Մեծն Մոնթրէալի մէջ շուտով սկիզբ կ՚առնէ Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզը
Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզը (ՀՍՀ), աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ հայկական համայնքներու հասարակական կարծիքը ուսումնասիրող գիտահետազօտական աշխատանք մըն է: ՀՍՀ-ի նպատակն է ներկայացնել այն հարցերը, դիրքորոշումները եւ հակումները որոնք կը ձեւաւորեն 21րդ դարու հայկական աշխարհը: Հետազօտութեան ամբողջական արդիւնքները եւ տեղեկութիւնները հասանելի պիտի ըլլան հասարակութեան եւ գիտաշխատողներու , ինչպէս նաեւ համայնքային ղեկավարներու եւ աշխատընթացք որդեգրողներու:
Ղեկավարուելով ակադեմական փորձագէտներու եւ մասնագէտներու խմբակի մը կողմէ, այս ծրագիրը կու գայ ամբողջացնելու սփիւռգագիտութեան հիմնական պակաս մը: Մասնաւորապէս՝ հանրութեան կը տրամադրէ աշխարհի տարբեր կեդրոններու սփիւռքեան կեանքին վերաբերող այլազան եւ բազմաշերտ հարցերու մասին, փաստերու վրայ հիմնուած հասկացողութիւն: Հետազօտութիւնը կ’իրականացուի Լոնտոնի Հայկական Հիմնարկին կողմէ եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնադրամի Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի նիւթական աջակցութեամբ:
Այս տարի, Մոնթրէալը ընտրուած է չորս սփիւռքեան կեդրոններու կարգին ուր հարցախոյզը պիտի կատարուի: Միւս վայրերն են՝ Արժանթին, Լիբանան եւ Ռումանիա: Հարցախոյզի մեկնարկը 15 Սեպտեմբերին է եւ պիտի աւարտի 30 Հոկտեմբերին: Հարցախոյզը կրնաք լրացնել համացանցով (www.armeniandiasporasurvey.com) կամ ալ թուղթէ հարցարանի միջոցաւ, հետեւեալ վայրերուն մէջ եւ նշուած ժամերուն.
Ուրբաթ 20 Սեպտեմբեր (Կ. Ե. 6 – 9)
ԹԷՔԷԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ, 825 Manoogian, Saint-Laurent, H4N 1Z5
Կիրակի 22 Սեպտեմբեր (Կ. Ե. 1 – 4)
ՄՈՆԹՐԷԱԼԻ ՀԱՅ ԿԵԴՐՈՆ/Ս. ՅԱԿՈԲ ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿ., 3401 Rue Olivar-Asselin, Montréal, H4J 1R7
CENTRE ARMÉNIE, 1025 Élisabeth, Laval, H7W 3J7
Չորեքշաբթի 2 Հոկտեմբեր (Կ. Ե. 2:30 – 5:30)
ԱՐԱՐԱՏ ԲՆԱԿԱՐԱՆՆԵՐ, 5025 Chemin du Souvenir, Laval, H7W 1E1
Ուրբաթ 4 Հոկտեմբեր (Կ. Ե. 6 – 9)
ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԻՒՆ, 2855 Victor Doré, H3M 1T1
Կիրակի 6 Հոկտեմբեր (Կ. Ե. 12:30-3)
Ս. ԳԷՈՐԳ ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ, 397 Boulevard des Prairies, H7N 2W6
Կիրակի 20 Հոկտեմբեր (Կ. Ե. 1 – 4)
Ս. ՆԱՐԷԿ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑԻ, 858 Côte-Vertu, Saint-Laurent, H4L 1Y4
(1) Հարցախոյզը բաց է բոլոր չափահաս հայերուն որոնք այժմ կը բնակին Մեծագոյն Մոնթրէալի շրջանակին մէջ (կ’ընդգրկէ Լաւալ եւ Հարաւային Ափ), եւ կամ ալ նախապէս նոյն տեղաշրջանին մէջ կը բնակէին եւ միմիայն ժամանակաւորապէս հաստատուած են Գանատայի եւ կամ ուրիշ երկրի քաղաքի մը մէջ (օրինակ՝ ուսման՚, գործի կամ այցելութեան նպատակով)։
(2) Հարցարանը լեցնելու համար կ’առաջարկուի նախատեսել մօտաւորապէս կէս ժամ