Մոնթրէալի մէջ հանդիսաւոր տօնակատարութեամբ նշուեցաւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան 95-ամեակը

Նախաձեռնութեամբ Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութեան, նախագահութեամբ տիկին Շաքէ Կէօնճեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Շրջանային եւ Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութեանց, Շաբաթ, 9 Մարտ 2024-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ս. Յակոբ Ազգ. վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ «Ջահակիրներ» յոբելենական հանդիսութիւնը, նուիրուած Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան հիմնադրութեան 95-ամեակին, ներկայութեամբ այս առթիւ յատուկ Լիբանանէն ժամանած Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանի, եւ անդամներ Թամար Տօնապետեան Գուզուեանի եւ Լորիկ Սապունճեան Ծատուրեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեանի, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ատենապետ Խորէն Տիմիթեանի, Քեպէգ նահանգի երեսփոխան Սոնա Լախոյեանի քաղաքական կցորդ Հիլտա Թուրշուճուի, Մոնթրէալի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Վանա Նազարեանի եւ Մէրի Տերոսի, Լաւալի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Սեդա Թօփուզեանի, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Գանատայի մօտ ներկայացուցիչ Արմինէ Կարապետեանի, ՀԲԸՄ-ի Թէքէեան մշակութային միութեան, ինչպէս նաեւ Մոնթրէալի եւ Լաւալի ուղեկից միութիւններու Շրջանային եւ տեղական վարչութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ երեք հարիւրէն աւելի հաշուող հոծ բազմութեան:

Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Համազգայինի նորաստեղծ դրօշի բեմ բարձրացումով, ձեռամբ Համազգայինի հիմնադիրներէն Սարգիս Մալխասեանի շառաւիղէն Ատոմ Մալխասեանի, դստեր՝ Արաքսի եւ թորան՝ Նառայի, որմէ ետք հնչեցին Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգները, ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը Արցախի հերոս նահատակներուն, Համազգայինի հիմնադիրներուն եւ 95 տարիներու ընթացքին Համազգայնական այն անդամներուն, որոնք առյաւէտ բաժնուած են մեզմէ:

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի «Անի» պարախումբին երկար տարիներ մաս կազմած Մարի Յովհաննէսեան, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց տիկին Շաքէ Կէօնճեանին՝ օրուան նախագահութիւնը ստանձնելուն համար, եւ որուն փոխանցուեցաւ գեղեցիկ ծաղկեփունջ մը, ապա իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ 95 տարի առաջ, Գահիրէի մէջ խումբ մը մտաւորականներու՝ Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի, Համօ Օհանջանեանի եւ ուրիշներու համախմբումով կրթական ու մշակութային այս միութեան հիմնադրութեան եւ ըսաւ. «Այսօր, այս սրահէն ներս մեզ համախմբողը նո՛յն ոգին է, նո՛յն հաւատքն ու սէրը հայ գրականութեան եւ մշակոյթին հանդէպ, որուն սերմերը ցանած էին մեր հիմնադիրները: Այդ սերմերը 95 տարիներու ընթացքին խորապէս արմատանալով, ոչ միայն ծլած, ծաղկած, ճիւղաւորուած ու ծառացած են, այլեւ անոնց պտուղները իրենց կարգին տուած են նոր սերմեր, որոնք պիտի շարունակեն արգասաւորել ու իմաստաւորել յաջորդական սերունդներու կեանքերը»:

«Անի» պարախումբի կրտսերները, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Լեւոն Արապեանի, խանդավառեցին մթնոլորտը «Էրզրումի շորոր» պարով, որմէ ետք Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թամար Շահինեան Փօլատեան փոխանցեց իր խօսքը: «Համազգային Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը մեծ հպարտութեամբ կը նշէ Համազգայինի հիմնադրութեան 95-ամեակը, իր Քեպէգի «Սանահին», Թորոնթոյի «Գլաձոր», Գեմպրիճի «Տաթեւ» եւ Վանգուվըրի «Վարագ» մասնաճիւղերով։ Ուրախ ենք, որ այս տօնակատարութիւններուն իր անդրանիկ այցելութեամբ, մեզի կը միանայ Կեդրոնական վարչութեան մեր ատենապետը՝ ընկեր Զաքար Քէշիշեանը: Տօնակատարութիւններու այս շարքը, յատուկ նշանակութիւն ունի մեզի համար, որովհետեւ անիկա կենդանի ապացոյցն է տասնամեակներու վրայ երկարող մեր միութեան նուաճած յաջողութիւններուն, որոնք հպարտութիւն կ’առթեն տեղւոյն մեր համայնքներուն» ըսաւ ան, ապա հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Շրջանային վարչութեան գործունէութեան եւ աւելցուց. «Մեր երազն է մեր շրջաններուն մէջ ունենալ գեղարուեստի կեդրոններ, ուր պարը, երգը, երաժշտութիւնն ու թատերական արուեստը ուսուցանուին նոյն յարկին տակ, ուր գրական երեկոները, կերպարուեստի ցուցահանդէսներն ու փոքրերու պատմութեան ժամերը կազմակերպուին միեւնոյն յարկին տակ»: Ան անդրադառնալով միութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն ըսաւ. «Մեզի համար անհրաժեշտութիւն է ունենալ արհեստավարժ եւ մասնագէտ հայ արուեստագէտներ ու գեղարուեստական ղեկավարներ, որոնք իրենց կարգին կը լծուին տեղական ուժերը վերապատրաստելու գործին ու կը հայթայթեն նոր մասնագէտներ»: Շահինեան իր խօսքը փակեց ըսելով. «Այսօրուան «ջահակիրները» մե՛նք ենք, սակայն յաջորդական սերունդներու պարտականութիւնն է ոչ միայն շարունակել վառ պահել 95 տարիներ առաջ հիմնադիրներէն մեզի փոխանցուած ջահը, այլ զայն տարածել ու ա՛լ աւելի ուժգին բոցավառել՝ լուսաւորելու իւրաքանչիւր հայ օճախ ու յատկապէս իւրաքանչիւր հայ երիտասարդի միտքն ու հոգին»:

Ասմունքով հանդէս եկաւ Սուրբ Յակոբ Ազգ. վարժարանի շրջանաւարտ Սէրլի Ահարոնեան, որ արտասանաեց «Կերտեցին քեզ իմ պապերս» կտորը, համադրութեամբ Անահիտ Թորոսեան Պալեանի՝ Մուշեղ Իշխանի «Վաղուան տունը» բանաստեղծութենէն, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ «Սանահին» մասնաճիւղի գործունէութեան մասին տեսերիզ մը, պատրաստութեամբ Թամար Շահինեանի եւ Րաֆֆի Թահմիզեանի:

«Տեսնեմ Անին ու նոր մեռնեմ» խմբերգով հանդէս եկաւ Համազգայինի «Քնար» երգչախումբը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Լաուրա Պէրպէրեանի, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ «Համազգայինը 95 տարեկան է» տեսերիզը, պատրաստուած Կեդրոնական վարչութեան կողմէ: «Քոչարի» պարով կրկին ելոյթ ունեցան «Անի» պարախումբի կրտսերները, ապա տեղի ունեցաւ պարգեւատրում «Սանահին» մասնաճիւղի անդամներու՝ Ռաքէլ Տեմիրճեանի, Տիրուկ Մանճիկեանի եւ Ռիթա Շամլեանի, իսկ յետ մահու՝ Յակոբ Մանճիկեանի, Լեւոն Եաղճեանի եւ Արա Ալեքսանեանի, Համազգայինի ծիրէն ներս իրենց երկարամեայ նուիրեալ աշխատանքին ի պատիւ, ձեռամբ Շրջանային վարչութեան անդամներ Թամար Շահինեանի, Անիթա Թոպիի եւ Անահիտ Պալեանի:

Մթնոլորտը խանդավառողը եղաւ կրկին «Անի» պարախումբը «Լորքէ» պարով, որմէ ետք Կեդրոնական վարչութիւնը յետ մահու, յուշանուէրով պարգեւատրեց վաստակաշատ համազգայնական Յակոբ Եափուճեանը եւ շքանշաններ պարգեւեց Համազգայինի կրթական եւ մշակութային կեանքէն ներս իրենց անսակարկ նուիրումին համար համազգայնականներ Վիգէն Թիւֆէնքճեանը, Յարութիւն Պէրպէրեանը, Ֆիմի Տէր Յակոբեանը եւ օրուան նախագահ տիկին Շաքէ Կէօնճեանը, ձեռամբ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանի, Գանատայի ներկայացուցիչ Թամար Տօնապետեան Գուզուեանի եւ ատենադպիր Լորիկ Սապունճեան Ծատուրեանի:

Օրուան բանախօս Զաքար Քէշիշեան ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ. «Ի՞նչ գնահատական տալ Հայաստանի Անդրանիկ Հանրապետութեան կերտիչներէն այն ընտիրներուն, որոնք ցեղասպանութենէն 13 տարիներ ետք, իրենց ու իրենց ընկերներուն կերտած նոյն հանրապետութեան կորուստէն 7 տարիներ ետք, երբ տակաւին սփիւռքը չէր իսկ կազմաւորուած, այնուհետեւ պատմական դարձող օր մը, հայրենի կենարար հող ու ջուրէն հեռու, Եգիպտոսի մէջ հաւաքուեցան, մտայղացան ու ստեղծեցին հայ կրթական ու հրատարակչական այս միութիւնը, որ շուտով լայն գործունէութիւն պիտի ծաւալէր իբրեւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութիւն, որ հայրենիքէն հեռու, իւրաքանչիւր հայու մտքին, սրտին ու հոգիին մէջ դրոշմել կարողանար հոգեւոր հայրենիքի գաղափարն ու նորահաս սերունդները ազգային ինքնութեան հետ ամրօրէն առնչուած պահել»: Ապա անդրադարձաւ Սփիւռքի եւ Հայաստանի դիմագրաւած տագնապալի օրերուն, մանաւանդ Արցախի հայաթափման դժնդակ պայմաններուն Համազգայինի ծաւալած գործունէութեան ու մշակած ծրագիրներուն, յիշելով որ Համազգայինը ծնունդ առած էր նոյնպէս տաժանելի օրերու, բայց շնորհիւ իր նուիրեալներուն կրցած էր գոյատեւել ու արարել մինչ օրս: Ան նաեւ անդրադարձաւ կրթական ու մշակութային մարզերէն ներս մարդուժի եւ համապատասխան մասնագէտներու ներգրաւման ու պատրաստման հրամայականին եւ յայտնեց. «Այսօր մեր սեւեռակէտը կը շարունակէ մնալ արցախահայութեան դժնի ճակատագիրը. մեր քոյր միութիւններուն հետ այսօր լծուած ենք արցախցիներու իր իսկ հայրենիքին մէջ տարագիր, ցիրուցան ու իրաւազուրկ հայրենակիցներուն այդ դժուարին հանգրուանին թեւ ու թիկունք կանգնելու անյետաձգելի գործին: Հետեւաբար Համազգայինի Հայաստանի ու Արցախի զոյգ գրասենեակները օրն ի բուն կ’աշխատին հոգեբարոյական աջակցութիւն ցոյց տալու Արցախի մանուկներուն»: Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Յանուն Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան սրտի անհուն սիրով ու գորովով կ’ողջունեմ Գանատայի Շրջանային վարչութիւնն ու մասնաճիւղերը, գեղարուեստի խումբերու ղեկավարներն ու անդամները, զանազան յանձանախումբերու մէջ ներգրաւուած համազգայնականները, որոնք հայ մշակոյթի ջահը արծարծ պահելով բազմածիր ու բազմաբովանդակ ժիր աշխատանքով Գանատայի շրջանը առողջ ու օրինակելի կը պահեն»:

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ «Անի պարախումբի «Եարխուշտա» պարով, ապա ներկաները ուղղուեցան «Հաճէթեան» մարզասրահ, ուր տեղի ունեցաւ հետեւեալ արուեստագէտներուն՝ Պետրոս Ասլանեանի, Կարօ Մարկոսեանի, Արեգ Էլիպէքեանի, Վաչէ Առաքելեանի, Լենա եւ Հրայր Խաչերեաններու, Կապի Թերզեանի եւ Էտիկ Բերդեանի նկարչական գործերու վաճառք, ինչպէս նաեւ ցուցադրուեցան տիկին Շաքէ Կէօնճեանի ասեղնագործած գորգերէն մէկ քանին: Հիւրասիրութեամբ եւ 95-ամեակի կարկանդակի հատումով վերջ գտաւ հանդիսութիւնը:

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան

«Հորիզոն»

Լուսանկարները՝ Photo Mourad

Comments are closed.