Հ.Յ.Դ. Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Արցախի ներկայ իրավիճակին հարցով կը հանդիպի Գանատայի Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի Քաղաքացիական Հարցերու նախարար Ճիննի Սիմզի հետ
Ուրբաթ, 23 Հոկտեմբեր 2020-ի երեկոյեան, Գանատայի հայ Դատի Յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներէն
Ընկեր Վահէ Անտոնեան յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ Գանատաի Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի Քաղաքացիական հարցերու Նախարար Ճիննի Սիմզի հետ։
Ան զրուցեց Արցախի տարածքին տիրող պատերազմական իրավիճակին եւ Ազրպէյճանի ուԹուրքիոյ բարբարոսական յարձակումներուն մասին։
Նախարարը յայտնեց, որ տեղեակ Է իրադարձութիւններու մանրամասնութեանց, իրզօրակցութիւնը կը յայտնէ Արցախի ժողովուրդի ինքորոշման իրավունքին եւ պատրաստ էկարելին ընել՝ օժանդակելու նահանգային եւ դաշնակցային խորհրդարաններուն մէջԱրցախի հարցը խաղաղօրէն լուծելու Գանատայի ջանքերուն։
Ընկեր Անտոնեան իր կարգին Նախարար Սիմզին յանձնեց հայ դատի յանձնախումբի պատրաստած Արցախի հիմնահարցի թղթածրարը, շնորհակալութիւն յայտնեց անոր եւ հայդատի յանձնախումբի անունով խոստացաւ սատարել զինք յառաջիկայ նահանքայինընտրութիւներուն ։