Ճորճ Թոտորովիչ՝ Սերպիոյ Մէջ Հայկական Ծագումով Առաջին Երեսփոխանը
«Քորոնա» ժահրի համաճարակին յարաբերական մեղմացումէն ետք, Եւրոպայի տարածքին խորհրդարանական առաջին ընտրութիւնները տեղի ունեցան Սերպիոյ մէջ: Կիրակի, 21 Յունիսի ընտրութիւններուն իշխող «Սերպիոյ յառաջդիմական կուսակացութեան» (SNS) ընտրացանկէն երեսփոխան ընտրուեցաւ հայկական ծագումով 29ամեայ Ճորճ Թոտորովիչ:
Յառաջդիմականները տիրացան Սերպիոյ խորհրդարանի ընդհանուր 250 աթոռներէն 189ին:
Ճորճին հայրը սերպ է, մայրը՝ հայուհի, Կամիլա Մուրադեան, որ 1990ին ամուսնանալով՝ Երեւանէն Պելկրատ փոխադրուած է: Ան իր երեք զաւակներուն ալ տուած է հայեցի դաստիարակութիւն: Ճորճը կը տիրապետէ հայերէնին:
Ան արդէն կ՛աշխատի Սերպիոյ խորհրդարանի միջազգային յարաբերութիւններու բաժինին մէջ եւ ամէն կերպով կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Արցախի հետ Սերպիոյ յարաբերութիւններու զարգացման: Ան երբեք չէ թաքցուցած իր հայկական ծագումը եւ խորհրդարանին մէջ յաճախ շեշտած է, որ ինք հայ է: