Միացեալ Նահանգներ Մտահոգ` Ազրպէյճանին Անցած Տարածքներուն Մէջ Հայկական Մշակութային Ժառանգութեամբ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը 2 յունիսին հրապարակեց «Միջազգային կրօնական ազատութեան 2021»-ի զեկոյցը:

«Ազրպէյճան» բաժինին մէջ նախարարութիւնը կը յիշատակէ ԵԽԽՎ-ի «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մարդասիրական հետեւանքներուն» վերաբերեալ բանաձեւին մէջ կառոյցին արտայայտուած մտահոգութիւնը`  կապուած Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ տասնեակ հայկական եկեղեցիներու, վանքերու, ներառեալ` Դադիվանք վանական համալիրի, խաչքարերու եւ մշակութային ժառանգութեան այլ կոթողներու ապագային:

Կը նշուի, որ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը բազմիցս մերժած է արտօնել հայ ուխտաւորներուն մուտքը Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքին մէջ գտնուող վանք: Ազրպէյճանցիները իրենց հերթին չեն կարողացած այցելել բազմաթիւ կրօնական հաստատութիւններ` ականապատման պատճառով:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յիշեցնէ ԵԽԽՎ-ի բանաձեւը եւ մտահոգութիւն կը յայտնէ Ազրպէյճանի պետական մակարդակի վրայ զարգացող այն պատումին գծով, որ կը ձգտի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը փոխարինել «կովկասեան ալպանական» ժառանգութեամբ:

Կ՛ընդգծուի, որ տարուան ընթացքին բազմաթիւ հաղորդումներ ստացուած են հայկական մշակութային եւ կրօնական կառոյցներու նկատմամբ վանտալութեան, ինչպէս նաեւ հայկական ժառանգութեան նկատմամբ կառավարութեան դիտաւորեալ իրականացուող գործողութիւններուն մասին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.