Ճգնաժամային Պահը՝ Հայաստանի Մէջ Փախստականներու Նախարարութեան Մը Հիմնումի Անմիջական Հրամայականը
ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ
Նախաբան
2020 թուականի աւերիչ պատերազմէն ետք Հայաստան կը շարունակէ գտնուիլ ազգային ճգնաժամի եւ ներքին ցնցումներու մթնոլորտի մէջ, սակայն հայ-թուրանական հակամարտութեան եւ պատերազմէն քաղուելիք դասերու համապարփակ եւ լուրջ գնահատականը հայ քաղաքական միտքի շրջանակներուն մէջ տակաւին կը բացակայի:
Քաղաքական բեւեռացումը եւ անտարբերութիւնը թափանցած են հայ հասարակութեան տարբեր շերտերուն մէջ, յաճախ ստուերելով կարեւոր պետական եւ ազգային խորքային խնդիրները, որոնք անյետաձգելի լուծումներ կը պահանջեն՝ անկախ քաղաքական պատկանելիութենէ: Այս յօդուածը նպատակ ունի շեշտել այդ անտեսուած հարցերէն մէկը՝ ծանր վիճակը բռնի տեղահանուած արցախահայութեան, որ արդէն գրեթէ մէկ տարի է, որ կ՛ապրի իբրեւ փախստական Հայաստանի մէջ. օրին այս ճգնաժամին մասին գրած էի:
2023-ի սեպտեմբերին Հայաստանը դիմագրաւեց Լեռնային Ղարաբաղի 100 հազար փախստականներու զգալի հոսքը, որ կը յիշեցնէ 1988-1990 եւ 1992-1993 թուականներու նախկին փախստականներու ալիքները ։ Ժամանակակից պատմութեան դէպքերը, ներառեալ Հայոց ցեղասպանութեան իրադարձութիւնները, կ՝ապացուցեն պետական դերակատարներու կողմէ կրկնուող ցեղային զտումներու ցեղասպանական փորձերը՝ անտեսելով իրենց միջազգային պարտավորութիւնները: Այս ցեղասպանական վտանգին դիմաց, հայկական պետականութիւնը բարոյական պարտաւորութիւնը ունի աջակցելու Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած հայ փախստականներուն։ Այս յանկարծակի մարդկային ներհոսքը զգալի մարտահրաւէրներ յառաջացուց Հայաստանի համար, որ արդէն իսկ կը դիմագրաւէր իր սեփական ընկերային-տնտեսական խնդիրները:
Փախստականներու կարիքները բազմակողմանի են և և բարդ. Անոնք կը պահանջեն համակարգուած եւ ռազմավարական արձագանգ: Այս կարիքներու ազդու լուծումներ գտնելու համար Հայաստանի համար հրամայական է «փախստականներու նախարարութեան» մը հիմնադրութիւնը: Այս նախարարութեան միջոցով կարելի կ՝ըլլայ մասնագիտականացնել եւ հաստատութենականացնել փախստականներու խնամքը, որ նման է Պաղեստինի մէջ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի աւելի քան 70 տարուան կենսական դերին: Նաեւ այսպիսի նախարարութիւն մը կատարելապէս կրնայ ներգրաւել միջազգային նուիրատուներու և հայկական սփիւռքի դիմումներն ու մարդկային օգնութիւնը:
Անցնինք որոշ հիմնաւորումներու եւ նախագծային/կազմակերպչական նախնական մանրամասնութիւններու՝ առաջարկուող այս նախարարութեան մասին: Այստեղ արծարծուած միտքերը նախնական են եւ կարիքը ունին յաւելեալ լրացուցիչ վերլուծութեան:
Փախստականներու Նախարարութեան Ստեղծման Կարեւորութիւնը. Հաստատութենականացում
Փախստականներու նախարարութեան մը ստեղծումը կարեւոր քայլ մը կրնայ ըլլալ Հայաստանի մէջ հայ փախստականներու խնամքի մասնագիտացման եւ հաստատութենականացման ուղղութեամբ: Այս նախարարութիւնը նուիրուած կ՝ըլլայ փախստականներու անհամար կարիքներու հոգացման, ներառեալ բնակարանային, առողջապահական, կրթական եւ ընկերական զբաղուածութիւնը եւ հոգեբանական աջակցութիւնը: Բացի ատկէ, նախարարութիւնը նաեւ կրնայ վաւերագրել փախստականներուն վերաբերեալ կարեւոր մանրամասնութիւններ, ինչպէս օրինակ՝ Ղարաբաղ մնացած անոնց ունեցուածքին գոյքագրումը, իրադարձութիւններու ժամանակագրութիւնը, ականատեսներու վկայութիւնները եւ փախստականներու տուեալներու շտեմարանի պահպանումը:
Այս կարիքներու մասնագիտացուած բնոյթը կը պահանջէ նուիրուած մարմին, որ ունի փորձ եւ հմտութիւն՝ համապարփակ աջակցութիւն տրամադրելու: Առանց նման հաստատութեան մը, այսօրուան բազմաթիւ ու ժամանակաւոր ջանքերը կը վրիպին եւ անմիջական կարիքները կը մնան չբաւարարուած, ինչ որ կրնայ յանգեցնել բազմաթիւ փախստականներու այլուր գաղթին՝ աւելի լաւ կարելիութիւններ փնտռելու:
Այսօր չունինք այս հարցով հիմնական ռազմավարութիւն, համադրող եւ պատասխանատու լուրջ մարմին:
Ունինք զանազան կարծիքներ եւ յոխորտանք: Ունինք ոչ համադրուած եւ անհաստատելի բազմաբեկոր ջանքեր: Եւ վերջապէս, ունինք աւելի եւ աւելի իր ապագայով մտահոգ արցախահայութիւն:
Փախստականներու նախարարութեան ստեղծումը առաջին քայլն է այս հարցով ազգովին լուրջ պատասխանատուութիւն վերցնելու: Այս հիմնական առաջին քայլին մէջն է այս նախարարութեան կարեւորութիւնը:
Կենդրոնացած Եւ Համակարգուած Ջանքեր. Դասեր Քաղել Պատմական Պարունակէն
Հայաստանի Հանրապետութիւնը հայ փախստականներու հոսանքներու ճգնաժամերուն ոչ համահունչ արձագանգելու պատմութիւն ունեցած է՝ յաճախ պայքարած ըլլալով Իրաքէն, Սուրիայէն եւ Ազրպէյճանէն հայ փախստականներու կարիքները հոգալու օրերուն: Աւելի՛ն, ժամանակակից հայոց պատմութեան մէջ հայ գաղթականութեան աջակցութեան միակ լուրջ գործը օտարները կատարած են` Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց մարդասիրական կազմակերպութեան միջոցով:
Անցեալի այս ձախողութիւնները կ՝ընդգծեն փախստականներու խնամքին նկատմամբ աւելի կառուցուածքային եւ համակարգուած մօտեցման անհրաժեշտութիւնը հայութեան եւ Հայաստանի կողմէ:
Փախստականներու նախարարութեան ստեղծումը կ՛երաշխաւորէ, որ Հայաստանը չկրկնէ անցեալի սխալները եւ աւելի լաւ պատրաստ ըլլայ դիմակայելու այսօրուան, պատմական եւ ապագայ ճգնաժամերը:
Կեդրոնացած մարմինը կարեւոր նշանակութիւն ունի կառավարման տարբեր ոլորտներու եւ մակարդակներու ջանքերը համակարգելու առումով: Փախստականներու նախարարութիւնը կը ծառայէ իբրեւ փախստականներու հետ կապուած բոլոր գործողութիւններու համակարգող կեդրոն՝ երաշխաւորելով, որ ջանքեր անօգուտ կերպով չկրկնուին եւ քիչ պաշարներ արդիւնաւէտօրէն օգտագործուին: Ինչպէս յիշեցինք, այս նախարարութիւնը նուիրուած կ՝ըլլայ փախստականներու անհամար կարիքներու հոգացման:
2023 թուականի սեպտեմբերէն ետք Եւրոպական Միութիւնը, Միացեալ Նահանգները եւ զանազան երկիրներ ու կազմակերպուութիւններ օգնութիւն տրամադրեցին Հայաստանին՝ Լեռնային Ղարաբաղի փախստականներուն աջակցելու համար։ Այս օգնութիւնը կը տրամադրուի Հայաստանի կառավարութեան եւ վերջինիս տարբեր նախարարութիւններուն եւ հասարակական կազմակերպութիւններուն միջոցով։ Այլ նուիրատուներ, ներառեալ հայկական սփիւռքը, նոյնպէս նախաձեռնեցին իրենց օգնութեան դրամահաւաքի արշաւները։ Այս բազմաշերտ ջանքերը կեդրոնացնելով ՝ Փախստականներու նախարարութիւնը կ՝ապահովէ աւելի համահունչ և արդիւնաւէտ արդիւնք՝ համադրեով բոլոր տրամադրուող օգնութիւնները: Բռնի տեղահանուած արցախահայութեան օգնութեան բարդ աշխատանքը պէտք է անպայման կեդրոնացած պետական մտածողութեամբ ըլլայ եւ ոչ թէ բազմաթիւ նախարարութիւններու երկրորդական ջանքերով կամ միջազգային ու սփիւռքեան հասարակական կազմակերպութիւններու սահմանափակ եւ չհամադրուած կամաւորական գործով :
Բացի ատկէ, առաջնային է փախստականներու իրաւունքներուն ապահովութիւնը, ներառեալ՝ Ղարաբաղի հայկական լեռնաշխարհի բնիկ ժողովուրդի վերադարձի հիմնարար իրաւունքը։ Փախստականներու նախարարութիւնը կրնայ ստանձնել այս իրաւունքներու պաշտպանութիւնը՝ միաժամանակ աշխատելով փախստականները հայ հասարակութեան մէջ ներառելու ուղղութեամբ: Այստեղ խօսքը փախստականերուն իրաւական լայն օգնութիւն տրամադրելու մասին է:
Միտքը այն է, որ այս նախարարութեան ստեղծումը նաեւ կը ստեղծէ գիտելիքներու եւ լաւագոյն փորձի շտեմարան մը՝ ապահովելով, որ այս ճգնաժամէն քաղուած դասերը կը գտնեն հետագայ ճգնաժամերու մեր հաւաքական պիտանի պատասխանները: Ժամանակը էական է. յատուկ նախարարութեան ստեղծումը յետաձգելը կը սպառնայ Արցախի բնակչութեան կորուստով՝ վերջինիս Հայաստանէն դուրս արտագաղթով:
Նախարարութեան Արագ Ստեղծման Քայլեր՝ Ազգային Համաձայնութեամբ
Յստակ եղաւ վերջին ամիսներուն, որ ո՛չ իշխանութիւնը, ո՛չ ընդդիմութիւնը, ո՛չ պետութիւնը, ո՛չ Արցախի վտարանդի ղեկավարութիւնը, ո՛չ հայ եկեղեցին, ո՛չ ալ Հայաստանի մէջ «փափուկ ուժի համար արտաքին օգնութիւն օգտագործող մեր բարեկամ օտար երկիրները» որեւէ լուրջ ծրագիր ունին բռնի տեղահանուած արցախահայութեան աղէտի կարճ և երկարաժամկէտ լուծման:
ժամանակը էական է. արագ եւ համակարգուած գործը կենսական նշանակութիւն ունին՝ անբաւարար աջակցութեան պատճառով փախստականներու արտասահմանի մէջ աւելի լաւ կարելիութիւններ փնտռելու ընթացքը սանձելու:
Փախստականներու նախարարութեան արագ ստեղծման համար այս հարցի հրատապութեան շուրջ ազգային համաձայնութեան ստեղծումը գոյացական խնդիր է: Ե՛ւ ընդդիմութիւնը, ե՛ւ իշխող կուսակցութիւնը, ե՛ւ Արցախի վտարանդի ղեկավարութիւնը, ե՛ւ սփիւռքեան մարդասիրական կազմակերպութիւնները պէտք է գիտակցին անոր կարեւորութեան եւ միաւորուին՝ աջակցելու անոր ստեղծման, Արցախի փախստականներու ճգնաժամը դիտարկելով իբրեւ «անկուսակցական խնդիր», որ կը պահանջէ անյապաղ եւ միասնական համահայկական գործ: Քաղաքական առաջնորդները պէտք է մէկ կողմ դնեն իրենց այլազան տարակարծութիւնները եւ արագ գործեն՝ հաշուի առնելով իրավիճակի ժամանակային բնոյթը:
Յաջորդ քայլերը կը ներառեն նախարարութեան ստեղծման համար օրէնսդրութեան մշակումն ու արագ վաւերացումը: Ապա, ատակ նախարարի մը նշանակումը, պիւտճէի յատկացումը, գրասենեակներու ստեղծումը եւ անձնակազմի համալրումը: Օրէնսդրութիւնը պէտք է յստակօրէն սահմանէ նախարարութեան լիազօրութիւնը, կառոյցը եւ գործառնութիւնները՝ ի սկզբանէ արդիւնաւէտ էութիւն ապահովելու համար:
Բացի ատկէ, յստակ սահմանուած կազմակերպական կառուցուածքի ստեղծումը կարեւոր է նախարարութեան յաջողութեան համար։ Պէտք է ստեղծուին բաժանմունքներ, որոնք կը կեդրոնանան փախստականներու խնամքի տարբեր երեսներուն վրայ, օրինակ՝ հասարակայնութեան հետ կապեր, բնակարանային, առողջապահական, կրթական, զբաղուածութեան եւ իրաւական: Դրամահաւաքի եւ նուիրատուներու ներգրաւման համար յատուկ խումբը նոյնպես կարեւոր է բաւարար պաշարներ ապահովելու համար: Այս իմաստով Պաղեստինի մէջ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի աւելի քան 70 տարուան կենսական օրինակը շատ պատշաճ է:
Ներառական ընդհանուր մօտեցումը կենսական նշանակութիւն ունի՝ տարբեր շահագրգիռ կողմերը ներգրաւելով նախարարութեան աշխատանքներու ծրագրման եւ իրականացման մէջ: Այստեղ պէտք է ներառուին միջազգային կազմակերպութիւնները, քաղաքացիական (Հայաստանի եւ սփիւռքի) կազմակերպութիւնները, փորձագէտներ եւ ընդհանրապէս արցախահայութեան մէջ գործող ընկերային-քաղաքական վերնախաւը: Ընդգրկելով ներառական մօտեցում՝ նախարարութիւնը կ՛երաշխաւորէ, որ բոլոր շահագրգիռ կողմերուն ձայներն ու կարիքները լսուին եւ հասցէագրուին՝ խթանելով գործակալութեան եւ համագործակցութեան զգացումը, որ կարեւոր է յաջողութեան համար:
Նախարարութեան ստեղծման համար էական նշանակութիւն ունի նաեւ ծրագիրին հաւանական ընդդիմախօսներու դիմելը: Փախստականներու առնչուող զանազան մօտեցումներ կրնան էական խոչընդոտներ հանդիսանալ: Հիմնականին մէջ, բռնի տեղահանուած եւ Հայաստան ապաստանած արցախահայութեան Հայաստանի մէջ վերաբնակացումը Հայաստանի ժողովրդագրական տագնապի լուծման կարելիութեան ակնոցով պէտք է դիտուի բոլոր կողմերէն (խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ընդդիմութիւն, իշխանութիւն եւ այլն ): Բոլորը պէտք է աջակցին նախարարութեան ստեղծման։ Բացի ատկէ, 100.000-է աւելի փախստականներու վերաբնակեցման ճգնաժամին հաստատութենական լուծում տալը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցը կենդանի պահելու ռազմավարական միջոց է՝ առանց զայն զիջելու: Առանց անմիջական համապարփակ լուծումի մը, փախստականները ժամանակի ընթացքին դուրս կու գան Հայաստանէն՝ շարունակելով իրենց պատմական ելքը հայկական լեռնաշխարհէն եւ ընթացք տալով ցեղային զտման՝ ըստ թուրանական ծրագիրին:
Ոչ բռնի բախումները քաղաքական հայեացքներու շուրջ ողջունելի են որեւէ հասարակութեան մէջ: Երկարաժամկէտ հեռանկարի վրայ անոնք կը նպաստեն հասարակութիւններու յառաջընթացին եւ զարգացման։ Այնուամենայնիւ, մեր պարագային հիմնականը այն է, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ներազգային վէճերը կառուցողականօրէն օգտագործել աւելի բարձր բարիքի համար: տարբեր առնչուող խումբերը ներգրաւելով կառուցողական երկխօսութեան մը մէջ եւ մասնայատուկ հարցերու ընդհանուր եզրեր փորձել գտնելով՝ հայ քաղաքական միտքը այսօր կրնայ տարագիր արցախահայութեան ճգնաժամը լուծելու առաջին քայլը առնել՝ «փախստականներու նախարարութիւն» ստեղծելով: Այս համագործակցային մօտեցումը կրնայ յանգեցնել նորարարական լուծումներու, որոնք օգուտ կը բերեն ինչպէս փախստականներուն, նոյնպէս նաեւ Հայաստանին, ի վերջոյ ամրապնդելով Հայաստանի ընկերային կառոյցը եւ նպաստելով հասարակութեան երկարաժամկէտ կայունութեան ու բարգաւաճման:
Արցախահայ փախստականներու Հաաստանի մէջ վերաբնակեցումն ու համարկումը կրնայ զգալի տնտեսական եւ ընկերային օգուտներ ունենալ նաեւ Հայաստանի համար։ Փախստականները կրնան նպաստել տնտեսութեան՝ լրացնելով աշխատուժի բացը, առեւտուր հիմնելով եւ պետական հարկեր վճարելով։ Անոնք կրնան նաեւ հարստացնել հայ հասարակութիւնը` բերելով տարբեր հմտութիւններ եւ մշակոյթ: Վերը յիշուած առաւելութիւնները շեշտելով՝ աւելի եւս կ՝ուժեղանայ փախստականներու նախարարութեան ստեղծման միտքը։
Եզրակացութիւն
Եզրափակելով, բռնի տեղահանուած արցախահայութեան օգնութեան հոսքերը մինչեւ օրս «ժամանակաւոր խայծեր են»: Փախստականներու կարիքները բազմակողմանի եւ բարդ են. Այս մարտահրաւէրը կարելի չէ դիմագաւել բազաշերտ եւ ոչ համադրուած մօտեցումով: Հայութեան անցեալի փախստականերու հասնելու եւ Հայաստանի մէջ վերաբնակեցման փորձերը յուսադրիչ չեն եղած:
Հայաստանի մէջ «փախստականներու նախարարութեան» մը ստեղծումը կենսական եւ հրատապ քայլ է 2023 թուականին Լեռնային Ղարաբաղէն փախստականներու հոսքի կարիքները փորձել լուծելու համար։
Այս նախարարութիւնը կրնայ մասնագիտացնել եւ կեդրոնացնել փախստականներու խնամքը՝ ապահովելով համակարգուած եւ արդիւնաւէտ արձագանգ: Ան նաեւ կրնայ բարձրացնել միջազգային նուիրատուներու հետ համագործակցելու եւ փախստականներու իրաւունքները պաշտպանելու Հայաստանի կարողութիւնը:
Այս հարցին շուրջ ներազգային համաձայնութեան մը ձեւաւորումը եւ այս նախարարութեան ստեղծման միտքին շուրջ արագ ընթացքը ոչ միայն կ՝անդրադառնան անմիջական ճգնաժամին, այլեւ հիմք կը դնեն աւելի հուժկու ապագայի՝ տեղահանուած ժողովուրդի մը երկարատեւ պայքարին համար:
Աւելի քան 100.000 արցախահայերու մեծապարփակ վերաբնակեցման ծրագիրը ժամանակի առումով զգայուն կարելիութիւն է, որ Հայաստանը պէտք է օգտագործէ: փախստականներու նախարարութեան ստեղծումը անոր ամէնէն արդիւնաւէտ միջոցն է:
Առանց լուրջ, կեդրոնացած եւ համապարփակ պետական մօտեցման, մասնատուած ջանքերը կը ձախողին, եւ շատ փախստականներ կրնան կարելիութիւններ փնտռել արտագաղթով՝ այժմէական «փախստականներու նախարարութիւնը» դարձնելով հրամայական: Աւելի՛ն, այս ճգնաժամին հաստատութենական լուծում տալը կարեւոր է Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի պատմական իրաւունքներու եւ ժառանգութեան պահպանման համար՝ երաշխաւորելով, որ այդ ժողովուրդին վիճակը չդառնայ ցեղային զտումներու մոռցուած գլուխ մը եւս՝ հայոց եւ մարդկութեան պատմութեան մեջ:
Ճգնաժամային պահը հասած է Հայաստանի մէջ փախստականներու նախարարութիւն մը հիմնելու, իսկ եթէ այս մարտահրաւէրը հայ քաղաքական միտքը լրջօրէն չդիմագրաւէ՝ հարցի հրատապութեան շուրջ «անկուսակցական» ազգային համաձայնութիւն ստեղծելով եւ շտապ գործի լծուելով, ապա վա՛յ մեզի:
Comments are closed.