Մատրիտի Մէջ Հ.Յ. Դաշնակցութեան Պատուիրակութիւնը Մասնակցեցաւ Ընկերվար Միջազգայնականի 26-րդ Համագումարին. Մարիօ Նալպանտեան Վերընտրուեցաւ Փոխնախագահ

ՀՅ Դաշնակցութեան պատուիրակութիւնը 25-27 նոյեմբեր Մատրիտի մէջ մասնակցեցաւ Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի եւ համագումարի աշխատանքներուն:

Համագումարի եւ խորհուրդի նիստերը Ընկերվար միջազգայնականի գլխաւոր քաղաքական իրադարձութիւններն են, երբ կ՛ընտրուի կազմակերպութեան նոր ղեկավարութիւն, կը ճշդուին յառաջիկայ տարիներու գործունէութեան քաղաքական առաջնահերթութիւնները:

Սոյն նստաշրջանին կը մասնակցէին շուրջ 80 երկիրներու մօտ 400 պատուիրակներ, ներառեալ Սպանիոյ, Մոնթենեկրոյի եւ Ալպանիոյ վարչապետները, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցով գերագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորել եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ:

ՀՅԴ պատուիրակութեան կ՛անդամակցէին Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան, Երիտասարդ ընկերվարականներու միջազգային միութեան փոխնախագահ Սարինէ Աբրահամեան եւ ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակի յատուկ ծրագիրներու պատասխանատու Գէորգ Ղուկասեան:

ՀՅ Դաշնակցութեան պատուիրակութիւնը 26 նոյեմբերի առաւօտեան հանդիպում եւ միտքերու փոխանակում ունեցաւ Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեզի հետ, որ նախօրէին ընտրուած էր Ընկերվար Միջազգայնականի նախագահ: ՀՅԴ պատուիրակութիւնը նաեւ շնորհաւորեց Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեզը` Ընկերվար միջազգայնականի նախագահ ընտրուելուն առիթով:

ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան Սպանիոյ վարչապետին փոխանցած է Արցախի Հանրապետութեան քարտէսագիրքը:

ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ, ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի անդամ Մարիօ Նալպանտեան Ընկերվար միջազգայնականի 26-րդ համագումարին կողմէ վերընտրուեցաւ իբրեւ կազմակերպութեան փոխնախագահ:

Յայտնենք նաեւ, որ համագումարի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեան, որ շեշտը դրաւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին վրայ: Դաւիթ Իշխանեանի խօսքը ամբողջութեամբ կու տանք հետագային:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.