ՄԵԼԻՆԷ ԱՆՈՒՄԵԱՆ.”ԱՅՍՊԷՍ ԿՈՉՈՒԱԾ ԶԱՆԳԵԶՈՒՐԻ ՄԻՋԱՆՑՔԸ ԱԹԱԹՈՒՐՔԻ ԵՐԱԶԱՆՔԸ ԵՂԱԾ Է”

28 Յունիսին Հրապարակ TV-ի «Հանդիպում» հաղորդաշարի հիւրն էր Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի աւագ գիտաշխատող, թրքագէտ Մելինէ Անումեան։ Քննարկուած է վերջին շրջանին լայնօրէն շրջանառուող Սիւնիքի, կամ այսպէս կոչուած Զանգեզուրի միջանցքի հարցը: Ինչպէ՞ս անիկա կ’արծարծուի հայաստանեան եւ միջազգային քաղաքական հարթակներու վրայ, ի՞նչ տեղ կը գրաւէ հայ-թրքական բանակցութիւններու ներկայ գործընթացին, ինչպիսի աշխարհաքաղաքական տեղաշարժերու պատճառ կրնայ դառնալ. այս եւ շարք մը այլ հարցերու անդրադարձած է անդրադարձել Մելինէ Անումեան։ Անոր խօսքին համաձայն, Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու տնտեսութիւնը սպառնացող այդ վտանգը մարտահրաւէր է նաեւ մեր հեռաւոր եւ մերձաւոր դաշնակիցներուն՝ Չինաստանի, Ռուսիոյ եւ Իրանի համար: «Յուսամ՝ մեր դաշնակիցները շատ լաւ կը գիտակցին ատիկա եւ որեւէ ձեւով թոյլ չեն տար, որ այդ հարցը լուծուի թուրք-ատրպէյճանական պատկերացումներուն համապատասխան, եւ ճամբաներու ապաշրջափակումը տեղի կ’ունենայ միջազգայնօրէն ընդունուած խաղի կանոններով», ըսած է Մելինէ Անումեան՝ նշելով, որ ՀՀ գործող իշխանութիւնները մեր հանրութեան զգալի մէկ մասը տակաւին կարեւոր չեն համարեր եւ համապատասխան արձագանք չեն տար միջանցքի տրամադրման հարցերուն:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.