Մոնթրէալի մէջ Կոմիտաս Վարդապետի կիսանդրիին բացումը կատարուեցաւ
Սեպտեմբեր 4-ին Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի նախամուտքին տեղադրուած Կոմիտաս Վարդապետի կիսանդրիի բացումը տեղի ունեցաւ։ Արարողութեան ընթացքին ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որ իր խօսքին մէջ նշեց, որ ԿՈմիտաս Վարդապետը ներկայացուցիչն է միասնական հայութեան, որ ոչ միայն լսեց ու յայտնաբերեց հայկական երգերը, այլեւ վերծանեց, մշակեց ու հայացուց զանոնք։
Կիսանդրիի հեղինակն է քանդակագործ տոքթ. Մկրտիչ Տարաքճեանը։ Գանատահայ արուեստագէտ տոքթ Տարագճեանի գործերը կը գտնուին Գանատայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի զանազան հանրային հաստատութիւններու մէջ։ Իր կերտած,Գանատահայ համբաւաւոր լուսանկարիչ Եուսուֆ Քարշի յուշարձանը, կանգնեցուած է Գանատայի մայրաքաղաք Օթթաուայի կեդրոնը, իսկ Մոնթրէալի Մոն Ռոյալ ընտրատարածքի քաղաքապետարանի հանրային գրադարանին առջեւ զետեղուած է «Ընթերցողը» կերպարին մեծադիր արձանը։