«Ձայնը» երգի մրցոյթի աստղերէն Մանէ Պաղդասարեան այցելեց «Հորիզոն»ի խմբագրատուն
Գանատայի Քեպէգ նահանգի «Ձայնը» (La Voix) երգի մրցոյթի աստղերէն Մանէ Պաղդասարեան Ապրիլ 30-ի երեկոյեան այցելեց «Հորիզոն»ի խմբագրատուն եւ հանդիպեցաւ խմբագրակազմին հետ։
Ապրիլ 29-ին, Մանէ Բաղդասարեան «Ձայնը» երգի մրցոյթի կիսաեզրափակիչ հանգրուանին յաղթանակ արձանագրելով իրաւունք ստացաւ Մայիս 6-ին մասնակցելու աւարտական փուլին, ուր մրցակից պիտի ունենայ երեք քեպէգցի մասնակիցներ։ Մրցոյթի ամէնէն կրտսեր մասնակիցը 18-ամեայ Մանէն է։
Հանդիպման ընթացքին Մանէի հետ հարցազրոյց կատարեց «Հորիզոն»ի աշխատկիցներէն Տիանա Սքայա։
Յիշեցնենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, 2015-ի Ապրիլ 18-ին Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ 1500 երիտասարդներով կայացած մշակութացոյցի (flash mob) ընթացքին Մանէ Պաղդասարեան երգեց պատմական Անի քաղաքին նուիրուած «Դարձիր, իմ Անի» երգը։
Մոնթրէալ ծնած Մանէ Պաղդասարեան յաճախած է տեղւոյն Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի նախակրթարանը, ապա ուսումը շարունակած է Հայաստանի մէջ եւ աւարտած է Երեւանի «Յակոբ Կոջոյեան»ի անուան նկարչական վարժարանը։
TVA հեռուստակայանին կողմէ սփռուող «Ձայնը» երգի մրցոյթներուն կը հետեւին երկու միլիոն հեռուստադիտողներ։ Յաղթականը ընտրելու գործընթացին մասնակից կը դառնայ Քեպէգ նահանգի արուեստասէր հանրութիւնը՝ բջջային հեռաձայններով քուէարկելով։ Մրցոյթի ախոյեանը կը շահի նաեւ 50 հազար տոլար եւ գանատական երգարուեստի շրջանակներու մէջ կը դառնայ փնտռուած անուն։
Մանէ Պաղդասարեանի Little Me երգի մեկնաբանումը youtube համացանցի կայքին վրայ ունի 525 հազար հետեւորդներու Like։