Մեր մամուլի խճճանկարը

Քանի մը յստակացում ի սկզբանէ։

Առաջին՝ վերնագրին մէջ աւելորդ տառ չկայ, եւ «ճ»-ի կրկնութիւնը արկածով չէ՛ եղած, մեկնաբանութեան չի՛ կարօտիր։ Մեր մամուլի ներկայ խճճեալ վիճակէն կը յառաջանայ այդ նոր բառը։

Երկրորդ՝ մամուլ ըսելով այստեղ կը հասկնանք բոլոր այն միջոցները, որոնցմով հասարակութեան հետ հաղորդակցութիւն կը ստեղծուի՝ որեւէ տեղեկութիւն, որեւէ գրական-վերլուծական կամ այլ նիւթ, որեւէ լուսանկար եւ այլն տարածելու համար։ Այդ միջոցները կ՚ընդգրկեն թերթ ու պարբերաթերթ, ձայնասփիւռ ու պատկերասփիւռ, ինչպէս նաեւ համացանցային ընկերային հարթակները, ուր ոչ միայն հաւաքական այլեւ անհատական հաղորդումներ կը կատարուին։

Երրորդ՝ այդ «մեր»-ը։ Այդ դերանունը կը վերաբերի բոլոր անոնց, որոնք իրենց զիրենք տէ՛րը կը զգան այդ մամուլին։ Անոնք կրնան ըլլալ կուսակցութիւնները, միութիւնները, հաստատութիւնները եւ անհատները որոնք կը կատարեն այդ հաղորդումնրը։ «Մեր»-ը կ՚առնչուի նաեւ համայն հաւաքականութեան՝ ազգի՛ն։ Առանց տիրութեան այդ զգացումին, ոչ այդ «մեր»-ը իմաստ կ՚ունենայ, ոչ ալ այս յօդուածը ընդհանրապէս։

Արդ ի՞նչ հարցեր կը ցցուին մեր մամուլին առջեւ, մե՛ր առջեւ։

Իրերու բերումով՝ ուշադրութեանս առարկան դաշնակցական մամուլն է, սակայն այստեղ արծարծուող հարցերը, համոզուած եմ, որ կը վերաբերին բոլորին՝ անկախ մամուլի պատկանելութենէն։

Առաջին հարցը նպատակի ճշտումն է՝ միեւնոյն ատեն ճշտելով նաեւ, թէ որո՛ւ ուղղուած է տուեալ հաղորդակցական միջոցը, նոյնիսկ տուեալ հաղորդումը, այսինքն՝ ի՞նչ է թիրախը՝ հա՞յ հասարակութիւնը, անոր մէկ հատուա՞ծը՝ կուսակցականնե՞րը, երիտասարդնե՞րը, մասնագէտներու խո՞ւմբ մը եւ այլն, թէ՞ ոչ հայ հասարակութիւնը, անո՛ր մէկ հատուածը՝ մեր բարեկամները կամ թշնամիները, մտաւորականները եւ այլն։ Այս բոլորին նոյն ձեւով, նոյն լեզուով, նոյն տրամաբանութեամբ, մանաւանդ նոյն դերակատարներով կարելի չէ մօտենալ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ կարիքը ունինք մասնագիտական ներդրումի, որպէսզի մշակուին իւրաքանչիւրին «համապատասխան ռազմավարութիւն ու մարտավարութիւն», ինչպէս կը հաստատէր նաեւ ՀՅԴ մամլոյ վերջին խորհրդաժողովը գումարուած 2021 հոկտեմբերին Երեւանի մէջ։

Նկատի պիտի առնուի նաեւ այն, որ կը գտնուիս մրցակցային իրադրութեան մը մէջ, իսկ խօսքդ տեղ հասցնելու համար պիտի կարենաս թիրախիդ ուշադրութիւնը գրաւել խօսքիդ նպատակայարմարութեամբ, իւրայատկութեամբ եւ որակով, այլեւ ճի՛շտ ատենին ըսելու փութկոտութեամբ։

Երկրորդ հարցը կազմակերպուածութիւնն է։ Շատ ընդարձակ նիւթ է ասիկա, առանձին համապարփակ քննարկման արժանի, բայց այստեղ կարելի է նշել կարիքը տեղեկատուական վստահելի շտեմարանի ստեղծման, մամուլի հին ու նոր արխիւներու մատչելիութեան, լրատուական տարբեր միջոցներու համադրման, անոնց միջեւ շտապ փոխանակութեան եւ այլն։ Եւ ի հարկէ կը կարօտի հաւաքական աշխատանքի, քանի որ որեւէ թերթ կամ հաղորդակցական այլ միջոց առանձին չի կրնար ապահովել այս բոլորը։ Այսինքն կայ կարիքը լրատուական գործակալութեան մը, որ կրնայ նեղ՝ ըսենք կուսակցական, կամ նախընտրաբար լայն՝ համասփիւռքեան, եթէ ոչ համահայկական պատկանելութիւն ունենալ։ Այս մէկը կը ներառէ ի հարկէ առկայ մարդուժի լաւագոյն օգտագործումը, մանաւանդ նորերու պատրաստութիւնը, եւ նիւթական եղած միջոցներու տնտեսումն ու յաւելեալ կռուաններու ստեղծումը։ Նորերու պատրաստութիւնն ալ (խմբագիր, հրապարակագիր, լրագրող, թղթակից, լուսանկարիչ, նկարահանող  եւ ընդհանրապէս աշխատակից պատրաստելը) ինքնին առանձնաբար արծարծելի նիւթ է։

Կազմակերպուածութեան մաս կը կազմէ տեղեկատւութեան եւ այլազան նիւթերու պատշաճ պատրաստութիւնն ու հասանելիութիւնը, տեղական բնոյթի ըլլան անոնք, տարածաշրջանային թէ համաշխարհային՝ հայկական թէ ոչ հայկական ոլորտներու վերաբերեալ։ Յատկապէս այս վերջինը կը բացակայի մեր մամուլէն ընդհանրապէս՝ այն տպաւորութիւնը ձգելով, թէ կարծես կ՚ապրինք մենք մեզի, առանց որեւէ առնչութեան մեր շրջապատին հետ։

Եւ ասկէ կ՚անցնինք երրորդ հարցին, որ նոյնպէս կ՚առնչուի կազմակերպուածութեան, կազմակերպուածութեան՝ ոչ միայն մամուլի ասպարէզին մէջ։ Այդ՝ լեզուի հարցն է։ Մամլոյ խորհրդաժողովը իրաւամբ դիտել կու տար, թէ «Սփիւռքի պայմաններում, հայերէնի իմացութեան նահանջին զուգահեռ նուազում է նաեւ հայախօս մամուլի պահանջն ու ազդեցութեան շրջանակը», ինչ որ կրնանք նկատել որպէս «ինքնիրացուող մարգարէութիւն» (self-fulfilling prophecy). նաեւ երկար ժամանակի վրայ մեր թերացումներու հետեւանք է այս նահանջը։ Իսկ արեւմտահայերէնի անտեսումին դէմ-յանդիման՝ խորհրդաժողովը հարկն ալ կը զգայ նշելու թէ «անհրաժեշտ է նաեւ արեւելահայերէն լուրերի կենտրոնացուած վերածումը արեւմտահայերէնի եւ դրանց տրամադրումը արեւմտահայ մեր մամուլի ներկայացուցիչներին»։ Տեղին չէ՞ յիշել Լեւոն Շառոյեանի սա դիպուկ մատնանշումը. «Ամեն օր խորապէս կը տխրիմ ու կը ցաւիմ տեսնելով, որ սփիւռքահայ մեր թերթերը հետզհետէ կը հեռանան ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ դասական մամուլի դիմագծութենէն, նկարագրէն: Անոնք անզգալաբար կ՛իյնան արեւելահայերէնի ծանր ազդեցութեան տակ՝ թէ՛ բառապաշարով, թէ՛ դարձուածքներով, թէ՛ ոճով, թէ՛ լեզուական-քերականական ըմբռնումներով» («Արեւմտահայերէնի կարօտով…», Նոր յառաջ, 2022-07-28): Բայց ասոր համար ոչ միայն մամուլի վիճակը, այլեւ ընդհանրապէս արեւմտահայերէնի ուսուցումը կը դառնայ խնդիր, որ անմիջական ու ընդհանրական լուծման կը կարօտի։

Համոզուած եմ, սակայն, որ մամուլի անմիջական բարելաւման ոլորտները չեն պակսիր. օրինակ՝ լուրերու եւ տեղեկատւութիւններու, արտասանուած խօսքերու կամ բանախօսութիւններու ամբողջական ներկայացումներու կողքին նաեւ անոնց ամփոփումը մատչելի դարձնել լեզուական բարձր որակով, նոյնպէս օտար մամուլէն ու գրականութենէն կատարել անհրաժեշտ թարգմանութիւնները՝ քայլ պահելով աշխարհի ու մանաւանդ իմացական աշխարհի յառաջընթացին հետ, խմբագիրներուն, մանաւանդ երիտասարդ խմբագիրներուն ու անոնց անմիջական օգնականներուն համար վերաորակաւորման հնարաւորութիւններ ընծայել եւ այլն։ Կը մնայ ունենալ կամքը եւ ստեղծել անհրաժեշտ նիւթական կռուանները յաղագս բարելաւման։

Անդրադառնա՛նք, թէ մեր մամուլը իր դերը խաղալու համար կարիքը ունի մեր անսակարկ հոգածութեան ու խոր գուրգուրանքին։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

 

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.