Մամուլը եւ ազատ խօսքի իրաւունքը

Այս հարցը վերստին կ՚արծարծուի, քանի որ բազմաշերտ է ու կրնայ տարբեր անկիւններէ դիտուիլ։

Նախ քան լուսարձակը հայ մամուլին վրայ դարձնելս, կ՚ուզէի երկու մէջբերում կատարել այստեղ, երկուքն ալ Մոնթրէալի Le Devoir օրաթերթէն՝ պարզապէս մտքերը աշխուժացնելու նպատակով։

Առաջինը թերթին աշխատակից Pierre Trudel-ի յօդուածն է, 2019 հոկտեմբեր 1-ի թիւով՝ La protection des sources est la règle («Աղբիւրներու պաշտպանութիւնը օրէնքն է») վերնագրով։ Ասիկա տարբեր հարց մըն է, միշտ այժմէական, յատկապէս հիւսիսամերիկեան ներկայ իրականութեան մէջ, եւ անոր չէ՛, որ պիտի անդրադառնամ, սակայն ընթերցողի ուշադրութեան կ՚ուզեմ յանձնել անկէ քաղուած հետեւեալ մտածումները։

Գանատայի Բարձրագոյն դատարանը,– կը գրէ Թրիւտել,– շեշտելով լրագրողներու խորհրդապահական աղբիւրներու պաշտպանութեան ամրակայման անհրաժեշտութիւնը, այս վերջինը կ՚արդարացնէ լրատուներու խաղացած դերով՝ ժողովրդավարական գործընթացներու մէջ. իրենց հետաքննութիւններով եւ քննադատութիւններով լրատուները կը նպաստեն «ազատ եւ ժողովրդավար հասարակութեան գոյութեան եւ պահպանման»։ Գլխաւոր դատաւորը կ՚աւելցնէ՝ լրագրութիւնը կը նպաստէ նաեւ, որ հանրային թէ անձնական հաստատութիւններ համարատու ըլլան իրենց որոշումներուն եւ գործունէութեան համար։ Տեղեկութեան ազատ շրջագայութեան մասնակից ըլլալով, լրատուները կ՚օգնեն, որ արդիւնաւէտ քննարկում կատարուի հասարակաց շահ ներկայացնող հարցերու կապակցաբար։

Թրիւտել կ՚աւելցնէ, թէ տեղեկութիւններ հաւաքելու եւ անոնց բովանդակութիւնը հաղորդելու լրատուներու կարողութիւնը ժողովրդավարական գործընթացներու կենսական մէկ տարողութիւնը կը ներկայացնէ։ Մամլոյ ազատութիւնը կը պաշտպանէ այդ գործընթացները այն կանոններուն եւ կիրարկութեանց դէմ, որոնք կը նսեմացնեն անոնց կարողութիւնը իրենց գործը լաւապէս կատարելու համար։ Այս ազատութիւնը վերացական սկզբունք մը չէ, որ կարելի է մէկ կողմ դնել անմիջապէս որ նեղացուցիչ դառնայ։

Երկրորդ յօդուածը կը պատկանի ամերիկացի խմբագիր (Harper’s Magazine-ի) եւ Լը Տվուարի ֆրանսագիր աշխատակից John R. MacArthur-ի՝ Le quatrième pouvoir («Չորրորդ իշխանութիւնը») վերանգրուած, թերթի 2019 հոկտեմբեր 7-ի թիւին մէջ։

Ան մեծ քննադատներէն ու ընդդիմադիրներէն է ԱՄՆ-ի նախագահին, որ ի՛նք պատերազմ է հռչակած լրատուներուն դէմ, զանոնք ամբաստանելով որպէս սուտ լուրեր տարածողներ։ Իբր լրագրող, հեղինակը կը խոստովանի, որ ինք յաճախ գտնուած է այդպիսի սուտ լուրերու երեւոյթին դէմ-յանդիման՝ տարբեր ժամանակներու եւ տարբեր նախագահներու օրով, երբ զանազան թերթեր, իրենց պարտականութիւնը ընելու փոխարէն, իշխանութիւններու յօրինած սուտերուն զօրավիգ կը կանգնէին, ինչպէս օրինակ 1990-ին՝ Իրաքի դէմ ամերիկեան յարձակումը արդարացնելու համար։

Չունենալով միջոցները հակաճառելու եւ իրականութեան ու գաղափարախօսութեան միջեւ մեծ տարբերութիւնը նուազեցնելու, ժողովուրդը կը մնայ լրատուներէն կախեալ՝ ճիշտ կողմնորոշուելու համար։ Ով որ կրնայ թող փախչի, ազատի,– կ՚եզրակացնէ ՄագԱրթըր։

Այս զոյգ մէջբերումները կ՚առնչուի՞ն արդեօք մեր արծարծելիք կամ վերարծածելիք հարցին։ Անկասկա՛ծ։

Այստեղ կ՚արժէ կարդալ Հալէպի «Գանձասար» պարբերաթերթի 4 յուլիսի խմբագրականը, որ կը բացուի հետեւեալ պարբերութեամբ. «Խօսքի ազատութեան իրաւունքը ժողովրդավարական հասարակութեան ձեւաւորման հիմնական երաշխիքն է: Ազատ խօսքով իր մտքերը արտայայտելու, ինչպէս նաեւ ազատօրէն տեղեկատուութիւն փնտռելու, ստանալու եւ տարածելու իրաւունքէն օգտուելով, որեւէ հասարակութիւն երկրէն ներս տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, ազգային շահերուն “հսկող” արթուն պահակը կը դառնայ: Այս պատճառով ալ, խօսքի, տեղեկատուութեան փոխանցման ազատութիւնը ամրագրուած է օրէնքով»:

Սակայն «Գանձասար» կ՚աւելցնէ քիչ անդին. «Ազատ խօսքի ընկալման հարցը նոյնքան կարեւոր է, որքան խօսքի ազատութեան կիրարկումը եւ անոր նպաստող օրէնքներն ու միջավայրը» եւ հարց կու տայ. «Որքանո՞վ ընկալելի է այսօր խօսքի ազատութեան շինիչ դերը: Քննադատութիւնը որքանո՞վ վիրաւորանք համարուելէ կը դադրի ու կ’ընկալուի որպէս ուղղիչ խօսք: Ցաւօք տակաւին առկայ է ազատ խօսքը վիրաւորանք համարելու, քննադատութիւնը ոչ թէ իբրեւ ինքնասրբագրումի հրաւէր, այլ այպանումի, նուաստացումի միջոց նկատելու մտայնութիւնը»:

Այս պատճառաւ ալ մամուլի դերին վերաբերեալ վերոնշեալ հաստատումներուն հակառակ, դժուար է ուղղակի հետեւութիւններ ընել մեր՝ հայ մամուլի պարագային։

«Գանձասար» իր խմբագրականը կ՚աւարտէ ըսելով՝ «Միւս կողմէ, հայկական լրատուադաշտին մէջ, ընդհանրապէս, ազատ խօսքը, քննադատութիւնը որքանո՞վ կը յաջողին շրջանցել յանուն քաղաքական շահերու փոխադարձ նուաստացումի, ցեխարձակումի, երբեմն նոյնիսկ կեղծ փաստերու օգտագործման ծուղակը եւ կը ջանան յոռի երեւոյթները սրբագրել կառուցողական, յանդուգն քննադատութեամբ, ազգային շահերու պահպանման գիտակցութեամբ առաջնորդուելով»:

Մամլոյ ազատութեան եւ մանաւանդ կուսակցականներու ազատութեան՝ մամուլով իրենց մտքերն ու մօտեցումները արտայայտելու տեսակէտէն, յատկապէս ընկերային ցանցերու վրայ մենք կը հանդիպինք յաճախ վիճելի կեցուածքներու, հակասական դրսեւորումներու, երբեմն նոյնիսկ անհեթեթութիւններու։ Գովելի է Հալէպի մեր պաշտօնակիցին նախաձեռնութիւնը՝ այս հարցերը հրապարակային քննարկման դնելու։ Չեմ ուզեր կրկնել այստեղ այս մասին գրած նախորդ երկու յօդուածներուս մէջ արտայայտուած մտքերը – տես «Մամլոյ ազատութիւնը – առասպե՞լ թէ իրականութիւն» («Հորիզոն», 28 յունուար 2019) եւ «Բաղձալի հրապարակը» («Հորիզոն», 30 սեպտեմբեր 2019)։

Այո՛, մեր ազգային գերխնդիրները՝ ՀՀ ԱՀ պաշտպանութեան, հզօրացման, Սփիւռքի գոյատեւման հիմնահարցերը կը գրաւեն մեր ամբողջական ուշադրութիւնը, եւ անհրաժեշտ է, որ իւրաքանչիւր հայորդի այդ բոլորին մասին իր ներդրումը կարենայ ունենալ ազատօրէն, առանց կաշկանդումներու։ Բայց միայն մամո՞ւլն է այդ հրապարակը։

Գիտենք, շատ լաւ գիտենք, որ մեր կազմակերպութիւնները՝ կուսակցութիւններն ու միութիւնները նոյնպէս անձնական կարծիքները արտայայտելու եւ հանրային կարծիք ստեղծելու յարմար վայրեր են։ Ընդհանուր մեր համրանքին ո՞ր չնչին տոկոսը մասնակից է անոնց գործունէութեան մշակման ու գործադրութեան։ Լաւագոյն պարագային փոքր համեմատութեամբ ներկայութիւն մըն են տեղի ունեցող նախաձեռնութիւններուն, որոնցմէ կրնան գոհ մնալ կամ դժգոհ, սակայն այդ նախաձեռնութիւնները բարելաւելու, անոնց որակը բարձրացնելու պատրաստ հայրենակիցներու համեմատութիւնը ողբալի է։

Գիտենք, շատ լաւ գիտենք նաեւ, որ քիչեր, քիչե՛ր, քիչե՜ր գրիչ ձեռք կ՚առնեն մամուլով բանաձեւելու համար իրենց տեսակէտները, իսկ եթէ ըրին, աւանդութիւնը ցոյց կու տայ, որ այդ ըսուածներն ալ յաճախ կը մնան «ձայն բարբարոյ յանապատի», չեն հետապնդուիր, չեն իսկ պատասխանուիր։

Միւս կողմէ գիտենք նաեւ, որ իսկապէս հարցեր քննարկելու փոխարէն աւելի շատ անձնական հաշիւներ մաքրելու կը ծառայեն այդ դրսեւորումները։ Այս առնչութեամբ Միհրան Քիւրտողլեան, ի պատասխան «Գանձասար»-ի հրաւէրին իր գրած յօդուածին մէջ (թերթի 19 սեպտեմբերի թիւով), անդրադառնալով առողջ քննադատութեան անհրաժեշտութեան, իրաւամբ դիտել կու տայ. «Հասկնալի է անշուշտ, որ խօսքը չի վերաբերիր խծբծանքի, անձնական վիրաւորանքներու ու անտեղի քննադատութիւններու, որոնց հրատարակութեան տեղ տալու-չտալու հարցը պարզ է, թէ կը լուծուի մամլոյ պատասխանատուներու դատումով: Հոս, քննարկման առարկայ չի կրնար ըլլալ նաեւ քմայքը կարծրատիպերու, որոնք պէտք է չէզոքացուին անպայման: Անոնք ընդհանրապէս կ’առաջնորդուին դիւանակալի (bureaucrate-ի) հոգեբանութեամբ եւ… կանխահոգութեամբ, որպէսզի որեւէ պատճառով չխախտին իրենց զբաղեցուցած պաշտօնները»:

Մամլոյ ազատութեան եւ այդ ազատութեան ճիշտ ընկալման հարցերը յստակօրէն ունին, պէտք է ունենան դաստիարակչական հիմքեր, եւ դպրոցական գրասեղաններէն պէտք է սորվինք մեր տեսակէտները մտածուած ձեւով բանաձեւելու եւ կիրթ ձեւով արտայայտելու եղանակները, զանոնք վիճարկելու ճիշտ վայրին մէջ ու պատշաճ պահուն, մանաւանդ ի շահ հաւաքանութեան՝ ունենալու զանոնք հետապնդելու յանձնառութիւնը։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.