Հ.Յ.Դ. Ներկայացուցիչը Մասնակցեցաւ Թուրքիոյ HDP Կուսակցութեան 4-րդ Համագումարին

Փետրուար 23-ին, Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (HDP) հերթական 4-րդ համագումարը, որուն մասնակցեցան հազարաւոր պատգամաւորներ, իսկ հազարաւորներն ալ զրկուած են մասնակցելէ` Թուրքիոյ իշխանութիւններու կողմէ յարուցուած արհեստական արգելքներու պատճառով:

Համագումարի նախագահութեան անդամ էր Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլեան:

Համագումարին հրաւիրուած էին եւ ներկայ էին տարբեր երկիրներու եւ շրջաններու կուսակցութիւններու (Ֆրանսա, Գերմանիա, Աւստրալիա, Թունուզ, Պաղեստին, Յորդանան, Մարոք, Կիպրոս, Շուէտ, Լիբանան, Եգիպտոս, Իտալիա, Սպանիա, Պասքերու երկիր, Քաթալոնիա, Դանիա, Նորվեգիա, Անգլիա, Սքոտլանտա, Փորթուկալ, Ֆինլանտիա, Զուիցերիա, Հայաստան) ներկայացուցիչներ:

Հ.Յ.Դ.-ի կողմէ համագումարին մասնակցեցաւ Խաժակ Մկրտիչեան, որ մասնակցած էր նաեւ HDP-ի 3-րդ համագումարին:

Համագումարի աշխատանքներուն վերջաւորութեան ընտրուեցան կուսակցութեան համանախագահները եւ խորհուրդը: HDP-ի կանոններուն համաձայն՝ կուսակցութեան ղեկավար մարմիններու մէջ կանանց եւ տղամարդոց թիւը հաւասար է. համանախագահներ վերընտրուեցան Փերւին Պուլտանը (Pervin Buldan) եւ Միթհատ Սանջարը (Mithat Sancar):

Հ.Յ.Դ. ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐու Գրասենեակ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.