ՀՅԴ ԳԵՄ-ի կազմակերպութեամբ Մոմավառութիւն
369
0
Շաբաթ, 20 Ապրիլ 2024-ի երեկոյեան ժամը 5-ին, Լաւալի Ցեղասպանութեան յուշարձանին դիմաց տեղի ունեցաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Մոնթրէալի «Լեւոն Շանթ» եւ Լաւալի «Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղերուն կազմակերպած Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ ամեակին նուիրուած մոմավառութիւն, ի յիշատակ Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն զոհերուն, 44-օրեայ պատերազմին աւելի քան հինգ հազար մեր նահատակներուն եւ ի զօրակցութիւն բռնի տեղահանութեան ենթարկուած հարիւր հազար արցախահայերուն։
Ներկայ էին Գանատայի խորհրդարանի անդամներ Ֆայսալ Խուրի եւ Անի Քութրաքիսի ներկայացուցիչը, Լաւալի քաղաքապետարանի անդամներ Սեդա Թօփուզեան, Սանտրա Էլ Հլու, Ալին Տիպ, Քրիստին Փուարիէ եւ Նիգոլաս Պուրն, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեան եւ անդամներ, Մոնթրէալի «Միհրան Փափազեան» եւ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէներու անդամներ, Հայ Դատի յանձնախումբի Մոնթրէալի եւ Լաւալի ներկայացուցիչներ, ԳԵՄ-ի եւ Պատանեկան միութեան անդամներ եւ հոծ բազմութիւն։
ԳԵՄ-ի Մոնթրէալի «Լեւոն Շանթ» եւ Լաւալի «Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղերուն վարչութեան խօսքը փոխանցեց ատենապետ Հրակ Գայայեան, որ ըսաւ. «Որքան փորձէ թշնամին մեզ ոչնչացնել, պիտի չհասնի իր նպատակին, որովհետեւ հայ ժողովուրդին դիմադրութեան ոգին եւ անկոտրում կամքը միշտ պիտի յաղթեն թշնամիին բարբարոսութեան եւ վայրագութեան»։ Անկէ ետք տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում եւ մոմավառութիւն։ Միջոցառումը աւարտեցաւ ԳԵՄ-ականներուն եւ Պատանեկան միութեան անդամներուն «Մշակ բանուոր» քայլերգի երգեցողութեամբ։
Սոնա Թիթիզդան
Comments are closed.