Ճամբայ բանա՛նք՝ մե՛նք

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Ճամբայ՝ երիտասարդութեան առջեւ։

Ճամբայ՝ հասարակական պատասխանատւութեան ստանձման առջեւ։

Ճամբայ՝ նոր մօտեցումներու, նոր լուծումներու, նոր երազներու առջեւ։

Խօսքս կը վերաբերի ամենէն առաջ մեզի, որ տասնամեակներէ ի վեր պաշտօններ վերցուցած ենք ու տակաւին կը ստանձնենք։

Խօսքս կը վերաբերի ամե՛ն տեսակի պատասխանատւութիւններու, ամե՛ն մակարդակի, ամե՛ն ոլորտի։

Խօսքս կը վերաբերի մեր գաղութին, Սփիւռքին, Հայաստանին։

Ճամբայ բանալ չի՛ նշանակեր երես դարձնել, չի նշանակեր ասպարէզը լքել ու հեռանալ, չի նշանակեր ձեռնածալ նստիլ։ Բայց կը նշանակէ հրաժարիլ իր տեղէն, որ ուրիշ մը՝ երիտասա՛րդ մը գայ զայն գրաւել, բայց կը նշանակէ նաեւ մնալ անոր կողքին, օգնել, որ կարենայ իր ստանձնած գործը կատարել, լա՛ւ կատարել, թէկուզ սխալելով ու սխալէն իր դասերը քաղելով։ Ուրիշ ձեւ չկայ սերնդափոխութեան։ Հեզասա՛հ փոփոխութեան։ Այլապէս կը յառաջանայ ըմբոստութիւն, անարիւն կամ «թաւշեայ» եւ աւելի հաւանական՝ արիւնոտ կամ երկաթեայ յեղափոխութիւն՝ երկուքն ալ վտանգաւոր ու առլի անսպասելի հետեւանքներով ։

Պիտի ըսուի, ինչպէ՞ս կրնաս յեղափոխութեան դէմ խօսիլ, դո՛ւն՝ յեղափոխական կուսակցութեան մը անդամդ։ Այդպէս ըսողը չէ հասկցած ու չի՛ հասկնար կամ զիս, կամ կուսակցութեանս էութիւնը կամ ալ յեղափոխութեան իմաստը։

Յեղափոխութիւն՝ այո՛ երբ օտար լուծը պիտի տապալես, յեղափոխութիւն՝ այո՛ երբ երկիրդ պիտի պաշտպանես, երբ Սարդարապատի պատին առջեւ կը գտնուիս։ Եւ հոն կ՚իմաստաւորուի «Մահ կամ ազատութիւն»-ը։ Բայց երբեք՝ երբ պետականութիւնդ, գաղթօճախդ կամ կազմակերպութիւնդ պիտի բարեփոխես։

Ժողովրդավարութիւնը, որ քաղաքակիրթ ազգի մը նուազագոյն յատկանիշերէն մէկն է, կը պահանջէ նաեւ տեղը զիջելու պատրաստակամութիւն փորձառուին ու վաստակաւորին կողմէ՝ նուազ փորձառուին եւ տակաւին անվաստակ նորերուն առջեւ, որպէսզի անոնք ալ այդ փորձառութիւնը ձեռք ձգելու եւ վաստակ ունենալու առիթ ունենան։

Յաճախ նկատած ենք, որ նոյն պաշտօններուն վրայ երկար մնալով մենք դժգոհութիւն ու ափսոսանք յառաջացուցած ենք, եւ երբ ի վերջոյ հեռացած ենք այդ պաշտօնէն՝ մեր տեղը առնող չենք գտած, չե՛նք պատրաստած՝ որ գտնենք։ Մեր կեցուածքը միշտ ծառայելու պատրաստակամութիւնն է եղած, ինչ որ անկասկած դրական երեւոյթ է, այլեւ կազմակերպութիւնը մեր փորձառութենէն ու հմտութենէն չզրկելու նախանձախնդրութիւնը, որ նոյնպէս գնահատելի տրամադրութիւն է, եւ այդ այդպէս ըլլալով հանդերձ այդ կեցուածքը նաեւ թիւր մեկնաբանութիւններու ու ժխտական տպաւորութիւններու առիթ է տուած։

Կ՚ըսուի նաեւ, որ տեղերը չեն տրուիր, այլ կ՚առնուին։ Ասիկա կէս ճշմարտութիւն է, կամ երկսայրի սուր է։ Ճիշտ է, տեղերը գրաւել «ուզող»-ները պէտք է արժանացած ըլլան այդ տեղերուն, եւ «առնել»-ը եկէք ա՛յդ իմաստով հասկնանք, բայց «չեն տրուիր»-ն ալ եկէք չառնենք որպէս անոնց կառչելու յամառութիւն։

Եթէ մեր ծառայութեան տարիներուն իսկ կրցած ենք շրջապատուիլ աւելի երիտասարդ ուժերով, գործակցիլ անոնց հետ՝ որպէսզի իրենք ալ սորվին տուեալ պաշտօնին պահանջներն ու հասկնան անոր դժուարութիւնները, գործը հեզասահ անցած է մէկ սերունդէն միւսը, «տալ»-»առնել»-ու խնդիրն ալ լուծուած է։

Ասիկա պարզ ճշմարտութիւն է գործի ասպարէզին մէջ, ուր յաջող ու երկար կեանք կ՚ունենան այն ընկերութիւնները, որոնց տիրութիւնը հիներէն կ՚անցնի նորերուն՝ արժանաւո՛ր նորերուն, ի հարկէ։

Այս ճշմարտութեան իրազեկ դարձած են նաեւ այն կազմակերութիւնները, որոնք նոյնիսկ կանոնագրով ամրագրած են սերնդափոխութեան հարցը, մէկ կողմէ վարչութիւններու անդամներուն կէսը միայն փոխելով ամեն ընտրութեան, միւս կողմէ սահմանափակելով անընդմէջ անդամակցութեան ժամանակաշրջանը։

Սակայն կանոնագրերը չէ, որ կ՚ապահովեն հեզասահ սերնդափոխութիւնը։ Պիտի ըլլայ նաեւ իւրաքանչիւր անդամի «ճամբայ բանալու» պատրաստակամութիւնը, դրակա՛ն պատրաստակամութիւնը՝ տեղը տալով հանդերձ իր օժանդակութենէն ալ չզրկելու իր յաջորդը՝ այդպիսով ապահովելով շարունակականութիւնը։

Միւս կողմէ պատրաստ պիտի ըլլանք ընդունելու, որ նորերը մերինէն տարբեր մօտեցումներ, տարբեր գործելակերպեր պիտի ունենան, անշուշտ հետեւելով միութեան մը, կազմակերութեան մը կամ կառավարութեան մը գերագոյն ժողովներուն կողմէ որդեգրուած ռազմավարութեան, եւ պիտի չվարանինք գնահատելու իրենց իրագործումները, որոնք նոյնպէս կրնան մեր պատկերացումներուն չհամապատասխանել։

Ի վերջոյ, հասարակական գործունէութիւնը միայն նուիրում է ու ծառայութիւն։ Ոչ վարկ ու պատիւ շահելու միջոց է, ոչ ալ անձնական շահեր հետապնդելու դաշտ։

Ինչ որ խրախուսիչ է, այն է, որ շատեր սկսած են անդրադառնալ այս իրողութեան, ու մեր կազմակերութիւններն ու հաստատութիւնները, այստեղ թէ այլուր ինքնանորոգման գործընթացի մը մէջ կը թուին ըլլալ։ Յուսանք նոյնը՝ մեր պետականութեան համար։

Ճամբայ բանանք, որ այս գործընթացը ամբողջական յաջողութեամբ պսակուի ամենուրեք ու աւանդութեան վերածուի, մեր հասարակական գործունէութեան յարացո՛յցը դառնայ։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.