«Մեր Ժամանակներու Մշակութային Ցեղասպանութիւնը. Նախիջեւան. Հայկական Մշակոյթի եւ Պատմութեան Ոչնչացումը» Գիրքին Շնորհահանդէսը՝ Իտալիոյ Մէջ

23 Յունուարին, Իտալիոյ Երեսփոխաններու պալատի մամլոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մեր ժամանակներու մշակութային ցՑեղասպանութիւնը. Նախիջեւան. հայկական մշակոյթի եւ պատմութեան ոչնչացումը»  խորագրեալ գիրքին շնորհահանդէսը։

Անթոնիա Արսլանի եւ Ալտօ Ֆերարիի հեղինակած սոյն հատորը լոյս տեսած է Guerini e Associati հրատարակչութեան կողմէ (Միլանօ, 2023)։

Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան գրող, գիրքին խմբագիր Անթոնիա Արսլան, Իտալիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի նախագահ Ճուլիօ Չենթեմերօ, Վենետիկի Կա Ֆոսքարի համալսարանի դասախօս Ալտօ Ֆերարի, Հռոմի Ռիսորճիմենթօ կեդրոնական թանգարանի տնօրէն Մարքօ Փիցօ (Pizzo):

Comments are closed.