Ձախողութիւններու յաջողութիւնը, կամ՝ քաղաքական անհեթեթի թատրոնը
127
0
Ինչպէ՞ս յուսալու հոգեվիճակ ստեղծել Սփիւռքի մէջ
Խ. Տէր Ղուկասեան
«Եկէք պայմանաւորուենք մի բան, որ ինչ էլ լինի՝ մենք մեզ երբեք պարտուած չենք ճանաչի…»:
Քառասունչորսօրեայ Պատերազմի էն սկզբնաւորութեան եւ անոր աւարտին, Եռակողմանի Համաձայնագրի ստորագրութեան օրը, պատերազմի ժամանակ Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած Ուժերու գերագոյն հրամանատար եւ, հետեւաբար, պարտութեան պատասխանատու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի զոյգ յայտարարութեանց մէջ հնչած այս նախադասութիւնը, դուրս բերուած այդ երկու առիթներով արտասանուած/հրապարակուած խօսոյթի պարունակէն, միակ բանականացումն է հայրենի թատերաբեմի վրայ քաղաքական անհեթեթի ներկայացման: Միակ տրամաբանութիւնը առաջին հերթին իշխանութիւններուն, բայց նաեւ ընդդիմութեան, իրերայաջորդ ձախողութիւնները որպէս յաջողութիւն ներկայացնելու ճիգին: Ընդ որում՝ նախաձեռնութեան մը թէ որոշումի մը ապարդիւնութիւնը կը չեղարկուի այն արդարացումով, որ որեւէ այլընտրանք աւելի վատ պիտի ըլլար:
Ոչ երկրի ու պետականութեան գոյութենական ճգնաժամին որպէս միակ լուծում իշխանութիւններու առաջ քաշած «խաղաղութեան» ժամանակաշրջան/խաչմերուկ/համաձայնութիւն կամ ինչ-որ-բան իրականութիւն կը դառնայ, ոչ ալ ընդդիմութեան համոզում իշխանափոխութիւնը որպէս անկումի կասեցման միակ ուղի կ’արդիւնաւորուի: Յստակ ալ չէ թէ առաջադրուած այս երկու նպատակներու պայմանական իրականացման յաջորդ օրը ինչ պիտի ըլլայ: Իշխանութիւններու պարագային ձախողութեան յաջողութիւնը կը կայանայ որեւէ ձեռքբերումի չգոյութիւնը պատերազմի որպէս թէ կանխարգիլում ներկայացման մէջ: Ընդդիմութիւնն ալ պատերազմի աւարտէն ի վեր առնուազն երեք առիթներով մոմենթում նուաճած եւ այնպէս ալ մարած ժողովրդային զօրաշարժերու իշխանափոխութեան իր ձախողութեան յաջողութիւնը կը համարէ երկրի եւ պետականութեան քայքայման արագացման արգիլումը:
Իշխանութիւնները չեն վստահեցներ, որ խաղաղութեան ինչ-որ-բանը որ պիտի ստորագրուի, կամ անոր կցո՞րդ, տարբերա՞կ, հետեւա՞նք…, սահմանազատումն ու սահմանագծումը, բնագրով՝ դելիմիտացիա եւ դեմարկացիա, պիտի երաշխաւորէ պատերազմի բացառումը: Իսկ ընդդիմութիւնը այնպէս ալ չի՛ կրնար «փակագիծերը բանալ» եւ համոզել, որ այս իշխանութիւնները տուն ղրկելէ յետոյ գիտէ թէ ինչպէ՞ս պիտի դիմագրաւէ ճգնաժամին շատ կոնկրետ խնդիրները: Սկսելով Զանգեզուրի «միջանցք»էն որուն վերահսկողութեամբ շահագրգռուած չեն միայն Ատրպէյճանն ու Թուրքիան, այլ նոյնինքն Մոսկուան ի դէմս Եռակողմանի Համաձայնագրի մէջ տեղ գտած 9-րդ կէտին, որմէ դժուար թէ զիջի նոյնիսկ եթէ ամենառուսամէտ քաղաքական ուժը փոխարինէ «Արեւմտամէտ» այս իշխանութիւններուն:
Առանց տակաւին նշելու, որ քաղաքական անհեթեթը կրնայ նոր մակարդակ մը նուաճել, եթէ այս իշխանութիւններու օրօք խաղաղաութեան ինչ-որ-բանը ստորագրուի եւ «միջանցք»ի վերահսկողութիւնը յաւուր պատշաճի բանաձեւումով վստահուի Ռուսիոյ: Այն ալ Իրանի համաձայնութեամբ…
Ծիծաղը, սեւ կատակը, ցինիզմը, եւ յատկապէս բովանդազուրկ կամ ինքզինք հակասող խօսքը անպակաս են անհեթեթի թատրոնին մէջ: Մանաւանդ երբ քաղաքական անհեթեթի կը վերաբերի: Բայց նաեւ՝ ողբերգութիւնը, հաւաքական իրավիճակի փակուղին, որմէ դուրս գալու ամէն այլընտրանք կը բացառուի, երկփեղկումի ախտաւոր շրջանակը կը յամենայ եւ կարծես կը վերածուի երաշխիքի՝ իշխանութիւն/ընդդիմութիւն այս կարգավիճակի վերարտադրութեան:
Քաղաքական անհեթեթի այս ներկայացման hանդիսատես է Սփիւռքը: Աւելի ճիշդ՝ Սփիւռքի այն հատուածներն ու անհատները, որոնք տակաւին կը հետեւին հայրենի լուրերուն եւ կը փորձեն հասկնալ, թէ ի՛նչ կ’անցնի կը դառնայ հոն: Երբեմն նոյնիսկ կը կարծեն, որ մասնակից են երբ, օրինակի համար, իշխանութիւնները անոնցմէ ոմանց բեմ կը հրաւիրեն հայրենասիրութեան մասին բանախօսութեան առանձնաշնորհեալ ունկնդիրի տեղ տալով: Կամ՝ սոցիալական ցանցերուն վրայ կը լսեն «Սփիւռքն էլ մեր հոգու մէջ…» եւ կը խանդավառուին… Այնպէս ինչպէս անցեալին, ինչպէս միշտ, առանց անդրադառնալու թէ միայն իրենք զիրենք կը խաբեն, կարծելով որ բեմին վրայ որեւէ սփիւռքահայու պայմանական թէ երեւակայական յայտնուիլը քաղաքական անհեթեթի ներկայացման մէջ որեւէ տարբերութիւն կ’ընէ, բեկում կ’առաջացնէ, արար կը փոխէ, տռամ կը ստեղծէ… Պարզապէս կը կրկնեն այն բեմագրութիւնը, զոր իշխանութիւնը կամ ընդդիմութիւնը գրած է:
Սփիւռքի այս ծիծաղելի ինքնախաբէութեան պատասխանատուն ոչ իշխանութիւններն են, ոչ ալ ընդդիմութիւնը, որոնք, ի վերջոյ, կը շարունակեն, թէկուզ եւ տարբեր ոճով ու բովանդակութեամբ, քաղաքական մասնակցութեան իմաստով Սփիւռքին տալ այն Ոչ-Տեղը որ անկախութենէն ի վեր ամրագրուած է, եւ Սփիւռքն ալ, կամայ թէ ակամայ, ընդունած. ֆինանսաւորող, հետեւող, թերեւս լծորդ, երբեմն անհատ սփիւռքահայերու սահմանափակ դերակատարութիւն, բայց երբեք հաւաքական ձայնով եւ քուէով գործընկեր: Եւ պատահական չէ այս:
Սփիւռքը ինքզինք երբեք հանգիստ չէ զգացած այն Վայրին մէջ ուր է, թէկուզ եւ մութի մէջ ըլլայ եւ հանդիսատեսի դերով: Այն Վայրին մէջ ուր տասնամեակներ ամբողջ իր շրջապատին հետ համարկուելով հանդերձ անորմէ Տարբերելու գիտակցութեամբ պահած է եւ զարգացուցած իր հաւաքական ինքնութիւնը: Տարբերումի այդ գիտակցութիւնը, սփիւռքահայու բնազդը, սակայն չէր վերաբերեր հայրենի հայութեան: Աւելի՛ն, Դէպի Երկիր խանդավառութեան մէջ վերածուեցաւ թապուի, քանի կարելի չէր «հայրենադարձուիլ» եւ, օրինակի համար, ակնկալել որ միասնական ուղղագրութեան հարցը օրակարգի դրուի: Եւ այսպէս, այսօր լուսաւոր թատերաբեմին վրայ ինքզինք տեսնելու ինքնախաբէութեան համար Սփիւռքը կարծես պատրաստ է միանալու, աւելի ճիշդը՝ միացուելու, քաղաքական անհեթեթի ներկայացման, որովհետեւ կը շարունակէ ինքզինք համոզել, որ միայն հոն, եւ ոչ թէ հանդիսատեսի իր Վայրի մութին մէջ, կը տեսնէ իր գոյութենական փրկութեան յոյսը…
Մինչդեռ՝
If a word borders on me here, I’ll let it border.
If Bohemia still lies by the sea, I’ll believe in the sea again.
And, still believing in the sea, I can hope for land.
If it’s me, then it’s anyone and might as well be me.
I want nothing more for myself. I want to go under.
Under – that means the sea, where I will find Bohemia again.
Finally grounded, I wake up in peace.
From deep inside, I know I’m unabandoned.
Աւստրիացի բանաստեղծ Ինկեպորկ Պախմաննի (Ingeborg Bachmann) «Bohemia Lies by the Sea» քերթուածին այս տողերը (հոս՝ համացանցէն ներբերուած գերմաներէնէն Frank Beck-ի անգլերէն թարգմանութեամբ) իրենց սպաներէն տարբերակով Պիունկ-Չուլ Հան (Byung-Chul Han) քորէա-գերմանացի մտածողի վերջին գիրքին («Յոյսի ոգին») մէջ ներառուած են (El espíritu de la esperanza, trad. Alberto Ciria, Buenos Aires: Herder, 2024, էջ 74): Գրքին նիւթը, յոյսը, ինքնին անակնկալ մըն է Հայտեկըրի մեկնաբան Հանի ցարդ հրատարակած գործերու շարքին: Բայց անոր ընթերցումը կը բացայայտէ յղացքի գոյութենական տարողութիւնը, ուղի կը հարթէ «յոյսի քաղաքականութեան» մը՝ դուրս գալու համար ինքնաբանտարկումի տանող անձկութենէն, եւ իմաստ տալու ինքնակեդրոն անհատներէ անդին հաւաքականութեան կերտումին:
«Բացարձակ յոյսը յուսահատական յոյս մըն է կամ յուսակորոյսի յոյսը, որովհետեւ ծնունդ կ’առնէ ի դէմս ամբողջական յուսահատութեան: Կը ծնի ամբողջական յուսահատութեան ժխտականութենէն: … Մնայուն գոյավիճակ մըն է, որ չ’ուղուիր դէպի որեւէ կոնկրետ նպատակ, ոչ ալ դէպի որեւէ մօտակայ նաւահանգիստ: / … Այնքան որքան յուսահատական ըլլայ կացութիւն մը աւելի տոկուն կ’ըլլայ յոյսը:» (էջ 75-76)
Դժուար ընթեռնելի կրնան թուիլ այս տողերը, եւ հարցական՝ անոնց թելադրածը մեր իրականութեան համար: Թերեւս հարց տանք՝ ի՞նչ կապ ունի այս մտամարզանքը Հայաստանին հետ, Արցախին, իշխանութիւններուն, ընդդիմութեան, Սփիւռքին… Եւ պատասխանը պարզ եւ մէկին է. ոչ մէկ անմիջական կապ: Բացի, թերեւս եթէ ճիգ մը ընենք, յուշելու յուսալու հոգեվիճակի մը պատկերացում մը յատուկ Սփիւռքի համար՝ անկախ հայրենի թատերաբեմին վրայ քաղաքական անհեթեթի ներկայացումէն: Սփիւռքի մը համար որ այդ ներկայացման իր ոչ-մասնակիցի կացութեան գիտակից է: Յուսալու հոգեվիճակ մը, որ, ինչպէս Հան կը յստակացնէ, պէտք է տարբերել «լատաեսութենէն», «պոզիտիւ մտածողութենէն» եւ «պոզիտիւ հոգեբանութենէն», որոնք «կը վերաբերին բացառաբար լաւ ըլլալուն» (էջ 21), կամ «լաւ ապրել»ուն -գործածելու համար համահունչ յղացք մը, որ այնքան յատուկ է վերջերս ՄԱԿ-ի բեմէն մարդկութեան «պոզիտիւ խօսոյթներ ձեւաւորելու» կոչ ըրած անձնաւորութեան…
«Ի տարբերութիւն պոզիտիւ մտածողութեան, յոյսը կռնակ չի՛ դարձներ կեանքի ժխտականութեանց, զորս ի մտի ունի: Առաւել՝ չ’առանձնացներ մարդոց, ընդհակառակը, զիրենք կապի մէջ կը դնէ, իրարու հետ կը հաշտեցնէ: Յոյսի Ենթական “Մենք” մըն է:» (էջ 22)
Յուսալու հոգեվիճակ ստեղծած է Սփիւռքը իր ամeնէն դառն պահերուն: Աւելի՛ն, այդ պահերուն գիտակից եղած ատենն է, որ կերտած է հաւաքական Մենքը, քերթուածացած լեզուամտածողութեամբ մը, որ ի՛րն էր: Կամ ինչպէս Նիկողոս Սարաֆեան 1930-ականներուն գրած է.
«Հրաշքներն ահա կը ծնին,
Երբ դառնութիւնն օրերուն զիս քայքայել կը սկսի։
Եւ յոյսն այսպէս կը բարձրանայ,
Սահանքներու ետին աճող ջուրին նման…» («Երբ դառնութիւնը կու գայ»,
Տեղեկատուութիւն եւ Մակընթացութիւն 1931 – 1938)
Comments are closed.