Մանկապատանեկան «Հորիզոն» – Սեպտեմբեր 2016

 

Առաջին էջ

Մեր խօսքը

Բարեւ սիրելի՛ աշակերտներ:

Վերամուտ է: Մեծ խանդավառութեամբ վերադարձաք դպրոց, վստահ շատ կարօտցեր էիք ձեր դասընկեր-դասընկերուհիներն ու ձեր ուսուցիչ-ուսուցչուհիները: Անշուշտ բաւակա՜ն բաներ ունիք պատմելիք անոնց՝ ամառուան ձեր արձակուրդին մասին…

Ժամանակը հասաւ, որ լրջօրէն աշխատանքի լծուիք: Ամառնային արձակուրդը վստահ որ թարմացուց ձեր ուղեղները, հիմա կրնաք աւելի աշխուժ եւ եռանդուն կերպով հետեւիլ ձեր դասերուն եւ դպրոցական աշխատանքներուն:

Մի մոռնաք, որ ձեր յաջողութեան լաւագոյն երաշխիքներն են դասարանէն ներս ուսուցիչին բացատրութիւններուն լաւապէս հետեւիլն ու տնային պարտականութիւնները լիովին կատարելը:

«Հորիզոն»ի Մանկապատանեկանի խմբագրակազմը բարի վերամուտ կը մաղթէ ձեր բոլորին եւ կը թելադրէ, որ տքնաջան աշխատանք տանիք, որպէսզի բարձրագոյն արդիւնքներ ձեռք բերէք:

Յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներ:

Այս ամսուան դէպքերը

Հայաստանի անկախութիւնը

Սեպտեմբեր 21ը Հայաստանի երկրորդ Անկախութեան տօնն է:

Այս տարի ամէն կողմ, աշխարհի տարածքին հայեր կը տօնեն Հայաստանի Անկախութեան 25րդ տարեդարձը:

20րդ դարուն, Հայաստանը երկու անգամ անկախացած է:

Առաջինը 1918 Մայիս 28ին, երբ հայ ժողովուրդը մէկ մարդու նման հերոսական ճիգերով՝ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերով դէմ դրաւ թուրքին եւ ստեղծեց Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Եւ երկրորդը, երբ 1991 Սեպտեմբեր 21ին հայ ժողովուրդի աւելի քան 99 առ 100ը «Այո» ըսաւ ազատ, անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն մը ունենալու իր երազին, դէմ դնելով տկարացած Խորհրդային Միութեան եւ Ատրպէյճանին, որ անընդհատ կը հարուածէր Արցախը:

Ինչպէս Պատմութիւնը կը վկայէ, երբ հայ ժողովուրդը համախմբուած է եւ դարձած է մէկ ուժ, յաջողած է ընել անկարելին: Ճիշդ է, որ մեր երկիրը կը դիմագրաւէ այսօր դժուարութիւններ՝ աղքատութիւն, անգործութիւն կամ այլ հարցեր, բայց մեր երկիրը անկախ է ու զօրաւոր մեր հայրենասէր ժողովուրդով եւ մեր քաջ զինուորներով: Փաստօրէն, Ատրպէյճանի վերջին յարձակումներուն ժամանակ, ամէն կողմէ հայ կտրիճներ, վազեցին Արցախ՝ միանալու համար բանակին եւ պաշտպանելու հայրենի հողը: Ուրեմն, եկէք բոլորս աշխատինք միասին եւ միասնական ուժերով կերտենք աւելի լաւ ու աւելի զօրաւոր Հայաստան:

ԱԶԳ ՓԱՌԱՊԱՆԾ

Հայաստան աշխարհ դու մեր կարօտն ես,

Քո կեանքով անմահ.

Քո ճամբան հնում, արնոտ քարոտ էր,

Դու ծաղկիր հիմա:

Ուր լինենք յաւէտ քո հուր կարօտը

Տունն է հայրենի,

Մաշտոցի հզօր լեզուն,

Վառ յոյսն է ամէն մի հայի:

Կրկներգ

Փառքդ թռչում է, երգդ կանչում է,

Հողդ դարձրել ես ծով գանձ:

Սիրտդ կայտառ է, միտքդ պայծառ է,

Ազգ իմ փառապանծ:

Բարձրացնենք սիրով

Մեր սուրբ գաւաթը,

Յանուն հայութեան,

Թող անմահ պահի

Նա իր հաւատը՝

Հուր եւ յաւիտեան:

Խօսք՝ ԱՇՈՒՂ ԳՐԱՇի

Երաժշտութիւն՝ ԱՌՆՕ ՊԱՊԱՋԱՆԵԱՆի

Երկրորդ էջ

Հայրենասիրութեան մասին

Յակոբ Պարոնեան ապրած է 1800-ական թուականներուն եւ եղած է Հայ Գրականութեան առաջին երգիծաբանը: Ան եղած է սրամիտ անձ մը: Տեսնելով իր շուրջ ապրող մարդոց թերութիւններն ու տկարութիւնները, զանոնք վերածած է ծիծաղելի տիպարներու եւ քննադատած է:

Յակոբ Պարոնեան շատ սիրած է հայերէն լեզուն եւ եղած է հայրենասէր անձ մը: Ահա թէ ի՛նչ կը գրէ հայրենասիրութեան մասին:

«Դուն պահապան զինուոր մըն ես հայրենիքիդ, ան ալ՝ իրաւունք ունի քու գիտութեանդ, առաքինութեանդ, զգացմանդ եւ բոլոր գործերուդ արդիւնքը վայելելու: Մի հարցներ, թէ ի՛նչ է քու պարտքդ հայրենիքիդ. սիրէ եւ կը սիրուիս… Զինուո՞ր ես՝ հայրենիքիդ ծառայել մտածէ. արհեստաւո՞ր՝ ճարտարութիւնդ գործածէ հայրենիքիդ զարգացման համար. գիտո՞ւն՝ հայրենիքիդ օգուտը խորհէ եւ ուրիշին սորվեցուր»:

Հպարտ եմ որ հայ եմ, ինծի նման հայ էր Աւեւտիս Ահարոնեան

Այս տարի Աւետիս Ահարոնեանի ծննդեան 150-ամեակն է: Ան ծնած է 1866ին: Յաճախած է Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը եւ զայն աւարտելէ անմիջապէս ետք եղած է ուսուցիչ: Ապա մեկնած է Զուիցերիա եւ աւարտած՝ Լոզանի Համալսարանի Պատմափիլիսոփայական բաժինը: Ահարոնեան Լոզանէն ետք, անցած է Փարիզ եւ հետեւած՝ Սորպոն համալսարանի գրականութեան ճիւղին եւ 1898-1901 թուականներուն արժանացած է ֆրանսական համալսարանի մրցանակին:

Աւետիս Ահարոնեան եղած է նշանաւոր գրող: Իր վիպակներուն եւ պատմուածքներուն մէջ անդրարարձած է ազգագրական պայքարին եւ ռուս-թրքական պատերազմի ընթացքին տառապած հայերուն մասին: Այս իմաստով շատ հետաքրքրական է կարդալ «Խայը» եւ «Արիւնոտ թթխմորը»:

Խաչատուր Աբովեանէն ու Րաֆֆիէն ետք, Աւետիս Ահարոնեան կը նկատուի որպէս յեղափոխաշունչ գրող: Ան իր գրութիւններով ներշնչած է սերունդներ եւ անոնց մէջ դրած բռնակալին դէմ պայքարելու ոգին: Իր ազատամիտ գաղափարներուն պատճառով, ձերբակալուած է ցարական կառավարութեան ժամանակ 1909ին, դրուած է Մետեխի բանտը եւ ծանրօրէն հիւանդացած: Վճիռը արձակուած էր՝ պիտի գնդակահարուէր, սակայն շնորհիւ Ֆրանսայի դաշնակցականներուն, ազատ արձակուած է եւ անցած Եւրոպա:

Աւետիս Ահարոնեան եղած է նաեւ քաղաքական գործիչ: 1918ին Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման ժամանակ, Ահարոնեան ընտրուած է խորհրդարանի նախագահ: Եւ իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան նախագահ, 1920 Օգոստոս 10ին, Սեւրի մէջ ստորագրած է խաղաղութեան միջազգային դաշնագիրը եւ մասնակցած է Լոնտոնի (1921) եւ Լոզանի (1922) խորհրդաժողովներուն: Յիշեցնենք, թէ Սեւրի դաշնագիրը հայ ժողովուրդի մեծագոյն յաղթանակներէն մէկն էր: Այս դաշնագրով Թուրքիա եւ եւրոպական պետութիւններ ընդունեցին Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի գաղափարը, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուիլսընի քարտէսով:

Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն ետք, Ահարոնեան հաստատուեցաւ Ֆրանսա: Եւ 1934ին Մարսէյլի մէջ, Համազգայինի Ճեմարանին նուիրուած հանդէսի մը ընթացքին բանախօսելու ատեն, բեմին վրայ կաթուածահար եղաւ եւ 14 տարի շարունակ մնաց հիւանդ՝ անկարող խօսելու ու գրելու, ապա մահացաւ 1948ին:

«Աշխարհի մէջ չկայ մի ուրիշ ժողովուրդ, որ այնքա՜ն ուժգին, այնքա՜ն մտերիմ կերպով կապուած լինի իր հողին, որքան հայը։ Ես իմ ազգը չեմ համեմատում ոչ մէկ ազգի հետ, եւ հայը ոչ մէկ ուրիշ ազգի առջեւ գլխարկը հանելու պետք չունի», ըսած է Աւետիս Ահարոնեան

Ի՞նչ ընել երբ քիթէն արիւն գայ

Քիթի արիւնահոսութիւնը կրնայ ունենալ զանազան պատճառներ:

Արիւնահոսութեան առաջքը առնելու համար կարելի տան ջերմաստիճանը պահել առաւելագոյնը 20-21°C, իսկ խոնաւութիւնը՝ 40°:

Արիւնը կեցնելու համար

– Երկու մատներով դուրսէն ճնշել քիթին վրայ մօտաւորապէս 15 վայրկեան. երբ արիւնահոսումը շարունակուի սեղմել 10-15 վայրկեան եւս:

– Չվախնալ ու նստիլ հանգիստ, որովհետեւ վախնալու պարագային արիւնահոսութիւնը կրնայ զօրանալ:

– Երբեք չխնջել կամ չշփել քիթը:

– Սառոյց դնել գլուխին ետեւի մասին եւ քիթին:

Անհրաժեշտ է ներկայանալ բժիշկի մը երկու պարագաներու.

1- Եթէ արիւնահոսութիւնը 30 վայրկեանէն չդադրի:

2- Եթէ արիւնահոսութիւնը կրկնուի շաբաթը 2-3 անգամ:

Ժամանց

Հանելուկներ

1- Երկու եղբայր՝ երկուորեակ,

Բաժնուած են լեռով մը,

Որքան ալ զիրար կարօտնան՝

Իրարու քով չեն կրնար գալ:

2- Ի՞նչ ծառ է, որ տասներկու ճիւղ ունի միշտ,

Ամէն ճիւղին կայ երեսուն սիրուն ծիտ:

3- Հազար եղջիւր ունի գլխուն,

Եւ մէկ ոտք՝ հողին մէջ,

Կը ծնի, կ’ապրի եւ կը մեռնի

Նոյն տեղը՝ անշարժ:

Երրորդ էջ

Աշոտ Գ. Ողորմած (ծննդեան թուականը անյայտ – 977) Հայոց թագաւոր դարձած է 953–ին։ Յաջորդեր է հօրը՝ Աբասին։ Աշոտ Գ.-ի թագաւորութեան տարիներուն Հայաստանը կ’ապրէր տնտեսական եւ մշակութային վերելք, երկիրը խաղաղ էր։ 953-ին փորձեր է Դուինը ազատագրել արաբներէն, բայց չէ յաջողած։ 961-ին արքունիքը Կարս քաղաքէն տեղափոխեր է Անի, ուր կառուցել տուեր է պալատներ եւ այլ շինութիւններ եւ հռչակեր է Հայաստանի մայրաքաղաք։ Աշոտ Գ. յաջողութեամբ ետ մղեր է Կովկասի լեռնականներուն եւ արաբ ամիրային յարձակումները։ 973 թ.-ին 80 հազարնոց բանակով դէմ դրած է Միջագետքի մէջ բիւզանդական զօրքին դէմ՝ հեռացնելով Հայաստանին սպառնացող վտանգը։ Աշոտ Գ.-ի օրով Հայաստանի մէջ ընդարձակուեր են հին քաղաքները, կառուցուեր են նորերը։ Նրա կինը՝ Խոսրովանոյշ թագուհին, 966-ին հիմներ է Սանահինի, իսկ 976-ին՝ Յաղբատի վանքերը, որոնք շուտով գիտակրթական կեդրոններ դարձեր են։ Աշոտ Գ. բանալ տուած է դպրոցներ, հիւանդանոցներ, անկելանոցներ: Աշոտ Գ. «բարեգործ էր», այդ պատճառով ալ անուանուած է «Ողորմած»։

Հայկական Հարց

Հայոց Պատմութեան մէջ, 1860ական թուականներուն, Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան շրջանին, անտանելի էր գաւառի հայութեան կեանքը: Միշտ գողութիւններ, առեւագումներ եւ սպաննութիւններ կ’ըլլային: Ոչ միայն կառավարութիւնը կը կողոպտէր, այլ նաեւ թուրք փաշաները, քիւրտ բեկերն ու սպաները: Այս վիճակէն դուրս գալու համար հայ ազգային գործիչներ բարեկարգումներ պահանջեցին Սուլթանէն, ինչպէս նաեւ եւրոպական պետութիւններէն: Այդ բարեկարգումներու ծրագիրը անցաւ զանազան հանգրուաններէ. Ազգային Սահմանադրութիւն, Սան Սթեֆանոյի դաշանագիր, Պերլինի վեհաժողով: Հայկական Հարցը Արեւմտեան Հայաստանի հողերու ազատագրումն ու սեփական պետականութիւն մը ունենալու հարցն էր:

Յիշենք, թէ Հայկական Հարցը այսօր, ծանօթ է Հայ Դատ անուան տակ: Աշխարհի տարածքին, հայեր ամէն տեղ կ’աշխատին ծանօթացնել Հայ Դատը օտարներուն: Հայ Դատի նպատակն է Թուրքիոյ ճանաչումն ու վնասներու հատուցումը՝ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան, Արեւմտեան Հայաստանի հողերու ազատագրումը, Արցախի Հանրապետութեան եւ Ջաւախքի միացումը Հայաստանի Հանրապետութեան:

ՄԵՐ ԽԻՂՃԸ

Երբ անքաղաքավար խօսք մը ըսենք կամ սխալ գործ մը ընենք, նոյնիսկ եթէ այդ գործը ծածուկ կատարած ենք եւ թէ ոչ ոք գիտէ այդ մեր սխալ արարքին մասին, մենք մեզ անհանգիստ կը զգանք: Կարծես կը կորսնցնենք մեր սրտի հանգստութիւնը: Ահա այդ վիճակին կ’ըսենք, թէ մեր խիղճը կը տանջէ մեզ: Խիղճը մարդկային ամէնէն զարմանալի յատկութիւններէն մէկն է: Մենք կը տարբերինք ուրիշ արարածներէ ճանաչողութեամբ եւ մենք զմեզ դատելու կարողութեամբ: Խիղճը դատաւորի պէս կը քննէ մեր գործերը, մեր մտքերը եւ մեր որոշումները: Խիղճը կը յուշէ մեզ, թէ ի՛նչն է ճիշդ եւ ինչը՝ սխալ: Երբ ճիշդ որոշում առնենք, ան կ’օգնէ, որ ըլլանք հանգիստ, իսկ երբ սխալ ձեւով վարուինք, ան կը տանջէ մեզ, եւ մենք զմեզ յանցաւոր կը զգանք:

Փորձենք իւրանքանչիւրս, մեր դպրոցական տարիներուն մեր խիղճը դաստիարակել: Դպրոցէն ներս թէ այլ շրջանակի մէջ հաճելի չէ ընկերութիւն ընել կամ խաղալ անձերու հետ, որոնք իրենց խաղի ընթացքին խարդախութիւն կ’ընեն կամ անկիրթ ձեւով կը վերաբերին. եւ աւելի՛ն, իրենց սխալ կեցուածքով կը կարծեն, թէ ճարպիկ են: Ընդունինք, որ նման մարդիկ աշխարհի վրայ չեն սիրուիր: Ճանչնանք մենք զմեզ եւ բարին գործենք, մեր խիղճը խաղաղ ու հանգիստ պահելու համար:

Չորրորդ էջ

Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ Դրօ եւ Աննա Փիլիկեան Շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտները նամակ կը գրեն հայ զինուորին

Հայ զինուոր

Ո՞վ պիտի պաշտպանէր մեր հայրենիքը, եթէ չըլլար հայ զինուորը: Հայ զինուորը իր կեանքը զոհելով, անքուն մնալով, կեանքը վտանգելով կը հսկէ Հայաստանի եւ Արցախի սահմանները: Բախտաւոր ենք, որ քաջ, զօրաւոր եւ անվախ զինուորներ ունինք:

Ճուլիա Պարոնեան

Հայ զինուոր

Շատ շնորհակալ եմ քեզմէ, հայ զինուոր, որ կեանքդ կը վտանգես՝ կռուելով թուրքերուն դէմ, որպէսզի ազատագրես մեր հողերը: Մենք հպարտ ենք քեզմով, հայ զինուոր:

Իզապէլ Ռէճէպեան

Մեր քաջ զինուորները

Անոնք զինուորներ են շատ քաջ,

Յոյսով, հաւատքով միշտ յառաջ,

Իրենց կեանքը կը վտանգեն, կը զոհեն,

Մեզ միշտ հպարտ կը պահեն:

Վիվիան Ռէճէպեան

Հայ զինուորները

Հայ զինուորները շատ քաջ են: Անոնք կը պաշտպանեն մեր հայրենիքը, կը կռուին ամբողջ սրտով եւ երբեք չեն յուսահատիր:

Միքայէլ Պաքլայեան

Հայ զինուորներ

Հայ զինուորները շատ քաջ են: Մեզի համար իրենց կեանքը կը վտանգեն: Առանց իրենց՝ մեր հայրենիքը վտանգուած կըլլայ եւ անպաշտպան: Շնորհակալ եմ քեզմէ, հայ զինուոր:

Ալեք Քիշեան

Հայ զինուորը

Հայ զինուորը շատ դժուար կեանք ունի: Ինքզինք կը զոհէ մեր հայրենիքին անկախութեան համար, կարգապահ եւ քաջ է: Ես ուրախ եմ, որ անվախ զինուորներ ունինք:

Սեւակ Կիրակոսեան

Մանկապատանեկանի գունաւոր յաւելուածը PDF տարբերակով «Հորիզոն»ը ներբեռնել (Download)

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.