Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Դատը Թուրքիոյ Դէմ Կը Շարունակուի
1357
0
2015 թուականին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը դատական հայց ներկայացուցած էր Թուրքիոյ դէմ` պահանջելով Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձը իր իրաւատիրոջ` Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան:
Սիսի կաթողիկոսարանի դատական հայցը, իբրեւ շարունակութիւն Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին մօտ սկսուած իրաւական հոլովոյթին, 30 յուլիս 2019-ին ներկայացուեցաւ Գոզանի (Սիս) Նախադատ ատեանին:
Թագաժահրին պարտադրած ստիպողական պայմաններուն բերումով, կրկնակի յետաձգումէ ետք, դատական ունկնդրութեան առաջին նիստը տեղի ունեցաւ 30 մարտ 2021-ին: Յառաջիկայ նիստին թուականը տակաւին չէ ճշդուած` նոյն պատճառով: Կաթողիկոսարանի իրաւական յանձնախումբը, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ, մօտէն կը հետեւի դատական զարգացումներուն: