Մահացած է Սփիւռքահայ վարժարաններու բարերար Գէորգ Արապեանը

Յուլիս 3-ին, Լիբանանի Այնճար հայկական աւանին մէջ մահացած է Լիբանանի եւ Ֆրանսայի մէջ հայկական դպրոցներու բարերար Գէորգ Հայկ Արապեանը, 91 տարեկանին: Ան Բարերան է Ֆրանսայի Ալֆորվիլ եւ Վալանս քաղաքներու հայկական վարժարաններուն։ Ալֆորվիլի «Արապեան» դպրոցի շինութիւնը արժած է 4,5 միլիոն եւրօ, որ գոյացած է անհատներու եւ հաստատութիւններու նուիրատւութիւններէ, իսկ Պարոն Գէորգ Արապեան յատկացուցած է 2,5 միլիոն եւրօ։ Իր անունը կրող Վալանսի նորաբաց վարժարանին նուիրած է 800.000 եւրօ

Իր ներդրումով վերանորոգուած է Լիբանանի Այնճար հայկական աւանի Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանը, իսկ վերանորոգուած մանկապարտէզի ծաղկոցը կը կրէ իր անունը։

Գէորգ Արապեան ծնած է Պէյրութ 1932ին։ Հայրը՝ Հայկ Արապեան ծնած էր Կեսարիա եւ Աքշէրի մէջ իր կողակիցին՝ Մարիամի հետ կազմած էր ընտանիք եւ բախտաւորուած երեք զաւակներով՝ Բիւզանդ, Կարապետ եւ Գէորգ։ 1915-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան օրհասական օրերուն տարագրուած են Տէր Զօր։ Կարճ ժամանակ Հալէպ ապրելէ ետք, 1923-ին Հայկ Արապեան ընտանիքին հետ հաստատուած է Պէյրութ։ Հետագային, Հայկի զաւակները Պէյրութի մէջ հիմնած են թուղթէ տոպրակի արտադրամաս եւ դարձած են յաջող ու երեւելի առեւտրականներ։

Comments are closed.