Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի տպարանէն լոյս կը տեսնէ Արմենակ Անդրանիկեանի «Դժոխքէն դրախտ» հրատարակութիւնը

«ԴԺՈԽՔԷՆ ԴՐԱԽՏ»

Հայոց ցեղասպանութեան եւ կամաւորական բանակի վերաբերեալ Արմենակ Անդրանիկեանի յուշագրութիւնը՝ «Դժոխքէն դրախտ» վերնագրեալ, լոյս կը տեսնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի տպարանէն։ Հատորին խմբագիրն է Վազգէն Ղուկասեան։

Խմբագրական նշումներուն մէջ Ղուկասեան կը գրէ, որ գիրքը պատումն է Անդրանիկեանի կեանքի առաջին երեք տասնամեակներուն (1893-1920) եւ կարեւոր վկայութիւն է նախքան ցեղասպանութիւնը Կարնոյ Քղի գաւառի աւելի քան 30 գիւղերուն կենցաղին, քիւրտերու կողքին ապրող հայերու, ցեղասպանութեան մէջ քիւրտերուն դերակատարութեան եւ Կարին-Էրզրում ինքնապաշտպանութեան մասին։ 15 գլուխներէ բաղկացած հատորը ունի նաեւ երկու քարտէս եւ Անդրանիկեանի ձգած անձնական արխիւէն որոշ լուսանկարներու եւ վաւերագիրներոն պատճէններ։

Comments are closed.