Միացեալ Նահանգներու Նախագահական Թեկնածուներէն Ոչ Մէկը Վաստակած Է Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը
Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը կը ներկայացնէ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան ընդառաջ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի դիրքորոշումը, զոր ներկայացուցած է յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան` ամերիկեան համայնքին ուղղուած ուղերձի ձեւաչափով:
«Միացեալ Նահանգներու նախագահական թեկնածուներէն ոեւէ մէկը չէ վաստակած Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի աջակցութիւնը:
Երկու կողմերն ալ պատասխանատուութիւն կը կրեն` Ազրպէյճանը զինելու, Ազրպէյճանի կողմէ ցեղասպանութեան կատարման օժանդակելուն եւ Արցախը լքելու համար: Ոեւէ կողմ չէ հրաժարած կամ ջնջած այս անխոհեմ, անպատասխանատու եւ ցեղասպանութեան աջակցող քաղաքականութիւնը:
Մենք կը շարունակենք աշխատիլ երկու կողմերուն հետ ալ եւ կ՛ողջունենք անոնց զօրակցական խօսքերը` հայ-ամերիկեան քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն վերաբերեալ: Գիտակցելով, որ քարոզարշաւի յայտարարութիւնները կ՛օգնեն մօտաւոր ուղենիշ սահմանել Ուաշինկթընի մէջ մեր խնդիրներու ձեւակերպման համար` բայց եւ այնպէս, հաշուի կ՛առնենք մեր սեփական փորձառութիւնը, երբ ակնյայտօրէն չի ներկայացուիր որեւէ տեսակի պայմանագրային պարտաւորութիւն փաստացի քաղաքականութեան համար, պաշտօնը ստանձնելէ ետք:
Բայց եւ այնպէս, մենք պէտք է նշենք, որ մեր երկիրը ղեկավարելու ձգտողներուն կողմէ կատարուած այս յայտարարութիւնները, ըստ էութեան, արդիւնքն են մեր աշխատանքին, այն դիրքին ու յարգանքին, որ մենք վաստակած ենք մեր աշխատանքին բերմամբ` արդիւնք` յատկապէս Միչիկընի, Փենսիլվենիայի, Ուիսքանսընի, Ճորճիայի, Հիւսիսային Քարոլայնայի, Նեւատայի, Արիզոնայի եւ այլ «ճօճուող» նահանգներու մէջ:
Քաղաքական գործիչները կը ձգտին վաստակել մեր ձայները, ինչով ալ պէտք է աշխատի մեր ժողովրդավարութիւնը:
Թէեւ մենք ոգեւորուած ենք մեր աջակցութիւնը ստանալու համար գոյութիւն ունեցող մրցակցութենէն, հիմնական հարցը կը մնայ այն, որ խօսքերը բաւարար չեն: Մեծ կուսակցական թեկնածուներէն ոչ ոք ունեցած է որոշակի արդիւնքներ, որոնք ի վիճակի են ապահովելու ընտրութիւններէն առաջ մեր աջակցութիւնը: Մենք շատոնց անցած ենք այն օրը, երբ կը հաւատայինք քարոզարշաւային շատ յաճախ դատարկ խոստումներուն, թէ թեկնածուները ընտրուելէ ետք ի՛նչ պիտի ընեն:
Այսօր կան քայլեր, որոնք կրնան իրականացուիլ.
Հանրապետականները.- Օրինակ, նախագահ Թրամփը կրնար հրապարակաւ կոչ ուղղել Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Ճոնսընին ընդունելու 7288 բանաձեւը` կիրարկելով 907-րդ յօդուածի սահմանափակումը Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ազրպէյճանին տրամադրուող օժանդակութեան վերաբերեալ: Ճէյ Տի Վենսը, իբրեւ Միացեալ Նահանգներու գործող ծերակուտական, կրնայ հովանաւորել 540 բանաձեւը, որ կ՛ուսումնասիրէ Ազրպէյճանի կողմէ Միացեալ Նահանգներու օժանդակութեան օգտագործումը հակահայկական զինուորական յանցագործութիւններ կատարելու համար:
Դեմոկրատականները.- Փոխնախագահ Հարիս կրնայ յայտարարել վարչակազմին կողմէ 907-րդ բանաձեւի պաշտօնական կիրարկման, Ազրպէյճանի դէմ Մակնիցքիի պատժամիջոցներու կիրարկման եւ ՔՈՓ29-ին մասնակցելէ հրաժարելու մասին, քանի տակաւին բոլոր հայ պատանդները ազատ չեն արձակուած:
Այս ամէնը ըսելով` մենք խորապէս հպարտ եւ ոգեւորուած ենք այս տարուան ընտրական փուլին մեր համայնքի աշխուժ մասնակցութեամբ եւ ուրախ ենք տեսնելու, որ թեկնածուները կը մրցին մեր ձայներուն համար` ձգտելով վաստակել մեր վստահութիւնը: Ասիկա յարգանքի տուրք է հայկական ծագում ունեցող մեր հայրենակիցներուն, որոնք ձեւաւորուած են իբրեւ առանցքային ընտրական ուժ, որ օգտագործելով մեր հաւաքական ներուժը, կրնայ գործել ռազմավարական կարեւորութեամբ` ամերիկեան քաղաքական ասպարէզին մէջ ուշադրութիւն հրաւիրելով Արցախի գոյատեւման եւ Հայաստանի անվտանգութեան վրայ:
Եթէ դուք հիասթափուած էք, թէ ամերիկահայ ընտրողները ինչպէ՛ս կ՛ընկալեն ձեր նախընտրած թեկնածուն, ամէն ինչ ըրէք ձեր թեկնածուն մղելու, որպէսզի ան պատասխանատուութեան ենթարկէ Պաքուն, զսպէ ազրպէյճանական նոր յարձակումը, ապահովէ հայ պատանդներու ազատ արձակումը եւ ճամբայ հարթէ հայերու Արցախ վերադարձին համար:
Գործելով առանց վախի եւ բարեհաճութեան` Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը պիտի չիջեցնէ մեր համայնքի չափանիշերը` ոեւէ թեկնածուի ընդունելու կամ հաւանութիւն տալու համար, այլ ընդհակառակն` աւելի մեծ եռանդ եւ նուիրուածութիւն պիտի հաղորդէ թեկնածուներուն մեր արդար խնդիրները բարձրացնելու գործին մէջ:
Շարունակեցէ՛ք ճնշումը: Ատիկա կը յաջողի»:
Comments are closed.