Մեր խնդիրը այսօր Կոմիտասը արժանավայել ձեւով ներկայացնելն է». «Հորիզոն»ի հարցազրոյցը աշխարհահռչակ սոփրանօ Յասմիկ Պապեանի հետ
Յասմիկ Պապեան The Washington Post-ին կողմէ նկարագրուած է որպէս «այժմու լաւագոյն Նորման»: Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցած իր ելոյթին, երբ ան հանդէս եկած էր Պելլինի Նորմայի դերերգով, ոչ հայ գանատացի արուեստասէրները եօթը վայրկեան յոտնկայս ծափահարած են օփերայի հերոսուհիին՝ սոփրանօ Յասմիկ Պապեանին: Վերյիշելով այդ օրուան ապրումները, Պապեան կ’ըսէ. «Նորման կարենալ երգելը մեծ երջանկութիւն է, Աստուծոյ մէկ պարգեւն է, այդ օփերան սկսիլ եւ վերջացնելը մեծ մարտահրաւէր է: Էվերէսթ ցատկելու կը նմանի, որովհետեւ 11 անգամ վերեւի տող ելլել կայ, պէտք է կարենաս երգել: Նուագախումբը շատ քիչ կատարում ունի, հետեւաբար ամբողջ երգեցողութեան ընթացքին շատ զգոյշ պէտք է ըլլաս, որովհետեւ որեւէ սխալ կամ շեղում անմիջապէս կը նկատուի: Նորման մեկնաբանելը մեծ համարձակութիւն է, բայց եւ աննկարագրելի հաճոյք»:
Այս տարի նշուեցաւ մեր ազգագրական տոհմիկ երգը համաշխարհային բեմին վրայ օտար հասարակութեան ծանօթացնող Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակը: Այս առթիւ Պապեան կ’ըսէ. «Կոմիտասը մեր ժողովուրդին, մեր երկրին եւ մեր մշակոյթին սրբութիւնն է, նահապետը, անոր արժէքը թերագնահատել անկարելի է: Մեր խնդիրը այսօր Կոմիտասը արժանավայել ձեւով ներկայացնելն է, այսինքն այնպէս ինչպէս ինքը մշակեր եւ ներկայացուցեր է մեր երգը: Երբեմնի անյաջող մշակումները, երբեմնի խեղաթիւրումները, եթէ թոյլ տրուի ինծի ըսել՝ շատ ցաւալի են ինծի համար»: Արուեստագիտուհին անդրադառնալով Կոմիտասի երգերու իր կատարողութեան՝ յայտնեց, թէ ինք միշտ ալ փորձած է ակադեմական ոճով ներկայացնել զանոնք: «Հետաքրքրականը Կոմիտասի գործերուն ժամանակավրէպ չըլլալն է. օրինակի համար «Անտունին» կարծէք երէկ գրուած է, այնքան ժամանակակից ու այնքան թարմ», յայտնեց արուեստագիտուհին եւ շեշտեց մեր մանուկներուն կոմիտասեան երգերը ծանօթացնելուն անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի ապագայ մեր երաժիշտները անոր շունչով պատրաստուին:
«2005 թուին Կոմիտասի երգերով ձայնասկաւառակ մը հրապարակած եմ, որոնք սոփրանոյի համար են: Ես պրպտած եւ գտած եմ Կոմիտասի ինը գերմաներէն երգերը, զորս գրած է Պերլին ուսանած տարիներուն, առաւելաբար Կէօթէի բանաստեղծութիւններուն հիմամբ ու ազդեցութեամբ: Արդէն 10 տարիէն աւելի է, որ ունիմ այդ սկաւառակը եւ զանազան առիթներով կը մեկնաբանեմ աշխարհով մէկ», բացայայտեց Պապեան եւ աւելցուց, թէ այդ երգերուն արխիւները Պերլին եւ Փարիզ կը փնտռէր, բայց Հայաստան գտած էր, Եղիշէ Չարենցի անուան Գրականութեան ու Արուեստի թանգարանին մէջ: Արուեստագիտուհին անդրադառնալով Կոմիտասի գերմաներէն ստեղծագործութիւններուն, կը շեշտէ, թէ անոնց մէջ տիրականօրէն զգալի է հայկական դրոշմը. «Ձայնասկաւառակին երգերուն բնագիրները, առաջին անգամ ըլլալով, թարգմանուած են երեք լեզուներու՝ գերմաներէնի, ֆրանսերէնի եւ անգլերէնի: Հետաքրքրականը այն է, որ նոյնիսկ եթէ ունկնդիրը չհասկնայ, թէ ինչի՛ մասին կ’երգուի, միեւնոյնն է՝ կը յուզուի հաւասարապէս հայու նման, ասոր մէջ կը կայանայ Կոմիտասի տաղանդը» կ’ըսէ ան:
Հարցումին, թէ արուեստագէտի իր երթին ընթացքին ո՞րն է իրեն համար այն իւրայատուկ պահը, որ անջնջելիօրէն դրոշմուած է իր յիշողութեան մէջ, Պապեան ըսաւ. «Կը դժուարանամ ըսելու, որովհետեւ իւրաքանչիւր ելոյթ յիշարժան է եւ ունի իր իւրայատուկ դրոշմը սրտիս ու հոգիիս մէջ, բայց արուեստագէտին համար շատ կարեւոր է յառաջխաղացքը: Զայն կրնանք բաղդատել մարզիկի մը հետ, որ ողիմպիականի մը ախոյեան կը դառնայ, հետեւաբար անկէ ետք պարտաւոր է այդ մակարդակը պահել եւ տակաւին՝ աւելին նուաճել: Շատ մեծ արուեստագէտներու հետ երգած եմ, մեծ երաժիշտներու հետ զուգերգներ ունեցած եմ, անոնք բոլորը ինծի համար մէկական դպրոց եղած են, իրենց հետ հանդիպիլը, աշխատիլը շատ բան սորվեցուցած է, եւ հետեւաբար, իւրաքանչիւր ելոյթ, իւրաքանչիւր զուգընկեր իր իւրայատուկ տպաւորութիւնն ու անմոռանալի ազդեցութիւնը ունի ե՛ւ անձիս ե՛ւ արուեստիս վրայ»:
Սոփրանօ Յասմիկ Պապեանի 2004-ին շնորհուած է «Ժողովրդային աուեստագիտուհի» տիտղոսը, իսկ Էջմիածնի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւններուն կողմէ արժանացած է շքանշաններու: Օփերայի դպրոց մը հիմնելու եւ այդպիսով իր փորձառութիւնը հայ նորահաս արուեստագէտներուն փոխանցելու իր ծրագիրներուն մասին ան յայտնեց. «Ոչ միայն դպրոց ստեղծելու, այլեւ աւելի մեծ ծրագիրներ ունիմ: Ինծի համար շատ հետաքրքրական է Սալզպուրկի մէջ Գարայեանի ստեղծած «Ֆեսթիվալ» փառատօնը: Սալզպուրկը նախապէս աննշան գիւղ մըն էր, ուր երկու սենեականոց տան մը մէջ ծնած է Մոցարթ: Այսօր, այդ իսկ պատճառով, Սալզպուրկը համաշխարհային գետնի վրայ մշակութային մեծ նշանակութիւն ներկայացնող քաղաք մը կը համարուի: Երազս է Հայաստանի մէջ հիմնել նման փառատօն մը, որովհետեւ մշակութային մեծարժէք վայրեր ունինք՝ եկեղեցիներ, սրբավայրեր, հնութիւններ եւ այլն, զորս կրնանք արուեստի մեծ ծրագիրներու համար օգտագործել եւ փառատօներ ստեղծել»:
Յասմիկ Պապեան անցնող ամիսներուն Մոնթրէալի մէջ ելոյթ ունեցաւ Աթքէն Արմէնեանի յիշատակին հիմնուած բարեսիրական հաստատութեան նախաձեռնած համերգին: Ան յաճախ հանդէս եկած է բարեսիրական համերգներով: Այս մասին արուեստագիտուհին կ’ըսէ. «Պէտք է խոստովանիմ, որ մինչ այս շատ բան չէի գիտեր այս բարեսիրական հաստատութեան մասին: Ուրախ եմ, որ այս առթիւ աւելի մօտէն ծանօթացայ անոր կենսագրութեան ու իր յիշատակին հիմնուած այս հիմնարկին նպատակներուն եւ ըսեմ, որ բարձր կը գնահատեմ անոնց տարած աշխատանքն ու առաքելութիւնը: Ուր որ հնարաւորութիւնն ու կարելիութիւնը կայ մասնակցութիւնս բերելու բարեսիրական ելոյթներու՝ ես անվարան պատրաստ եմ»:
Արուեստագիտուհին անդրադառնալով սփիւռքահայ բարեսիրական հաստատութիւններու, որոնց թիւը շատ է տարբեր բնագաւառներու մէջ եւ որոնց տարած աշխատանքը՝ բարձր գնահատանքի արժանի, անդրադարձաւ նաեւ որ հազուագիւտ են բարեսիրական այն հաստատութիւններն ու կազմակերպութիւնները, որոնք կը մտածեն ուղղակի արուեստասէր երեխաներուն մասին, որոնք առիթը չունին արուեստի բնագաւառէն ներս հաստատելու իրենք զիրենք կամ ֆինանսական գետնի վրայ դժուարութիւններ ունին, հետեւաբար սփիւռքի մէջ հիմնուած Աթքէն Արմէնեանի յիշատակին այս բարեսիրական կազմակերպութիւնը այդ բացը կը լրացնէ: «Մեր հայ պզտիկները լուրջ կարիքը ունին այդ նեցուկին, որովհետեւ իրապէս իւրաքանչիւր հեռաւոր գիւղի մէջ, շրջանի մէջ կամ մարզի մէջ տաղանդ մը կայ, զոր պէտք է քաջալերենք եւ նեցուկ կանգնինք, որպէսզի կերտենք ապագայի մեր հայ երաժիշտները», եզրափակեց ան:
«Հորիզոն»