Մեր պատմութիւնը վկայ, մենք կրնանք վստահիլ միայն մեր ուժերուն վրայ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի խօսքը Լոս Անճելըսի մէջ կայացած ՀՅԴ 132 Ամեակի տօնակատարութեան

ՀՅԴ Օրուան հանդիսութիւններուն մեր կազմակերպութիւնը կը ներկայանայ ժողովուրդին կատարելով հայութեան եւ հայրենիքի իրավիճակին վերլուծումը եւ իր գործունէութեան հաշուետուութիւնը:

Ժողովուրդի ծոցէն ծնած Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը 132 տարիներու ընթացքին իր գաղափարներով եւ գործունէութեամբ դարձաւ ազգային ազատագրական պայքարի մղիչ ոյժ, ժողովրդային շարժում, քաղաքական կուսակցութիւն եւ հայ դատ ու պահանջատիրութիւն հետապնդող կազմակերպութիւն։

Ան կերտեց մարտնչող հայու ազնիւ, քաջ, խիզախ, յանձնառու եւ գաղափարապաշտ կերպար, որու օրինակով դաստիարակուեցան ու ներշնչուեցան սերունդներ եւ աներեր նուիրուեցան եւ կը նուիրուին հայութեան եւ հայրենիքի անսակարկ ծառայութեան:

Մենք մինչեւ 2020 Սեպտեմբեր յաղթանակած ժողովուրդ էինք: Արցախը ազատագրուած էր, Հայաստանը՝ վերանկախացած, Ջաւախքը՝ աշխուժացած, Արեւմտեան Հայաստանի մէջ՝ զարթօնքի ծիլեր արձակուած եւ Սփիւռքի մէջ ունեցած էինք հայ դատի կարեւոր ձեռքբերումներ համաշխարհային մակարդակով: Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը ամրապնդուած էր եւ ազգային օրակարգի հիմնական կէտերու շուրջ ալ համախոհութիւն ստեղծուած էր, մանաւանդ 2015ի հարիւրամեակի համախմբող մթնոլորտէն ետք:

Հայրենիքով ու հայութեամբ տոգորուած ոչ մէկ հայ անտարբեր կը մնար ի տես այս մեծ յաղթանակներուն եւ իրագործումներուն, որոնք ամրապնդած էին մեր ազգային արժանապատուութիւնը, գօտեպնդած` ազգային իղձերու հանդէպ մեր հաւատքը եւ ստեղծած աննախընթաց համահայկական միասնականութիւն: Մերթ ընդ մերթ ի յայտ եկող ներազգային տարաձայնութիւններն ու Հայաստանի իշխանութիւններու բազմապիսի խարխափումները պարզապէս անախորժութիւններ եւ սրբագրելի վրիպումներ կը թուէին ըլլալ մեծ պատկերին մէջ:

Մէկ խօսքով` տարուած էինք անպարտելիութեան եւ անխոցելիութեան համազգային զգացումներով. պայծառ դարաշրջան մը բացուած էր հայութեան առջեւ:

Այդ պատճառով ալ ապրեցանք ահաւոր ցնցում, երբ 2020-ի աշնան արցախեան երկրորդ պատերազմին կրած պարտութիւնը խորտակեց այդ անպարտելիութեան եւ անխոցելիութեան հանգանակը:

Պատերազմի ընթացքին ամէն տարակարծութիւն մէկդի դրած, նուիրուած էինք հայութեան յաղթանակը ապահովելու գործին չորս ուղղութիւններով․

Ա) Մարդուժի Տրամադրում Պահեստազօրի Ճամբով

Առաջին ուղղութիւնը պատերազմին մարդուժի տրամադրումն էր։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը վերակենդանացուցած էր իր առասպելական, ֆետայական կերպարով թրծուած ամէն տարիքի երիտասարդութեան համախմբումը իր կամաւոր պահեստազօրին մէջ։ Գրեթէ հազարի հասնող այդ կամաւորներու փաղանգը տրամադրուած էր պատերազմին, արիաբար մասնակցած մարտերուն, կերտած յաղթանակներ եւ տուած մեծաթիւ զոհեր։

Բ) Քաղաքական Համաշխարհային Զօրաշարժ

Երկրորդ ուղղութիւնը մեր քաղաքական ու համաշխարհային զօրաշարժն էր։

Հայ Դատի յանձնախումբերով, մեր մարմիններու ներկայացուցիչներով, հայ երիտասարդութեան աշխոյժ մասնակցութեամբ կարողացանք շարժել աշխարհը, որպէսզի ճշգրիտ գնահատում տայ պատերազմին, հարկ եղած միջամտութիւնները կատարէ՝ մերթ անյաջող, բայց շատ մը պարագաներու նաեւ մեր թշնամիներուն՝ թուրք-ատրպէյճանական զօրքերուն աշխատանքներուն հակազդող։

Գ) Քարոզչական Պատերազմ

Երրորդ ուղղութիւնը քարոզչական պատերազմն էր։

Վստահ եմ որ բոլորդ ալ ականատես էիք այն հսկայական արշաւին, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան շղթայազերծեցին ոչ միայն Հայաստանի եւ Արցախի, այլեւ ամբողջ հայութեան դէմ։ Հարկ էր անմիջապէս անցնիլ աշխատանքի, ողողել աշխարհի մայրաքաղաքները ցոյցերով, հաւաքներով եւ բողոքի արտայայտութիւններով. նաեւ զօրաւոր հակազդել ընկերային ցանցերով, որոնց մէջ կը տարուէր հակահայ պայքար, մեծապէս ֆինանսաւորուած այդ երկու պետութիւններուն կողմէ։ Փառք ու պատիւ մեր երիտասարդութեան որոնց միջոցաւ մենք կարողացանք առաջքը առնել այդ գրոհին եւ ընկերային ցանցերու մէջ անհրաժեշտ հակահարուածը տալ։

Դ) Նիւթական Օժանդակութիւն

Եւ վերջապէս՝ աննախընթաց միասնականութեամբ մենք կարողացանք պատերազմի օրերուն եւ անկէ ետք իսկ ապահովել այնպիսի նկատառելի նիւթական օժանդակութիւն, որ աննախընթաց ձեւով եւ մեծ գումարներով սատարեց նաեւ մեր պաշտպանութեան եւ պատերազմէն ետք սկսած վերականգնումի աշխատանքներուն։

44-օրեայ պատերազմի ընթացքին ՀՀ իշխանութիւններու կեղծ քարոզչութեամբ տարածուած սին յոյսերը փլատակուեցան 2020ի նոյեմբերին: Համատարած հիասթափութիւն ապրեցանք երբ շղարշը պատռեցաւ եւ մեր կորուստներու իսկական տարողութիւնը պարզուեցաւ:

Հայրենի գահավիժումի պատճառ հանդիսացած ՀՀ ղեկավարը մերժեց ընդունիլ Արցախն ու Հայաստանը աղէտի առաջնորդած ըլլալու հանգամանքը, չնախընտրեց արժանապատուօրէն հրաժարիլ իր պաշտօնէն ու անցնցում հեռանալ, ընդհակառակն՝ վճռեց ամէն գնով կառչած մնալ իր իշխանութեան աթոռին եւ սատարեց հայրենիքը նուաստացնող պարտուողական պայմաններու յաւելեալ վատթարացումին:

Յառաջացաւ նոյնիսկ խզում Հայրենիքի եւ Սփիւռքի միջեւ: Իսկ ՀՀ իշխանութիւնը ամէն ճիգ թափեց հայրենի ժողովուրդը ապակողմնորոշելու, շարունակաբար պառակտելու եւ յաջողեցաւ ինքզինք վերարտադրել: «Բաժնէ որ տիրես»ի քաղաքականութիւնը որդեգրած ՀՀ իշխանութիւնը այսօր Սփիւռքն ալ պառակտելու սեւ գործին է լծուած: Մինչդեռ թշնամիներով շրջապատուած եւ մեծ հարուած ստացած մեր հայրենիքին համար աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է համահայկական կուր միասնականութիւնը:

Այսօր դէմ յանդիման կը գտնուինք նորագոյն մարտահրաւէրներու, որովհետեւ պարտուած ու հայկականութենէ պարպուած Հայաստանի իշխանութիւնները հայրենի շահերը պաշտպանելու իրենց անկարողութիւնը փաստած են, Արցախի հիմնահարցէն իրենց ձեռքերը լուացած, շարունակական նահանջի մէջ եւ ամէն տեսակի յաւելեալ զիջումներու ալ` պատրաստ:

Այս կացութեան մէջ մեր առջեւ կը ցցուին հիմնական չորս մարտահրաւէրներ։

Առաջինը՝ Արցախի շրջափակման խնդիրն է, որմով Ազրպէյճանը կը փորձէ ահ ու սարսափի մթնոլորտ ստեղծել որպէսզի Արցախն ունենայ առանց հայութեան: Այս ուղղութեամբ արդէն անցած է համաշխարհային արշաւի ծանօթացնելով բոլորին այս մարդկայնական նոր աղէտի տարողութիւնը եւ պահանջելով որ աշխարհը դատապարտէ այս անմարդկային քայլը եւ պահանջէ շրջափակման անմիջական վերացումը. միաժամանակ կը պահանջենք Ռուսիայէն, որ դիմէ գործնական քայլերու անյապաղ ապահովելու համար Արցախի կապը մայր Հայաստանի հետ. անհրաժեշտ է ստեղծել նաեւ համազգային համախոհութիւն ի պաշտպանութիւն Արցախի եւ համահայկական խորհուրդ պաշտպանելու Արցախի իրաւունքները եւ նեցուկ կանգնելու Արցախահայութեան բոլոր կարիքներուն:

Երկրորդը՝ Ատրպէյճանի ճնշումով եւ Թուրքիոյ օժանդակութեամբ առաջ քշուող Հայաստանապատկանն սահմանազատման ու սահմանագծման հարցերն են եւ անոնց առընչութիւնը Արցախի հիմնախնդրին հետ: Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը ՀՀ իշխանութեան բազմիցս զգուշացուցած է, որ այս պատրուակի տակ ո՛չ մէկ սահմանազատում, ո՛չ մէկ սահմանագծում պէտք է անդրադառնայ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան, որմով կրնայ թաղուիլ Արցախի հարցը։ Արցախը պէտք է մնայ համաշխարհային ուշադրութեան առարկան. Արցախի կարգավիճակը ճշդուած չէ եւ այդ սահմանազտման եւ սահմանագծման գործընթացքին մէջ պէտք չէ զոհել անոր ապագան։

Մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ, որպէսզի շեշտաւորուի Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը եւ բացառուի Թուրքիոյ առաւել ներթափանցումը հարաւային կովկասէն ներս:

Երրորդը՝ վերաթարմացուող կծիկն է հայ-թրքական յարաբերութիւններու բանակցութեան, որուն անխոհեմաբար դիմեց ՀՀ իշխանութիւնը հակառակ պարտութեան առթած աննպաստ պայմաններուն եւ Հայաստանի տկար դիրքերուն։ Մենք ունեցած ենք 2008-2009 տարիներու դառն փորձառութիւնը, երբ հայ-թրքական արձանագրութիւններու պիտակին տակ փորձուեցաւ համակարգել այդ յարաբերութիւնները։

Մեզի համար ներկայ հայ-թրքական որեւէ բանակցութիւն հաշտեցման չի կրնար առաջնորդել: Կարելի է ապագային պատկերացնել յարաբերութիւններու բնականոնացման հնարաւորութիւն, սահմաններու բացում եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ, սակայն առանց որեւէ նախապայմանի ու զիջումի: Իսկ Հայ-թուրք հաշտեցում կարելի է ակնկալել միայն երբ Թուրքիա ճանչնայ հայոց դէմ իր գործած ցեղասպանութիւնը եւ կատարէ յատուցումներ:

Մեր ժողովուրդին պիտի շարունակենք բացատրել, որ Թուրքիան ինքն է միակողմանիօրէն փակած ՀՀ հետ իր սահմանը ու ինքն ալ կրնայ վերաբանալ զայն առանց որեւէ գին պահանջելու Հայաստանէն: Ինչպէս 2008-2009 թուականներուն, այսօր ալ մենք խնդիր ենք դրած, որ Հայաստանը պարտի նախապատրաստուիլ այդպիսի կացութեան համար: Անցեալին նոյնիսկ հայեցակարգ էինք մշակած ու տրամադրած կառավարութեան՝ նշելով այն օրէնսդրական նախաձեռնութիւններն ու այլ քայլերը, որոնց պէտք է ձեռնարկէ Հայաստանը չէզոքացնելու համար սահմանի բացումի ընկերա-տնտեսական եւ քաղաքական հաւանական ժխտական հետեւանքները: Ամենայնդէպս, ոչ մէկ բնականոնացում արտօնելի է, եթէ զոհ պիտի տրուին ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը եւ պահանջատիրութեան մեր իրաւունքները:

Այսօր, մենք ականատեսն ենք, որ Թուրքիան ոչ միայն առաջ կը քաշէ նախկին նախապայմանները, այլ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացումն ալ հիմա աւելցուցած է այդ ցանկին: Մեզի համար յստակ է, որ պարտուած մթնոլորտի մէջ եւ թրքական ամէն տեսակի նախապայմաններու պարտադրանքին տակ կարելի չէ երեւակայել յարաբերութիւններու որեւէ բնականոնացում այս հանգրուանին:

Իսկ չորրորդ մարտահրաւէրն այն է, որ Հայաստանի գերիշխանութիւնը վտանգուած ըլլալու իրողութիւնը պէտք եղած ձեւով չի մտահոգեր մեր իշխանութիւնները։

Մենք յայտարարած էինք, որ Արցախը մեր դարպասն է. մենք ըսած էինք, որ Արցախը այն պաշտպանական գիծն է, որ ո՛չ միայն կ’ապահովէ իր անվտանգութիւնը, այլեւ կը պաշտպանէ նոյնինքն Հայաստանի սահմանները։ Որքան ճիշդ դուրս եկաւ այդ հանգամանքը. այսօր, շատ աւելի մեծցած են այդ սահմաններուն պաշտպանութեան ու անվտանգութեան խնդիրները։ Իսկ մեր թշնամիները, որոնց ախորժակները բորբոքած են, Արցախի հանդէպ ունեցած իրենց «յաջողութիւններու» բերումով, այս օրերուն թիրախաւորած են նաեւ Հայաստանը, մանաւանդ Սիւնիքը։

Այս բոլորին կողքին թէ’ Հայաստանի մէջ եւ թէ’ Սփիւռքի տարածքին յատուկ թափ առած է հակադաշնակցական պայքարը, որուն գործակալները կը փորձեն կացինահարել հայ կեանքի ամենամեծ, ամենէն ազդեցիկ քաղաքական ու ազգային ազատագրական պայքար մղող կազմակերպութիւնը: Սփիւռքեան առումով խիստ կարեւոր Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանն ալ ունի իր իւրայատուկ տագնապը, որուն լուծման կապակցութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյին տարած համբերատար, լայնասիրտ եւ բարիացակամ շարունակական ջանքերը դժբախտաբար մերժուեցան ճամբէն շեղած ապօրինի խմբակին կողմէ: Մինչդեռ հայրենի եւ համահայկական այս ալեկոծումներու ընթացքին անհրաժեշտ է կուռ միասնականութիւն եւ ոյժերու ամբողջական լարում պայքարելու համար հայ ժողովուրդի արտաքին թշնամիներուն դէմ:

Կարելի չէ լուռ մնալ մեր համահայկական եւ հայրենի մարտահրաւէրներու այս հոյլին հանդէպ։ Մենք սոթտած ենք մեր թեւերը եւ անցած շարունակական աշխատանքի, ինչպէս՝ պատերազմէն առաջ, նաեւ՝ պատերազմին ընթացքին, այնպէս ալ՝ պատերազմէն անմիջապէս ետք։

Հայաստանը պէտք է վերականգնէ իր մարտունակութիւնը եւ յատուկ ուշադրութիւն դարձնէ հայոց բանակի վերակազմակերպման եւ հզօրացման առաջնահերթ խնդրին. մեր պատմութիւնը վկայ, մենք կրնանք վստահիլ միայն մեր ուժերուն վրայ, եւ թշնամիներով շրջապատուած Հայաստանի անվտանգութեան մեծագոյն պատուարը հզօր, լաւապէս սպառազինուած, նուիրեալ եւ գերկազմակերպուած բանակն է:

Արցախահայութիւնը, թէկուզ վիրաւոր, սակայն իր վէրքերը ամոքելու, հայկական դիմագիծը պահպանելու, իր հանրապետութիւնը լիովին վերականգնելու եւ ամէն գնով Ատրպէյճանի ենթակայութեան տակ մնալը բացառելու գործին է լծուած: Ամէն գնով պարտինք համախմբել Արցախի բոլոր ուժերը, որպէսզի ԱՀի վճռակամութիւնը պահպանուի, հայկական հողին խառնուած արիւնը տայ իր արգասիքը եւ Արցախը շուտով վերագտնէ իր նախկին աշխուժութիւնն ու սահմանները։ Այս իսկ պատճառներով անթոյլատրելի է որեւէ ներքին խլրտում, անհասկացողութիւն կամ բաժանում Արցախի քաղաքական կեանքէն ներս:

Սփիւռքը եւս մէկ մարդու նման պիտի փարի հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին, անխնայ պայքարի թուրք-ազրպէյճանական հայատեաց եւ փանթուրանական ճակատին դէմ: Դժուար պայքար է, բայց ոչ անկարելի։ Ի վերջոյ բոլորս գիտենք, որ ո՛չ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, ո՛չ ալ հայ ժողովուրդը վհատած են, նոյնիսկ երբ իրենցմէ աւելի մեծ թիւով թշնամիներու դէմ պայքար մղած են եւ կերտած մեծ յաղթանակներ։

Սփիւռքի մեր ամուր ու հայաբոյր համայնքները, մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ, աննախընթաց տագնապներէ կ’անցնին այս վերջին տարիներուն. քաղաքական տագնապներ, համաճարակ, տնտեսական ահաւոր անկում, պայթիւն, երկրաշարժ աւերներ կը գործեն եւ կը պատճառէն արտահոսք այդ խիստ կարեւոր հնոցներէն: Անշուշտ որ լծուած ենք այդ տագնապահար շրջաններուն օժանդակութեան գործին, սակայն կարիքներն շատ խոշոր են ու բազմազան եւ հարկաւոր է ընել աւելին:

Առաւել՝ Սփիւռքի վերաթարմացման եւ վերաշխուժացման հրամայականին դէմ հանդիմած ենք կանգնած ազգովին: Եւ այդ ուղղութեամբ արդէն իսկ կը ծրագրենք կարճաժամկէտ եւ երկար շունչի վրայ նախաձեռնութիւններ:

Սիրելիներ,

Այսօր՝ ներազգային առումով անհրաժեշտ է գոյացնել ազգային նկարագիր ունեցող հայրենի, սփիւռքեան եւ համահայկական ողջ ոյժերու համախմբում ի պաշտպանութիւն հայրենիքի եւ ի ընդդիմութիւն շարունակուող պարտուողական եւ յանձնուողական դիրքորոշումներուն: Պէտք է շարունակել պայքարը հայութեան շահերը պաշտպանելու անկարող ՀՀ իշխանութիւններու հեռացման համար, որպէսզի նոր մօտեցումներով եւ աւիշով կարողանանք դիմադրել թշնամիներու գրոհին եւ վերականգնել մեր արտաքին բարեկամներու հետ իսկական գործակցութիւնը փոխադարձ շահերու հիման վրայ: Պարտինք պայքարիլ հայրենի պետականութեան հիմերը եւ սփիւռքեան կազմակերպ կառոյցները քայքայող ՀՀ իշխանութեան բոլոր քայլերուն դէմ. իշխանութիւն մը, որ յարատեւ միակողմանի զիջումներու գացող է թշնամիներու առաջ, իսկ միաժամանակ անզիջող քանդիչ եւ բաժանարար սեւ գործին է լծուած ներազգային ճակատի մէջ:

Իսկ արտաքին ճակատի վրայ անհրաժեշտ է վերականգնել մեր դաշնակիցներու ու բարեկամ պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու մակարդակը եւ հաստատել փոխադարձ վստահութիւն: Հայաստանի յարաբերութիւններու որակը իր հարեւան բարեկամ կամ դաշնակից երկիրներու հետ խիստ կարեւոր նշանակութիւն ունի մեզի համար. էական է հասարակաց շահերը շեշտաւորել եւ այդ յարաբերութիւնները ամրապնդել ու զարգացնել: Անհարժեշտ է նաեւ Արեւմտեան պետութիւններու ներկայացուցիչներու մօտ ամրապնդել, ուր որ հնարաւոր է, հայանպաստ կեցուածքները եւ չէզոքացնել թուրք-Ազերի հակահայ քարոզչութիւնը:

Կրկնելու գնով հաստատենք, որ Արցախի հիմնահարցը պարտինք պահել միջազգային ուշադրութեան առարկայ եւ աներեր հետապնդել անոր ինքնորոշման իրաւունքը: Միաժամանակ պիտի շարունակենք աշխարհին առջեւ քօղազերծել Ազրպէյճանի ցեղասպան մտադրութիւնները, Արցախը հայաթափելու եւ բռնի ոյժով անոր պարտադրելու իր կամքը:

Հայրենի պետականութիւնը, անկախութիւնը եւ անվտանգութիւնը ՀՅԴ-ի համար բարձրագոյն ու բացարձակ արժէքներ են: Ամէն զոհողութիւն արդարացուած է պաշտպանելու համար մեր հայրենիքի մէջ հայ ժողովուրդին ապրելու եւ զարգանալու իրաւունքը: Եւ այդ իրաւունքի պաշտպանութեան ճամբին էական է Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը վերականգնելը:

Մենք վերջին երկամեակի կորուստները կը նկատենք ժամանակաւոր: Մենք համոզուած ենք որ կրկին ականատեսը կ՚ըլլանք հայուն վերապրելու եւ վերականգնելու իւրայատուկ ոգիին եւ արիութեան վերադրսեւորումներուն:

Մենք այլընտրանք չունինք. կերտելու ենք նոր յաղթանակներ միասնական ջանքերով եւ աներեր վճռականութեանբ:

Գլենդէյլ, 19 Փետրուար 2023

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.