Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ Գանատայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան կազմակերպած «Միասին Արցախի կողքին» բարեգործական համերգը

Կազմակերպութեամբ Գանատայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան, Ուրբաթ, 15 Մարտ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հայ Աւետարանական Առաջին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Միասին արցախահայութեան կողքին» բարեգործական համերգը, որուն ներկայ էին Գանատայի մէջ ՀՀ Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան, Քեպէգի մէջ ՀՀ պատուաւոր հիւպատոս Լեւոն Աֆէեան, Քեպէգի Խորհրդարանի անդամ Սոնա Լախոյեանի ներկայացուցիչ Հիլտա Խուրշուտեան, Լաւալի Քաղաքապետարանի անդամ Սեդա Թօփուզեան, Մոնթրէալի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներն ու Հոգաբարձութեան անդամները, եկեղեցիներու եւ միութիւններու վարչական ներկայացուցիչները, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան ներկայացուցիչներն ու հոծ բազմութիւն:

Նախ հնչեցին Գանատայի եւ Հայաստանի օրհներգները, կատարողութեամբ արուեստագէտ Գրիգոր Ոսկերիչեանի, որմէ ետք բացման խօսքով հանդէս եկան Սալբի Ներսէսեան (հայերէն) եւ Նանիա Փիլիպոսեան (ֆրանսերէն): Բարի գալուստի խօսք արտասանեց Հայ Աւետարանական Առաջին եկեղեցւոյ հովիւ Ճորճ Տապպօ, ապա աղօթքով բացումը կատարեց համերգին:

«Հորովել», «Թամամ աշխարհ» եւ «Ազգ իմ փառապանծ» երգերով ելոյթ ունեցաւ մոնթրէալահայ արուեստագէտ երգիչ Էլի Պէրպէրեան եւ իր նուագախումբը: Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ «Ձօն Արցախի» ասմունքով, կատարողութեամբ եւ համադրումով վաստակաշատ ասմունքող Շուշանիկ Մելքոնեանի, որմէ ետք Էլի Պէրպէրեան հանդէս եկաւ «Ախպերս ու ես» երգով, ապա «Սարերի հովին մեռնեմ» երաժշտութեամբ՝ սրնգահար Վաղարշակ Ադամեան:

Սրտի խօսքը փոխանցեց ԱՀԱԸ-ի տնօրէն Յարութ Ներսէսեան, որմէ ետք տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն՝ Հայաստանի մէջ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան ծաւալած գործունէութեան մասին: Ընկերակցութեան Արցախի ներկայացուցիչ Վիկտոր Կարապետեան, որ յատուկ այս առթիւ ժամանած էր Հայաստանէն, փոխանցեց իր պատգամը, ըսելով. «Արցախն իր բազմադարեան պատմութեան ընթացքում երբեք չի եղել այսքան միայնակ ու հայաթափ. սրբացած հողակտոր Արցախը քիչ դեր չի խաղացել հայ ժողովրդի պատմութեան կերտման ճանապարհին», ապա անդրադարձաւ Արցախի մէջ ընկերակցութեան տարած գործունէութեան իր հիմնադրութեան օրէն ի վեր, հիմնելով կրթական հաստատութիւններ, մանկապարտէզներ, ցերեկային կեդրոններ, ինչպէս նաեւ իրականացնելով ճամբարներ եւ պատանեկան ու երիտասարդական զարգացման զանազան ծրագիրներ, որոնք անխափան կերպով գործած են նոյնիսկ պատերազմի ու շրջափակման ծանր օրերուն: Ան յայտնեց, թէ ընկերակցութիւնը նաեւ օժանդակութեան ձեռք երկարած է արցախցի մեր ժողովուրդին տեղահանութեան ժամանակ, հասնելով մինչեւ սահմանամերձ գիւղեր եւ սահմանին կանգնող մեր զինուորներուն: Այժմ ան կը գործէ Հայաստանի մէջ, աջակցելով Հայաստան հաստատուած արցախցի մեր ժողովուրդին իր Րևիվե ծրագրով: Ան իր խօսքը փակեց ըսելով. «Անկախ ամէն ինչից չենք կոտրուելու: Արցախցուն հնարաւոր չէ յաղթել, նա ծնւում է արդէն յաղթանակած, մեր երակներուն յաղթանակած Քրիստոսի արիւնն է հոսում, պարտադիր չէ Արցախում ծնուել, որ կոչուենք արցախցի, այսօր բոլորս ենք արցախցի եւ բոլորիս սիրտն է ցաւում Արցախով, եւ ես վստահ եմ, որ յաղթանակած դուրս կը գանք այս դժոխքից եւս, Խաչեալը երբեք չի պարտուել, իսկ մենք՝ խաչի ժողովուրդն ենք, Աստուած է ազգիս տէրը եւ ազգիս յաթղել չի լինի»:

Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ «Կռունկ գնայ» եւ «Կիլիկիա» երգերով, կատարողութեամբ Գրիգոր Ոսկերիչեանի, որմէ ետք «Իմ սիրոյ հասակ» եւ «Գետաշէն» երգերուն երաժշտութեամբ հանդէս եկաւ փողահար Գառնօ Սիմոնեան: «Խաչին զինուոր» եւ «Օրհնութիւն» հոգեւոր երգերով հանդէս եկաւ Առաջին Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ Փառաբանութեան խումբը, որմէ ետք ելոյթ ունեցաւ Շուշանիկ Մելքոնեան «Մենք» ասմունքով: Էլի Պէրպէրեանի «Հայեր միացէք» երգի կատարողութեամբ աւարտեցաւ գեղարուեստական յայտագիրը, որմէ ետք փակման եւ շնորհակալական խօսք արտասանեց Սալբի Ներսէսեան: Ընթացքին տեղի ունեցաւ գնահատագրի շնորհում ընկերակցութեան Արցախի ներկայացուցիչ Վիկտոր Կարապետեանի, ձեռամբ Գանատայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան հիմնադիրներէն Յակոբ Պասմաճեանի, ապա պատուելի Մարտիրոս Էյլէնճեանի փակման աղօթքով աւարտեցաւ համերգը:

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան

«Հորիզոն»

 

Comments are closed.