«Մեր Գաղութները Օժտենք Հայագիտական Հիմնարկներով». Հարցազրոյց բանասէր եւ կրթական մշակ Լեւոն Շառոյեանի հետ
Մայիսի վերջին տասնօրեակին Լիբանան կը գտնուէր հալէպահայ ծանօթ մտաւորական, բանասէր եւ կրթական մշակ Լեւոն Շառոյեան: Ան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կրթական-հայագիտական գրասենեակին հրաւէրով ժամանած էր Պէյրութ` մայրավանքին հովանին վայելող Հայագիտական դասընթացքներուն բերելու իր նպաստը` դասաւանդելով արեւմտահայերէնի խորացեալ քերականութիւն եւ սփիւռքահայ գրականութիւն:
Շառոյեան իր այցելութեան օրերուն առիթ ունեցաւ կապեր հաստատելու լիբանանահայ մտաւորական տարբեր շրջանակներու հետ եւ որպէս բանախօս` ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Գիր եւ գրականութիւն» մասնագիտացած յանձնախումբին կազմակերպած գրական այն երեկոյթին, որ ձօնուած էր նահատակ բանաստեղծ Սիամանթոյի ծննդեան 145-ամեակին:
Շառոյեան անուանի դէմք մըն է հայ մամուլի էջերուն մէջ` ահա արդէն աւելի քան երեսուն տարիէ ի վեր: Հեղինակ է գրականագիտական շարք մը հատորներու եւ քերականական-ուղղագրական մատչելի ուղեցոյցի մը, որ լոյսին բերուած էր անցեալ տարի: Երկու տասնամեակէ ի վեր ան դասախօս է Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական հիմնարկէն ներս, չորս տարիէ ասդին ալ կը գործակցի կաթողիկոսարանի կրթական գրասենեակին` Հայագիտական դասընթացքներու գծով, իբրեւ այցելու դասախօս:
«Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Լեւոն Շառոյեանի հետ` անոր փորձառութեան ընդմէջէն լուսարձակի տակ առնելու համար հայոց լեզուի եւ հայագիտական ամպիոններու տեղն ու դերը` սփիւռքահայ ժամանակակից գաղութներուն մէջ:
«ԱԶԴԱԿ».- Վերջին տարիներուն յաճախակի այցելութիւններով գտնուեցաք Լիբանան, կապեր հաստատեցիք հայ ուսանողութեան հետ: Արդ, քաջատեղեակ ըլլալով թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ՛ Լիբանանի մեր գաղութներուն ազգային առօրեային, այսօր ի՞նչ պիտի ուզէիք ըսել հայոց լեզուին պարզած իրավիճակին մասին` տուներէ ներս, փողոցին մէջ, մամլոյ էջերուն վրայ ու մանաւա՛նդ մեր դպրոցներու կամ կրթական հաստատութիւններու յարկին տակ:
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ.- Լիբանանն ու Սուրիան դրացի երկու գաղութներ են` գրեթէ կատարելապէս հայախօս ու հայագիր: Այս երեւոյթը զանոնք յստակօրէն կը զատորոշէ սփիւռքեան միւս գօտիներէն, մասնաւորաբար` Արեւմուտքէն, ուր գիտենք, որ հայախօսութիւնը լա՜յն չափով իր տեղը զիջած է օտարախօսութեան:
Եթէ Լիբանանն ու Սուրիան տակաւին հայախօս կը սեպուին, այս ալ իր կարգին կը նշանակէ, որ մեր այս երկու սիրելի գաղութները կը հանդիսանան արեւմտահայերէնի պահպանման ու գոյատեւման գլխաւոր երկու ամրոցները: Պիտի համարձակիմ ըսել` վերջին բերդերը, որոնք տակաւին չեն ինկած, որովհետեւ նոյնիսկ Պոլսոյ կամ Յունաստանի նման մերձարեւելեան հայագաղութներու մէջ հայախօսութիւնը հետզհետէ կը չքանայ, մինչ օտարախօսութիւնը սրընթաց կ՛արշաւէ:
Սակայն Պէյրութն ու Հալէպն ալ վիրաւոր են այլեւս: Ներքին պատերազմները, քաղաքական անկայունութիւնն ու տնտեսական ահաւոր փլուզումը տկարացուցին զանոնք: Թէ ի՜նչ այլաբնոյթ տագնապներէ անցաւ, ու դեռ կ՛անցնի, մայրիներու չքնաղ երկիրը յիսուն տարիէ ի վեր, ծանօթ է բոլորիս: Անդին` «երազային» Հալէպն ալ այլեւս այն չէ` ինչ որ էր անցեալին: 12 տարի առաջ ծայր տուած պատերազմին պատճառով հալէպահայ գաղութը կրեց մեծ վնասներ: Նօսրացանք թիւով ու մարդուժով, սահմանափակուեցան մեր նիւթական կարելիութիւնները, կծկուեցանք ու մնացինք բուռ մը: Գաղթի ալիքները ցրուեցին մեզ: Այն, ինչ որ ունէինք կամ պատրաստեր էինք որպէս մարդուժ` երիտասարդ աշխատունակ տղաք, հնարամիտ ու փայլուն արհեստաւորներ, տիպար ընտանիքներ, գրասէր տարրեր, հայերէնաւանդ ուսուցիչներ, մամուլի ու գիրի սպասաւորներ, հեռացան երկրէն մեծաւ մասամբ:
Հիմա կը ջանանք պահել մեր ձեռքը մնացածը: Եւ ամէնէն առաջ` դպրոցները, առանց որոնց` անկարելի է պատկերացնել մեր համայնքային կեանքը:
Ամէն բանէ առաջ հաստատենք, որ Հալէպի կամ Պէյրութի փողոցներուն մէջ, արհեստանոցներէ կամ վաճառատուներէ ներս հայ տարրը առհասարակ, հայախօս է, երբ կը շփուի իր նմանին հետ: Եթէ հայախօս է դուրսը` գործի աշխարհին մէջ, ուրեմն ենթադրելի է, որ հայախօս է տան մէջ եւս: Լեզուի կենսունակութեան առաջնահերթ պայմանն է ասիկա:
Բայց սոսկական հայախօսութիւնը առանձինն բաւարար չէ հայապահպանման լայն պաստառին վրայ: Անհրաժեշտ է նաեւ հայերէնով ընթերցում (գիրք ու մամուլ) եւ գրաւոր հայերէնի օգտագործում (նամակագրութիւն, յօդուածագրութիւն, համացանցի ընկերային հարթակներու վրայ հայատառ գրառումներ):
Կը նկատեմ, որ Լիբանանի մէջ մեծ ջանք կայ գրահրատարակչական գործունէութեան: Լոյսին կը բերուին մանուկներու կամ պատանիներու յարմար շատ գեղատիպ ու հմայիչ հրատարակութիւններ: Այս հիանալի աշխատանքները տարիներէ ի վեր կը շարունակուին առանց դադարի, ինչ որ չափազանց գնահատելի է: Նոր սերունդին հայախօսութեան ու հայերէնագիտութեան համար պէտք չէ խուսափիլ նիւթաբարոյական ներդրումներէ:
Դպրոցներու պարագան կը կարօտի շատ աւելի մեծ ուշադրութեան ու խորունկ քննութեան: Տեսէ՛ք, Լիբանանի տարածքին կը գործեն 16 հայկական դպրոցներ, Հալէպի մէջ` 8 (վարժարաններ ունինք Դամասկոս, Քեսապ, Լաթաքիա եւ Ճեզիրէ ալ): Սուրիահայ վարժարաններու դիմագրաւած մեծագոյն մարտահրաւէրը հայախօսութեան հարցն է հիմա: Քանի որ մեր փառաւոր դպրոցները կորսնցուցին իրենց աշակերտութեան 60-70 առ հարիւրը, ուստի ստիպուեցան կամայ-ակամայ գիրկ բանալ ոչ հայ աշակերտներու առջեւ: Այս ալ կարգուսարքի, աւանդապահութեան ու հայաշունչ մթնոլորտի աննախադէպ վերիվայրումներ ստեղծեց այնտեղ: Հիմա, դասարանին մէջ կամ զբօսանքին, բնական երեւոյթ սկսած է դառնալ տեղական լեզուով խօսակցութիւնը ընդմէջ աշակերտներուն: Տասը տարի առաջ այդպէ՞ս էր: Ո՛չ, բացարձակապէ՛ս ոչ: Սուրիահայ վարժարաններու ընդհանուր համրանքին մէջ հազիւ 2-3 դպրոց կրցած է ցարդ կուրծք տալ այս հոսանքին ու իր երդիքը պահել անաղարտ:
Այս մտահոգիչ երեւոյթը, բնականաբար, նորանոր պատնէշներ եւ խութեր կը բարձրացնէ դպրոցներու հայապահպանումի վսեմ առաքելութեան առջեւ: Դուք կը կարծէ՞ք, թէ կարելի է որակեալ հայերէն սորվեցնել խառն աշակերտութիւն հիւրընկալող վարժարաններուն մէջ: «Անկարելի առաքելութիւն» մըն է ատիկա:
Լիբանանի մեր վարժարաններն ալ զերծ չեն դժուարութիւններէ: Հոս տասնամեակներէ ի վեր կայ դէպի օտար վարժարաններ անկասելի հոսք մը: Ասիկա ոմանք կը վերագրեն սնոպիզմի, ուրիշներ` տնտեսական դժուարութեանց: Լիբանանահայ դպրոցները ունին թիւի լուրջ տագնապ ալ. 60, 100 կամ 120 աշակերտով (որոնց մէկ մասը` ձրիավարժ) դպրոց մը ինչպէ՞ս պիտի հոգայ իր մագլցող ծախսերը: Սուր բնոյթ ունի նաեւ հայերէնաւանդ հմուտ ուսուցիչի կամ հայագիտական դասանիւթերու մասնագէտ տարրի պակասը, որ ընդհանրական տագնապ է սփիւռքեան մեր բոլոր գաղութներուն պարագային, առանց բացառութեան:
Լիբանանի առնչաբար, ինծի շատ մեծ ցաւ կը պատճառէ լիբանանահայ մամուլին պարզած ահաւոր ընկրկումն ու անարդարանալի տեղատուութիւնը, որ ուղղակի ողբերգական է: Դեռ 5-6 տարի առաջ, երբ Պէյրութ կ՛այցելէի, առաւօտուն իմ սեղանին վրայ կրնայի տեսնել երեք հայերէն օրաթերթեր` մեր քաղաքական կուսակցութեանց օրկանները: Այսօր այդ երեքէն մէկն է միայն` «Ազդակ»-ը, որ իր ամէնօրեայ առաքելութիւնը կը կատարէ ճշդապահօրէն ու աննահանջ, մինչ միւս երկուքը` 85-ամեայ «Զարթօնք»-ն ու «Արարատ»-ը (նոյնքա՛ն սիրելի հրատարակութիններ ինծի համար) կը տուայտին գոյութեան ու անէացումի սահմանագիծին վրայ: Կան ու չկան (իմ խօսքը կը վերաբերի անշուշտ թերթերու տպագիր օրինակին): Տխու՜ր երեւոյթ, որ մէկ կողմէ սերտօրէն կ՛առնչուի՛ լիբանանահայ գաղութին առանցքը կազմող մայր կառոյցներու ներքին տկարացումին ու թեւաբեկումին, միւս կողմէ ալ` բնական հետեւանքն է հայ մտաւորական տարրին համարեա՛ նօսրացումին: Դեռ չենք խօսիր շարք մը թերթերու եւ պարբերականներու խեղճ բովանդակութեան ու լեզուական քաոսին մասին, որ սիրտ կը ծակէ ու կը խաթարէ մեր ճաշակը:
«Ա.».- Կրթական մշակ մը ըլլալով` ինչպէ՞ս կ՛արժեւորէ՛ք հայերէնի ուսուցումը մեր դպրոցներէն ներս եւ ի՞նչ դեր կը վերապահէք հայագիտական հիմնարկներուն` Հալէպ, Պէյրութ կամ այլուր: Անոնց հիմնական առաքելութիւնը ի՞նչ պէտք է ըլլայ:
Լ.Շ.- Վերջերս մամուլի մէջ («Պայքար» շաբաթաթերթ) 20 թիւէ բաղկացած լայնածաւալ յօդուածաշարք մը հրատարակեցի` լուսարձակի տակ առնելով ոչ միայն սփիւռքահայ ամէնօրեայ վարժարաններու ընդհանուր համայնապատկերը, այլեւ` մեր կրթական յարկերուն տակ բոյն դրած ու հայերէնի ուսուցման առնչուող նշմարելի ու աննշմարելի բոլո՜ր ախտերը, բոլո՜ր հարցերը:
Ի յայտ եկաւ, որ մենք ներկայիս ունինք 135 ամէնօրեայ վարժարաններ` Միջին Արեւելքէն մինչեւ Հիւսիսային ու Հարաւային Ամերիկաներ եւ Աւստրալիա:
Այս դպրոցները հայերէնաւանդ որակեալ ուսուցիչներու պէտք ունին անշուշտ, որպէսզի արդիւնաւէտ կերպով ի կատար ածեն իրենց առաքելութիւնը: Իսկ հայերէնաւանդ ուսուցիչները ուրկէ՞ պիտի գան:
Յիշեցէ՛ք. մինչեւ 70-ական թուականներ, այսինքն` իր գոյութեան առաջին յիսուն տարիներուն, հայ սփիւռքը հայերէնաւանդ ուսուցիչի տագնապ չէր ունեցած: Մեր հարիւրաւոր վարժարանները (Պոլիս, Հալէպ, Պէյրութ, Պաղտատ, Կիպրոս, Գահիրէ, Թեհրան եւ այլուր) ունէին հին սերունդին պատկանող պատկառելի ուսուցիչներու փաղանգ մը, որ մինչեւ իր վերջին շունչը ծառայեց հայ դպրոցին ու մնաց պատնէշի վրայ:
Աւելի ուշ Երուսաղէմի ու Անթիլիասի դպրեվանքերը, Կիպրոսի Մելգոնեան կրթ. հաստատութիւնը, Երեւանի պետական համալսարանը (մանաւա՛նդ խորհրդային շրջանին), նաեւ Հալէպի ու Պէյրութի երկրորդական վարժարանները ուսուցիչներ պատրաստելու, սփիւռքի մեր հարիւրաւոր դպրոցներուն համար հայագէտներ հայթայթելու իսկական հնոցներ եղան երկար տարիներ: Այս դպրոցներէն շրջանաւարտները, փառքով ու պատուով, անմիջապէս ձեռք առին հին սերունդին պարզած դրօշն ու շարունակեցին քալել նոյն ուղիով:
Սերնդափոխութիւնը իրականացաւ ուրեմն բնական կերպով, հեզասահօրէն: Բայց 90-ական կամ 2000-ական թուականներէն ետք բա՛ն մը խախտեցաւ մեր ազգային կեանքին մէջ: Զարմանալիօրէն, Հայաստանի վերանկախացումը, սկզբնական տարիներուն իր յառաջացուցած խանդավառ ալիքէն ետք, կարծէք ինքնալքումի ու ձեռնթափութեան մղեց հայ սփիւռքը: Հետզհետէ դպրոցներ սկսան փակուիլ հոս-հոն (սկսելով Վենետիկի Մուրատ-ռափայէլէան հռչակաւոր վարժարանէն), գոյութեան կոչուած հայագիտական ամպիոններ ամլութեան մատնուեցան (ինչպէս` Պէյրութի պարագային), հայերէնի ուսուցումը սկսաւ կաղալ, չարդիւնաւորուիլ` անցեալին հետ բաղդատաբար:
Այսօր մեր դպրոցներուն մէջ կը պաշտօնավարեն սփիւռքի Գ. սերունդին, բայց աւելի լայն չափով` արդէն Դ. սերունդին պատկանող ուսուցիչներ: Իսկ այս վերջին սերնդափոխութիւնը իրականացած է մե՜ծ դժուարութեամբ, երկունքո՛վ: Հայերէնի որակեալ դասատուներ գտնելը մղձաւանջ դարձած է ամէնուրեք: Պաշտօնին թեկնածուները յաճախ չունին իրենց դասանիւթին ենթադրած բաւարար գիտելիքն ու հմտութիւնը, կը դասաւանդեն կաղն ի կաղ: Ընդհանրապէս չունին նաեւ իրենք զիրենք ինքնամշակումի ենթարկելու, կատարելագործուելու մղումն ու ցանկութիւնը, որ բանալին է իսկակա՛ն յաջողութեան (կը ճանչնանք ուսուցչուհիներ, որոնք քսան ու աւելի տարիներ պաշտօնավարելով հանդերձ, տեղքայլի մէջ են, չե՛ն զարգացուցած իրենք զիրենք): Իսկ դպրոցները, անճար ու անզօր, ստիպուած են կամայ-ակամայ գոհանալ եղածով:
Հայագիտական հիմնարկ մը, ահաւասիկ, կրնայ բարւոք լուծումներ բերել նմանօրինակ հարցերու:
Բայց նախ, հայագիտական հիմնարկէն առաջ, պէտք է պարբերաբար ձեռնարկել հայերէնաւանդ ուսուցիչներու վերապատրաստութեան. ուսուցիչները մի՛շտ ալ կը կարօտին վերաթարմացումի, որովհետեւ դարաշրջանը մասնագիտութեան դարն է: Հարկ է ուղղել ու վերապատրաստել ուսուցիչները` ոչ միայն մանկավարժական նորանոր գիտելիքներով զինելով, այլ նաեւ` դասաւանդութեան եղանակի ու ձեւի արդիաշունչ մեթոտներու ծանօթացնելով զանոնք: Դպրոցները, գոնէ 3-4 տարին անգամ մը, սերտուած ծրագրով մը պարտին ամառնային վերաորակաւորման լսարաններ սարքել հայ ուսուցիչներուն համար: Ասիկա օգտակար պիտի ըլլայ բոլորին` դպրոցին, ուսուցիչին ու աշակերտին հաւասարապէս:
Յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ ուսուցչանոցը` երկու տարուան սեղմ ծրագրով: Այսպիսի հիմնարկ մը պիտի զինէ ու նախապատրաստէ ուսուցչական պաշտօնի թեկնածուները` ինքնավստահօրէն ստանձնելու իրենց վսեմ պաշտօնը: Մեր գաղութներէն ոմանք անցեալին, յաջողապէս կատարած են նման փորձեր եւ` մեծապէս օգտուած: Աչքի առջեւ ունենալով սփիւռքեան ամէնօրեայ վարժարաններու տեղաբաշխումի մօտաւոր քարտէսը` հայկական ուսուցչանոցի մը անյապաղ կարիքը ունին ամէնէն առաջ Փարիզը, Լոս Անճելըսը, Պուէնոս Այրեսն ու Պոլիսը: Այս քաղաքներուն անունները կու տամ, որովհետեւ այնտեղ գոյութիւն ունին ամէնօրեայ վարժարաններու լայն ցանցեր: Մեր այս գաղութները, փա՜ռք Աստուծոյ, դեռ իրենց ծոցին մէջ ունին անհրաժեշտ տարրերն ու հարկաւոր նիւթականը` գլուխ հանելու համար նման կենսական ծրագիր մը: Անոնք պէտք չէ տնտնան: Պատկերացուցէք, որ Քալիֆորնիոյ մէջ ունինք 14 հայկական ամէնօրեայ դպրոց, սակայն ուսուցիչներ պատրաստող հայագիտական հիմնարկ մը չկայ:
Ուսուցչանոցը կրնայ փոխարինուիլ անշուշտ հայագիտական հիմնարկներով ալ, աւելի ընդգրկուն ծրագրով մը: Օրինակ կրնայ ծառայել Հալէպի Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկը, որ չորս տարուան հայագիտական ամբողջական ծրագիր մը կը կ՛իրարկէ շուրջ 25 տարիէ ի վեր` մարդուժ հայթայթելով թէ՛ գաղութին, թէ՛ արտասահմանին (ի դէպ, պատերազմի բերումով շատ դժուար պայմաններու մէջ գոյատեւեց ան ու ինքզինք մատակարարեց փոքր պիւտճէով մը): Չենք կրնար մոռնալ Լիբանանն ալ, որ պատուաբեր փորձ ունեցած է այս մարզին մէջ` իր մէկէ աւելի հաստատութիւններով (նախկին Հայկազեան քոլեճ, ՀԲԸՄ-ի Հիւսիսեան եւ Համազգայինի հիմնարկներ, որոնք փակուած են դժբախտաբար): Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը շուրջ տասը տարիէ կը ջանայ վերարծարծել այդ մարած ջահը` մայրավանքին մէջ հաստատուած Հայագիտական դասընթացքներով: Երկու-երեք տարի առաջ, նոյն գծով, համեստ նախափորձի մը ձեռնարկուեցաւ նաեւ Մոնրէալի մէջ, Համազգայինի նախաձեռնութեամբ: Այս ձեռնարկները պէտք է ամրապնդուին, տեւականանան:
Մեր այսօրուան պայմաններուն մէջ անկարելի է ակնկալել, որ հայերէնաւանդ ուսուցիչ մը ԻՆՔՆՈՒՍ ըլլայ, մշակած ու կոփած ըլլայ ինքզինք սոսկ ինքնաշխատութեամբ, յարատեւ ինքնազարգացումով: Երանի՜ այդպէս ըլլար: Երանի՜ մեր շուրջ տեսնէինք մանկամարդ տղաք ու աղջիկներ, որոնք 15 տարեկանէն սկսեալ արտակարգ ու հիասքանչ սէր մը կը սնուցանեն հայերէնի նկատմամբ, շարունակ գրականութիւն կը կարդան, գրական ճաշակ մը կը զարգացնեն իրենց ներսիդին, հայ մամուլ կը կարդան ամէն օր, գրելու փորձեր կ՛ընեն, երբեմն մեր մշակութային կեանքին մասնակցութիւն կը բերեն կարճ բանախօսութիւններով, ինքնաբուխ մերձեցումով կը սերտեն մեր լեզուին հիմնական քերականութիւնը, կ՛աշխատին կատարելագործել իրենց բառամթերքը, ուշադիր են ուղղագրական ու կէտադրական օրէնքներու եւ այլն:
Բայց ու՞ր են այսպիսի համբուրելի տիպարներ:
«ԱԶԴԱԿ».- Իսկ ուրկէ՞ պիտի գան հայագիտական հիմնարկի մը կամ ուսուցչանոցի մը ուսանողները:
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ.- Ակնբախ իրողութիւն է, որ Միջին Արեւելքի մեր հայկական երկրորդական վարժարանները (Պէյրութ, Հալէպ կամ Պոլիս) հայեցի կրթութեան ու հայագիտական ուսումնառութեան տեսակէտէ այլեւս կորսնցուցած են իրենց երբեմնի փայլքը: Հոնկէ շրջանաւարտ մը բացարձակապէս ի վիճակի չէ հայերէնաւանդ ուսուցիչի ամպիոնին ետին կանգնելու: Չունի այդ պատրաստութիւնը: Այնուհանդերձ, հայերէնաւանդ ապագայ ուսուցիչը պիտի գայ կամ կրնայ գալ մի՛միայն հոնկէ` հայ դպրոցէն: Ուրիշ ո՛չ մէկ օճախ կրնայ կորիզը պատրաստել հայ ուսուցիչին: Հայերէնաւանդ ուսուցիչին բեղմնաւորման միա՛կ արգանդը հայ դպրոցն է:
Բայց անհրաժեշտ է այդ կորիզը ուռճացնել, սնուցանել, շաղել, կոփել, յղկել, որպէսզի պատրաստ ըլլայ ան հայերէնաւանդ ուսուցիչի քղամիդը իր ուսին առնելու ու դասարան մտնելու:
Այս դժուարին գործը, մա՛րդ պատրաստելու առաքելութիւնը, վիճակուած է հայագիտական հիմնարկներուն: Եթէ մեր դպրոցներուն հիմնադրութեան բո՛ւն նպատակը մայրենի լեզուի ուսուցումն է, ու այդ նպատակին իրագործումը հիմա գոհացուցիչ չէ ու չի գտնուիր ցանկալի մարկարդակի վրայ, ուրեմն անյապաղ ձեռնարկենք մարդուժի պատրաստութեան:
«Ա.».- Հայերէնի ուսուցումը ինչո՞ւ կը կաղայ մեր դպրոցներուն մէջ, առհասարակ: Պատճառները արտաքի՞ն են, թէ՞ ներքին:
Լ.Շ.- Այսպիսի հարցումի մը պատասխանելէ առաջ նախ պէտք է յիշեցնել, որ հայերէնը, երկրէ երկիր, պետական-պաշտօնական դիտանկիւնէ ենթակայ է տարբեր կարգավիճակներու: Եթէ արեւմտեան երկիրներու մէջ (Ամերիկա, Եւրոպա) հայերէնի ուսուցումը բոլորովին ազատ ու անկաշկանդ է, ապա արաբական կամ մահմետական երկիրներու մէջ անիկա ենթակայ է որոշ օրէնքներու կամ օրինական տրամադրութիւններու: Այս օրէնքները, որոնք տուեալ երկրին պետական կրթական համակարգէն կը բխին, կրնան երբեմն որոշ կաշկանդումներ բերել հայերէնի ուսուցման, սակայն բնաւ չե՛ն խափաներ կամ չե՛ն արգելակեր հայ համայնքին իր մայրենի լեզուն սորվելու կամ սորվեցնելու բնական իրաւունքը: Հետեւաբար կրնանք ըսել, թէ ո՛չ մէկ երկիր արգելք դրած է հայերէնի ուսուցման առջեւ:
Օրինակ, շատ հետաքրքրական է Սուրիոյ պարագան, ուր, պետական օրինագիծին մէջ հայոց լեզուն բնորոշուած է իբրեւ «ծիսական լեզու», այսինքն` եկեղեցական կամ կրօնական պարտաւորութիւններու լեզու, կամ, եթէ կ՛ուզէք, աղօթասացութեան լեզու: Այս ալ, իր կարգին, անհրաժարելի, անհպելի կը դարձնէ անոր ուսուցումը: Խելացի կերպով ու հնարամտութեամբ ընտրուած «ծիսական լեզու» բառակապակցութիւնը իրականութեան մէջ ՎԱՀԱՆԻ ու ԵՐԿԱԹԵԱՅ ՀԱՆԴԵՐՁԱՆՔԻ դեր կը կատարէ մեր դպրոցներուն համար: Մեր վարժարաններուն կու տայ ԻՆՔՆՈՒՐՈՅՆՈՒԹԻՒՆ մը: Աւելի քան յիսուն տարիէ ի վեր սուրիահայ վարժարանները կ՛ապրին, կը գոյատեւեն ու իրերայաջորդ սերունդներուն իրենց մայրենին կը սորվեցնեն վերոնշեալ օրէնքին տրամադրութիւններով:
Հայերէնի ուսուցումը այսօր, կ՛ենթադրեմ, որ բաղձալի մակարդակի վրայ չի գտնուիր սփիւռքի մեր բոլոր (135) դպրոցներուն մէջ, առանց բացառութեան:
Ճի՛շդ է, որ մեր կրթական հաստատութիւնները որոշ չափով հայախօս կը պահեն իրենց խնամքին յանձնուած երեխաները, գրել-կարդալ կը սորվեցնեն անոնց, բայց…
Եթէ կրթական հետազօտիչ խմբակ մը մանրամասն քննութեան ենթարկէ սփիւռքահայ վարժարաններու աշակերտութեան հայերէնի իմացութեան ընդհանուր մակարդակը, անպայման պիտի յանգի տխուր եզրակացութիւններու:
Մոռնա՛նք Պոլիսը (ուր թրքախօսութիւնը համատարած է), մոռնա՛նք Ֆրանսան, Արժանթինն ու Ամերիկան (ուր օտարախօսութիւնը «բնական» երեւոյթ է) ու կանգ առնենք «Երազային Հալէպ»-ի դռներուն առջեւ:
Այստեղ դեռ կը պահենք 5 երկրորդական վարժարաններ (Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարան, ՀԲԸՄ-ի Լ. Նաճարեան-Գ. Կիւլպէնկեան կեդր. վարժարան, Կիլիկեան Ճեմարան, Կրթասիրաց-Չեմպերճեան վրժ. եւ Հայ Աւետ. Բեթէլ վրժ.), առաւել` երկու միջնակարգեր (Մխիթարեան ու Զուարթնոց) եւ միակ նախակրթարան մը (Ազգ. Միացեալ վրժ.):
Կրնանք խոստովանիլ անվարան, որ մեր երկրորդական վարժարաններուն աւարտական կարգերու հայ աշակերտութեան մօտաւորապէս ԵՐԿՈՒ ԵՐՐՈՐԴԸ իր մայրենի լեզուն սահուն կարդալու անկարող է: Դժբախտ իրականութիւն մըն է ասիկա: Ա՛լ չենք խօսիր ուղղագրութեան մասին, որ մեր աշակերտներուն Աքիլլէսի կրունկն է, մանաւանդ` սա վերջին տասը-տասնհինգ տարիներուն, երբ Դիմատետրի կամ առձեռն հեռաձայններու վրայ ամէն ոք երկու տողնոց մաղթանքն անգամ կը նախընտրէ գրել լատինատառ հայերէնով:
Մենք` ուսուցիչներս, յաճախ կ՛աշխատինք գօտեպնդուիլ այն սակաւաթիւ միւսներով` հայերէնի հոգածու աշակերտներով, անոնց մէջ փնտռելով մեր ուրախութիւնը, մեր աշխատանքին պսակաւորումը: Բայց այս վերջիններուն թանկագին գոյութիւնը չի կրնար մոռցնել տալ մեզի այն միւս մեծամասնութիւնը, որ հայերէնի մէջ չափազանց տկար է, հեգելով կամ կմկմալով կը կարդայ, ճշգրիտ նախադասութիւն մը չի կրնար կազմել, բառերը քով-քովի կը շարէ անկապակից կերպով, միակ բառի մը մէջ… 3 ուղղագրական սխալ կը հանէ:
Մենք` ուսուցիչներս, որքա՜ն կը տառապինք ասոնց դիմաց. յաճախ կը թողունք լաւերը մէկ կողմ ու կ՛իյնանք այս վերջիններուն ետեւէն` բաներ մը փրկելու յոյսով: Բայց ընդհանրապէս չե՛նք յաջողիր. յուսահատօրէն վա՛ր կը դնենք զէնքերը, որովհետեւ ի վերջոյ կը համոզուինք, որ ոչի՛նչ պիտի փոխուի 16-17 տարեկան այս տղոց «կարծրացած» կաղապարին մէջ: Անոնք դպրոցը պիտի աւարտեն առանց տարրական գրել-կարդալ գիտնալու: Անոնցմէ ոչ ոք հետագային հայերէն թերթի կամ գիրքի ընթերցող պիտի ըլլայ: Անոնք կորսուած ոչխարներն են սփիւռքի մեր հօտին:
Իմ հարցումը այստեղ հետեւեալն է. հանրութիւնը որքանո՞վ իրազեկ է այս ողբալի կացութեան: Մեր դպրոցներու վարչական մարմինները կամ տնօրէնութիւնները ի՞նչ ազդու միջոցներու կը դիմեն (կամ կրնան դիմել) դարմանելու համար այս կացութիւնը:
Տխուր է հաստատել նաեւ, որ մեր վարժարանները, բոլո՛րն ալ, կը խուսափին այս մասին բարձրաձայն արտայայտուելէ: Իրենց տարեկան նիւթաբարոյական տեղեկագրերուն կամ հրապարակային զեկոյցներուն մէջ արձանագրութիւններ չեն թողուր այս մասին: Ընդհակառակն, միշտ կը նկատենք, որ վարժարաններու ամավերջի հանդէսներու ընթացքին լոզունգնե՛րն են տիրապետողը («հայապահպանո՜ւմ», «հայ դպրոցը ամրո՜ց է», «Մեր աշակերտները զինուորագրեալնե՜րն են Հայ դատին» եւ այլն, եւ այլն…):
Դեռ աւելի՛ն. բոլորս ալ կը տեսնենք, թէ նոյն վարժարանները ամէն տարի որքա՛ն բծախնդրութեամբ մամուլի մէջ կը հրատարակեն պաքալորէայի քննութեանց յաջողած իրենց աշակերտներուն անունները` նիշերով միասին:
Նոյնը ինչո՞ւ չէ կատարուած ու չի կատարուիր հայերէնի համար, անջատաբար: Չէ՞ որ հայ վարժարանը հիմնուած է հայերէնի ուսուցման համար:
Կ՛ամչնա՞նք պատկերէն: Ամօ՞թ կը զգանք:
«ԱԶԴԱԿ».- Հայերէնը մեր դարուն աւելի համահունչ դարձնելու եւ զայն նոր սերունդին աւելի մօտեցնելու համար կարելի՞ է թուարկել գործնական քանի մը միջոցներ:
Լ.Շ.- Չկայ մասնաւոր մոգական ցպիկ մը, որով կրնանք սիրցնել որեւէ լեզու` ոեւէ անձի: Ենթական ինք իր հետաքրքրութիւններուն մղումո՛վ պէտք է սիրէ սա կամ նա լեզուն, սա կամ նա գրականութիւնը: Իսկ «հետաքրքրութիւն»-ն ալ, իր կարգին, ծնունդ կ՛առնէ այլազան ազդակներէ:
Երբեմն կը տեսնենք, որ եւրոպացի համալսարանականներ եկած են հայոց պատմութիւն սերտելու, հայ հին գրականութիւնը ուսումնասիրելու, նոյնիսկ` հայերէն սորվելու եւ իւրացնելու: Շահագրգռուա՛ծ են ուրեմն: Թերեւս զգացական կապ մը ունին հայութեան հետ, կամ` ապագայ ծրագիր մը, ո՜վ գիտէ…
Մեր տղոց պարագային, եթէ հայերի կամ հայ գրականութեան ու պատմութեան նկատմամբ սէր մը պիտի ծլարձակի անոնց մէջ, այդ մէկը պիտի գայ դպրոցէն, բայց նաեւ` ընտանիքէն:
Անհրաժեշտ է ապահովել դասարանային հմայիչ մթնոլորտ, դասաւանդելի առարկան (լեզու, գրականութիւն թէ պատմութիւն) հետաքրքրական դարձնող միջոցներ, դասապահը անձանձրոյթ անցընելու կերպեր: Այստեղ բո՛ւն դերակատարը ուսուցիչն է, եւ անո՛ր ուսերուն դրուած է այս ծանր լուծը: Ուսուցիչը պիտի կարենա՞յ Արփիարեանի մը կամ հ. Ղեւոնդ Ալիշանի մը նկատմամբ շահագրգռութիւն ստեղծել իր սաներուն մէջ: Դասագրքին չոր կենսագրութիւններէն կամ սեւ-ճերմակ լուսանկարներէն պիտի կարենա՞յ դուրս բերել աշակերտին առօրեային առնչուող որոշ տուեալներ:
Հոս, ահաւասիկ, դա՛րձեալ ինքզինք փնտռել կու տայ որակաւոր եւ հմուտ ուսուցիչը:
Հիմա մեր տրամադրութեան տակ ունինք արդի արհեստագիտութեան լա՜յն ու գրաւիչ միջոցներն ալ (համացանց, առձեռն հեռախօս, Դիմատետր եւ այլն): Հայերէնը պէտք է առնչել անո՛նց:
Օ՜, որքան կարեւոր է հայատառ գրառումներու պարագան: Բացէ՛ք մեր դպրոցական աշակերտներուն Դիմատետրի սեփական էջերը ու ակնարկ մը նետեցէք ատոնց վրայ: Այդ էջերը ծայրէ ծայր լեցուն են լատինատառ հայերէնով կամ անգլերէն, Ֆրանսերէն, թրքերէն, սպաներէն գրառումներով` ըստ իրենց ապրած երկրին: Մաշտոցի այբուբենը բացակայ է հոնկէ: Կը նշանակէ որ հայ դպրոցը չէ կրցած մայրենի լեզուն ագուցել տղուն հոգիին եւ ուղեղին: Կամ ալ մայրենի լեզուն այնքան տկար ու նախնական մնացեր է աշակերտին մէջ, որ ան յանդգնութիւնը չունի զայն տիրապէս գործածելու, նոյնիսկ` քանի մը բառէ բաղկացած նախադասութիւններու մէջ:
Այս պատկերը փոխելը դիւրին չէ, կը կարօտի հետեւողական երկարատեւ աշխատանքի ու քարոզչութեան:
Ամփոփեմ միտքս: Միայն այբուբենը ճանչնալն ու քանի մը բառ քով-քովի շարելը, հայերէն քանի մը երգ երգելը կամ կարճ աղօթք մը արտասանելը բաւարար չէ՛: Հայ դպրոցը շա՛տ աւելին պէտք է տայ իր սան-սանուհիներուն:
Կը խորհինք, որ ամէն ոք համաձայն կ՛ըլլայ ինծի, եթէ հայ երկրորդական վարժարանէ շրջանաւարտներու մօտ ակնկալենք գտնել հետեւեալ տուեալները.
– Հայերէն որեւէ գրութիւն սահուն կարդալ ու կարդացածը հասկնալ մեծ մասամբ:
– Հայերէն գրել վարժ ձեռքով, հեզասահօրէն, ուղղագրական նուազագոյն սխալներով:
– Անծանօթ չըլլալ մեր գրականութեան: Ընդհանուր գիծերու մէջ գիտնալ արժէքը` Մեծարենցի մը, Պարոնեանի մը, Համաստեղի մը, Թէքէեանի մը, Չարենցի մը, ՐաՖՖիի մը:
– Ճանչնալ մեր լեզուին քերականութեան մայր գիծերը (յոգնակիի ու եզակիի ճիշդ գործածութիւն, գոյականներու հոլովում, բայերու խոնարհում, կէտադրական նշաններ, տողադարձ, դերանուններ, շարահիւսական տարրական սկզբունքներ եւ այլն):
– Քիչ մըն ալ հայոց պատմութիւն` Գրիգոր Լուսաւորիչով, Մեսրոպ Մաշտոցով, Վարդանանքով, Արշակունի ու Բագրատունի արքաներով, Մամիկոնեաններով, Մխիթար աբբահայրով, Խրիմեանով, Հայոց ցեղասպանութեամբ, Արցախի դատով:
Անձնապէս այսքանով կը գոհանամ:
Այսքանը երաշխաւոր է, որ հայ պարմանը կամ պարմանուհին կեանքի իր երթը շարունակէ հայօրէն, չընկրկի օտար ափերու վրայ:
Comments are closed.