Միջազգային Կանանց Օրուան Առցանց Տօնակատարութիւն

ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» եւ Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղերը մէկ տարի ընդմիջումէ ետք, Կիրակի 7 Մարտ կէսօրէ ետք ժամը 3-ին կազմակերպեցին Միջազգային Կանանց օրուայ առցանց տօնակատարութիւն, որուն մաս կազմեցին 207 ՀՕՄուհիներ, համակիրներ ու բարեկամներ:

Տօնակատարութիւնը սկսաւ «Daring Armenian Women» տեսերիզի ցուցադրութեամբ, որ կը ներկայացնէր տարբեր բնագաւառներու մէջ յաջողակ հայ կիներ: Այս տեսերիզը առիթ ընծայեց վերյիշելու հայ կնոջ կտրած ճանապարհը, որպէս մայր, վերապրող, ֆետայի, հիւանդապահ, բժիշկ, աստղագէտ, գիտնական, գրող, արուեստագէտ: Բաւական տպաւորիչ պատրաստութիւն մըն է, քաջալերող եւ խրախուսող: Ապա ՀՕՄ- ի քայլերգով ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ:

Հանդիսավար՝ ընկհ. Նելլի Պարսեմեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհաւորելով բոլոր կիներուն տօնը, ապա բացատրական տուաւ անցեալ տարուայ ձեռնարկին յետաձգուելուն պատճառը հանդիսացող արգելափակման օրէնքին, որ մինչեւ օրս կը շարունակուի: Ընկերուհին անդրադարձաւ 2020 տարուայ մարտահրաւէրներուն մասին՝ համաճարակ, Լիբանանի տնտեսական իրավիճակ եւ նաւահանգիստի պայթում, Արցախի պատերազմ եւ այս բոլորին ունեցած ծանր ու ցնցիչ հետեւանքները մեր բոլորին վրայ, որպէս անհատ եւ որպէս հայ:

Ան նաեւ անդրադարձաւ անցեալ տարուայ ձեռնարկի յայտագիրը կազմող Motherland «Մայրենիք» ժապաւէնին, որ կը ներկայացնէ Արցախաբնակ 6 կիներ, որոնք իբրեւ ապրուստի միջոց ընտրած էին Արցախեան առաջին պատերազմէն մնացած ականները չէզոքացնել:

Ընկերուհին յայտնեց նաեւ թէ օրին կազմակերպիչ յանձնախումբը որոշած էր պարգեւատրել այդ տիկինները իրենց տարած յանդուգն աշխատանքին համար, զանոնք հրաւիրելով ՀՕՄ ի Արցախի միաւորի վարչութեան գրասենեակ, որոնց նկարները ցուցադրուեցան ներկաներուն:

Ընկերուհին նշեց նաեւ թէ ՀՕՄ- ը, որպէս մարդասիրական կազմակերպութիւն պիտի շարունակէ զօրավիգ կանգնիլ հայ ժողովուրդին եւ  ի մասնաւորի Արցախի հայ ժողովուրդին:

Ընկերուհին յիշեց նաեւ մամլոյ հաղորդագրութիւնը լոյս տեսած Սօսէ եւ Շուշի մասնաճիւղերու վարչութիւններէն, ուր յայտնած էին թէ 2020-ի կանանց միջազգային օրուայ տօնակատարութիւնը չեղեալ համարուած է եւ օրին բացայայտուած ծախսերը ամբողջացնելէ ետք մնացեալ գումարը ամբողջութեամբ պիտի յատկացուի ՀՕՄի ծրագիրներուն։

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն ՀՕՄ- ին հանդէպ իրենց ցուցաբերած վստահութեան եւ քաջալերանքին:

Ապա ան ներկայացուց այս տարուայ Կանանց Միջազգային օրուայ բնաբանը՝ (Choose to challenge ) եւ այն տիպարը որ մարմնացումն է այս բնաբանին՝ Միացեալ Նահանգներէն տիկին Տորոթի Պէնկոյեանը: Տորոթին ընտրած է կիներու մօտ չընդհանրացած ասպարէզ մը՝ զուարճախօսութին: Ան ըսած է «Մենք հայերս շատ լուրջ հարցեր ունինք եւ մեզի համար շատ կարեւոր է մեր կեանքը հաւասարակշռել խնդուքով եւ սրամտութեամբ»:

Հանդիսավարը հրաւիրեց Տորոթի Պէնկոյեանը, որ հայկական ուրախ երաժշտութեամբ, դրօշակները ձեռքին սկսաւ իր ելոյթը պար ու խաղով: Ան ներկաները խանդավառեց իր զուարճախօսութեամբ, սրամիտ կատակներով, հայ իրականութենէն առնուած դրուագներով եւ երկլեզու պատմութիւններով:

Տոթիին հաճելի ելոյթին յաջորդեց կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետուհի՝ընկհ. Անի Պապիկեանին պատգամը: Հոս կ’ուզեմ մեծ փակագիծ մը բանալ շնորհակալութիւն յայտնելու եւ գնահատելու ընկերուհիին տարած բծախնդիր աշխատանքը ձեռնարկի պատրաստութենէն մինչեւ աւարտը:

Ընկհ. Անին նախ յանձնախումբին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Տոթիին, իր հրամցուցած զուարթ ու հաճելի վայրկեաններուն համար եւ ներկաները հրաւիրեց Տոթիի օրինակով, դիտել մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ թաքուն ծիծաղաշարժ վայրկեանները:

Ան անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի մարտահրաւէրներուն, որոնցմէ մէկն էր առցանց տօնակատարութիւնը:

Շնորհակալութիւն յայտնեց յանձնախումբի անդամներուն եւ պրն. Ճորճիկ Պարսեմեանին նկարներուն պատրաստութեան համար եւ անցեալ տարուայ Միջազգային Կանանց օրուայ նուիրատու՝ «Մելան» հաստատութեան սեփականատէր՝ պրն. Կարօ Նազարեանին։

Ընկերուհին զոյգ մասնաճիւղերու անունով գնահատեց առողջապահական մարզէն ներս գործող կիները՝ բժշկուհի, դեղագործուհի, բուժքոյր, հիւանդապահուհի եւ բոլոր անոնց, որոնք մնացին պատնէշի վրայ եւ անվարան ծառայեցին իրենց կեանքը վտանգելով: Տեղին է նշել յատկապէս Հայաստանի եւ Արցախի առողջապահական մարզէն ներս գործող ու ծառայող անձնուրաց անհատները:

Ընկերուհին բարձր գնահատական խօսքեր ուղղեց ՀՕՄ-ի Մոնթրէլաի եւ Լաւալի մասնաճիւղերու Վարչական կազմերուն, ինչպէս նաեւ Գանատայի Շրջանային Վարչութեան, իրենց բացառիկ աշխատանքին համար: Պատրաստուեցան թագաժահրի համար դիմակներ, որոնք շուտով առաքուեցան հիւանդանոցներ, Պէյրութի տագնապին համար կազմակերպուեցաւ դրամահաւաք, Արցախի պատերազմէն տուժածներու համար դրամահաւաք եւ զանազան ձեռնարկներ այս դժուար պայմաններուն մէջ. Չմոռնանք նաեւ նշել Արարատ բնակարաններու մեր տարեցներու այցելութիւն:

Ձեռնարկի աւարտին ընկերուհիները ընկերային պահ ունեցան Zoom – ի միջոցաւ տարբեր խումբերու մէջ առիթ ունեցան իրար հետ խօսակցելու եւ ծանօթանալու զուարճախօս Տոթիին հետ, որ սիրայօժար մասնակցեցաւ մեր տօնակատարութեան:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.