորրորդ թեման կը վերաբերէր թրքական եւ ազերիական քարոզչութեանց, որոնք ըստ Հայ Դատի ներկայացուցիչներուն, կը փորձեն ընդօրինակել Հայ Դատի յանձնախումբերուն տարած քայլերը բոլոր ասպարէզներուն մէջ՝ հակահայ քարոզչութիւն տանելով: Հետեւաբար անոնք յայտնեցին, թէ հարկ է միշտ զգաստ ըլլալ ու թրքական ու ազերիական քարոզչութիւնը դիմակայելու համար միշտ յառաջընթաց քայլերու դիմել: Այս մէկը կը պահանջէ յարատեւութիւն, անդուլ աշխատանք եւ հետապնդում բոլոր մակարդակներուն վրայ՝ տեղական թէ շրջանային:

Վերջին թեմայով անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի ներկայ վարչակարգի քաղաքականութեան առաջացուցած մարտահրաւէրներուն, որոնք կը խոչընդոտեն Հայ Դատի յանձնախումբերուն քարոզչութիւնն ու տարած աշխատանքները, ապա նաեւ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման աջակցութեան հարցով նշուեցաւ, թէ Հայ Դատի յանձնախումբերը կ’աջակցին շարժման, որովհետեւ այն հայ ժողովուրդին ու պետականութեան շահերէն կը բխի ու կը հակադրուի այսօրուան իշխանութեանց ազգակործան գործելաոճին:

Սեւակ Պէլեան անդրադարձաւ նաեւ Հայ Դատի Գանատայի յանձնախումբին կոչին՝ Գանատայի կառավարութեան, որ դիւանագիտական միջամտութիւն կատարէ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի հարկադիր սահմանազատման գործընթացին, որ կը սպառնայ Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան:

Զրուցահաւաքի աւարտին ներկաները առիթը ունեցան հարցումներ ուղղելու զեկուցաբերներուն եւ անոնց մասին լուսաբանութիւն ստանալու:

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան

«Հորիզոն»

Comments are closed.