Մանկապատանեկան «Հորիզոն», Յունուար 2017 – PDF տարբերակը կցուած

Մեր խօսքը

Սիրելի՛ աշակերտներ, ուրախութեամբ եւ մեծ հաճոյքով դիմաւորեցինք 2017-ն, վստահ ենք, որ բոլորդ ալ ապրեցաք Կաղանդի եւ Ծնունդի խանդավառութիւնն ու հրճուանքը, փոխանակեցիք նուէրներ, ուրախացաք եւ ուրախացուցիք ձեր սիրելիները:

Չմոռնանք սակայն, որ 2016-ին հրաժեշտ տալով պարտաւոր ենք վերյիշել անցնող տարուան ընթացքին մեր գործերն ու արարքները, մեր տարած յաջողութիւններն ու ձախողութիւնները, լաւ բայց նաեւ վատ գործերը, սխալներն ու յանցանքները, ապա մտածելու ենք, որ այս նոր տարուան ընթացքին ինչպէ՛ս կրնանք զգոյշ ըլլալ, որպէսզի գոնէ նոյն սխալները չգործենք, ձախողութիւններէն դասեր քաղելով յաջողութեան ձգտինք եւ սկսինք կերտել մեր փայլուն ապագան:

«Հորիզոն» Մանկապատանեկանի խմբագրակազմին անունով բարի տարի մը կը մաղթենք ձեր բոլորին:

«Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, ձեզի եւ մեզի մեծ աւետիս»

Յունուար 6-ին Հայ Առաքելական եկեղեցին կը տօնէ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը։

Աւետարանը մեզի կը յայտնէ, թէ երբ Յիսուս մանուկը ծնաւ, փայլուն աստղը երեւցաւ երկնքին մէջ։ Արեւելքէն երեք մոգեր հետեւելով այդ աստղին ցոյց տուած ճանապարհին, հասան Քրիստոսի գտնուած վայրը։ Անոնք Յիսուսի ընծայեցին ոսկի, կնդրուկ եւ զմուռս։

13 Յունուարին կը նշենք Յիսուսի անուանակոչութիւնը։ Այդ օրը Մարիամ եւ Յովսէփ Յիսուս մանուկը տաճար տարին Տիրոջ ընծայելու։

Նախքան Յիսուսի ծնունդը հրեշտակը Մարիամին երեւցած էր եւ ըսած, թէ Փոքրիկը պէտք է կոչուի Յիսուս։ Եւ իսկապէս Մանուկին անունը Յիսուս դրին, որ կը նշանակէ Տէրը կը փրկէ։

Իսկ Քրիստոս կը նշանակէ օծեալ։

Հասկնանք նոր բառերը։

Ընծայել – նուիրել

Կնդրուկ – ազնիւ տեսակի խունկ

Զմուռս – անուշահոտ խէժ

Անուանակոչութիւն – անուն դնել, անունի տարեդարձ

Օծեալ – օծում ստացած անձ

Ո՞վ է բոլորիս կողմէն այդքան ճանչցուած եւ սիրուած Կաղանդ Պապուկը։

Ժամանակին, Նիկողայոս անունով շատ բարի եպիսկոպոս մը կար։ Ան ապրած է 4-րդ դարուն։ Նիկողայոս ծպտուած կ’օգնէր կարիքաւորներուն, որպէսզի չճանչնան զինք. օրինակ՝ անգամ մը ոսկեայ դրամներ կը նետէ տունի մը պատուհանէն ներս, որպէսզի օգնած ըլլայ այդ տան մէջ ապրող երեք քոյրերու, որովհետեւ անոնք աղքատ էին։ Բարի եպիսկոպոսը կը մահանայ, բայց իր անունը կը տարածուի աշխարհի չորս կողմը։ Գերմանացիները նոր տարին կ’անուանեն Սուրբ Նիկողայոսի տօն, Հոլանտացիները՝ Սուրբ Գլաուսիտօնի տօն…։ Սուրբ Նիկողայոս նաեւ կոչուած է Սքանչելագործ։

Հպարտ եմ, որ հայ եմ, ինծի նման հայ էր

Գարեգին Նժդեհ

Գարեգին Նժդեհ մեր ազգային ազատագրական շարժումի նշանաւոր դէմքերէն մէկն է, բուն անունով՝ Գարեգին Տէր Յարութիւնեան։

Ծնած է 1 Յունուար 1886-ին, Արազի ափին, Նախիջեւանի Կզնութ գիւղը։

1904-ին մաս կազմած է Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերուն։

1907-ին աւարտած է Սոֆիայի զինուորական դպրոցը։

1918-ին կը մասնակցի Ղարաքիլիսէի յաղթական ճակատամարտին։

1933-ին Ամերիկայի մէջ կը հիմնէ «Ցեղակրօն» շարժումը։ Այդ շարժումին նպատակն էր հայ երիտասարդներուն մէջ արթնցնել ազգային գիտակցութիւնը։

Գարեգին Նժդեհ կը մահանայ 1955 թուականին։

Անոր իմաստուն խօսքերէն մէկը յիշենք.

«Մէկ ժողովուրդ՝ մէկ ընտանիք»:

Հրանդ Տինք

Հրանդ Տինք ծնած է 1954 թուին Մալաթիա։ Հրանդ պոլսահայ լրագրող մըն էր, ամուսնացած էր եւ ունէր երեք զաւակ։

Հրանդ Տինք եւ իր տիկինը՝ Ռաքէլ, օգնած են շարք մը հայ անտէր մանուկներու։

5 Ապրիլ 1996-ին ան կը հրապարակէ Իսթանպուլի մէջ առաջին հայկական շաբաթաթերթը՝ «Ակօս»ը։

Հրանդ Տինք միշտ ալ եղած է քաջասիրտ հայորդի։

Դժբախտաբար, 19 Յունուար 2007 թուականին ան կը սպաննուի թուրքի մը ձեռամբ։

ԱրագածԼեռը։

Ժողովորդին կողմէ կոչուած է նաեւ Ալագեազ, Ալագէօզ։

Արագած լեռը Պատմական Հայաստանի երրորդ բարձր սարնէ։ Անոր բարձրութիւնն է 4095 մեթր։ Արագածը մշտնջենական ձիւնով ծածկուած է։ Կը գտնուի Արդի Հայաստանի մէջ եւ Արարատէն 100 քիլոմեթր դէպի հիւսիս, Սեւանայ լիճին արեւմտեան կողմը։ Ունի չորս գագաթ այդ պատճառով ալ կը կոչուի քառագագաթ։

Ըստ աւանդութեան, Արագած անունը կապուած է Արա Գեղեցիկի հետ։ Սկիզբը կոչուած է «Արայի Գահ», յետոյ «գահ» բառը դարձած է «գած» եւ եղած է Արագած։

Ուրիշ աւանդութեան մը եւս կը հաւատանք. թէ Արագածի գագաթին վրայ կայ աստղ մը, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի աչքն է։ Այդ աստղը կը կոչուի «Լուսաւորչի Կանթեղը»։ Մենք կը հաւատանք, որ այդ Կանթեղը մեր, այսինքն՝ Հայաստանի վրայ կը հսկէ, որպէսզի վտանգներէ հեռու պահէ զայն։

Դժուարբառեր։

Սար – լեռ

Գահ – թագաւորական կամ իշխանական աթոռ

Կանթեղ – ձէթով լուսաւորող ճրագ

Գիտե՞ս թէ։

– Արարատ լեռը Պատմական Հայաստանի ամենաբարձր գագաթն է։ Անոր բարձրութիւնը 5165 մեթր է։

– Արարատն ու Մասիսը յանգած հրաբուխներ են։

– Մովսէս Խորենացի կոչուած է մեր Պատմահայրը։ Ան գրած է հայոց պատմութիւնը սկիզբէն մինչեւ 440 թուական (իր օրերը)։

– 1922 թուականին Եւրոպական պետությունները եւ ԱՄՆ-ն Հայաստանը ճանչցան որպէս անկախ պետութիւն։

– Նոր Տարին կը դիմաւորեն Թայլանտի մէջ ջուրի կռիւներ ընելով։

– Լոյսը շատ աւելի արագ կը տեղափոխուի, քան՝ ձայնը։

– Օձը իր լեզուով կը շնչէ։

– Անձ մը, միջին հաշուով, օրական 10 անգամ կը խնդայ։

– Ծարաւ կը զգանք, երբ մեր արեան մէջ աղի քանակը կը բարձրանայ։

– Արիւնը միշտ նոյն ուղղութեամբ կը շրջի մեր մարմնին մէջ։

– 5-12 տարեկան պատանիները օրական պէտք է 10-11 ժամ քնանան։

– Ուղեղդ մարմնիդ թթուածինին (oxygene) 20%-ը կը գործածէ։

– Մարմնիդ արեան երակները ամբողջութեամբ այնքան երկար են, որ կրնան երկրագունդին շուրջ դառնալ մօտաւոր 2.5 անգամ։

Նարինջն ու իր օգտակարութիւնները։

Նարինջը աշխարհի մէջ տարածուած համեղ պտուղներէն մէկն է։ Անիկա կը պարունակէ շատ մեծ թիւով C կենսանիւթ, որ կօգնէ կանխարգիլելու հարբուխը։ Օրական մէկ նարինջ ուտելը բաւարար է մարդուն՝ ստանալու իր ամէնօրեայ պահանջը C կենսանիւթէն։

Նարինջը կը պարունակէ շարք մը կենսանիւթեր, որոնցմէ են C, B1, B5…

Անիկա հարուստ է նաեւ կրածինով, որ մեր ատամներն ու ոսկորները առողջ կը պահէ։ Նարինջի հիւթը կարեւոր դեր ունի մեր մարմնին արեան շրջագայութեան համար։

Ընդհանրապէս, շաքարախտէ տառապող հիւանդներուն ալ կը թելադրուի ուտել նարինջ, որովհետեւ ան քիչ քանակով շաքար կը պարունակէ։

Նարինջը շատ օգտակար է մեր առողջութեան։

Ուրեմն, սիրելի՛ աշակերտներ, օրական մէկ նարինջ ուտենք՝ առողջ մնալու համար։

Բառերու թարգմանութիւններ։

Կենսանիւթ – vitamine

Կրածինcalcium

Շաքարախտ – diabetes

«Հորիզոն»ի Մանկապատանեկանի գունաւոր յաւելուածը PDF տարբերակով ներբեռնել (Download)

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.