ՀՕՄ-ի Օրուան Տօնակատարութիւն

Մայիս 1, 2022

ՀՕՄ-ի Օրուան տօնակատարութիւնը, Մոնթրէալ «Սօսէ» եւ Լաւալ «Շուշի» մասնաճիւղերու կողմէ տեղի ունեցաւ Մայիս 1, 2022-ին, Սուրբ Յակոբ վարժարանի Պաստրմաճեան թատերասրահին մէջ, նախագահութեամբ ՀՕՄ-ի կեդր. վարչութեան անդամ եւ Գանատայի ներկայացուցիչ ընկհ. Արմինէ Կարապետեանի որ անհանգստութեան պատճառաւ դժբախտաբար կը բացակայէր։

Հանդիսութիւնը սկսաւ «Մեր Հայրենիք» եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներով։

Ձեռնարկը կը վարէր ընկհ. Սարին Սապունճեան-Ճինպաշեան, որ խնդրեց վայրկեան մը ոտքի մնալ յարգելու համար այս տարուան ընթացքին զոյգ մասնաճիւղերու մեզմէ առ յաւէտ հեռացած ընկեր/ընկերուհիներու յիշատակը, որոնց կարգին ՀՕՄ-իԳանատայի Շրջանի առաջին ատենապետուհի, ՀՕՄ-ի

Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանակիր, բազմավաստակ կրթական մշակ ընկհ. Վանուհի Իսաջանեանի։

Ընկհ. Սարին յաջորդաբար ողջունեց ներկայութիւնը Գանատայի հայոց թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Սուրբ Յակոբ մայր եկեղեցուոյ հոգեւոր Տեսուչ Գերաշնորհ Սուրէն Արքեպիսկոպոս Գաթարոյեանի, ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներուն, ՀՕՄ-ի զոյգ մասնաճիւղերու Ատենապետուհիներուն, Մոնթրէալի եւ Լաւալի քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամներ՝ Մարի Տէրոսի, Սեդա Թոփուզեանի, ինչպէս նաեւ օրուան պատգամաբեր ընկհ. Վանա Նազարեան-Եափուճեանի, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներուն, ՀՕՄ-ի ընկերուհիներուն եւ ներկաներուն։

Գեղարուեստական յայտագրի առաջին բաժնով Սրբ. Յակոբ Ազգային վարժարանի 5-րդ կարգէն 18 աշակերտներ ներկայացուցին «Անձրեւ եւ հաց» եւ «Կանչիր կռունկ» երգերը, ղեկավարութեամբ եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ տիկին Դալար Հարպոյեան-Գալլողլեանի։

Ապա ընկհ. Սարին բեմ հրաւիրեց Մոնթրէալի «Սօսէ» եւ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղերու ատենապետուհիներ՝ Թամար Եաղճեանն եւ Ֆլորա Կիրակոսեանը, որոնք մանրամասնօրէն ներկայացուցին զոյգ մասնաճիւղերու գործունէութեան զեկոյցները։

Յաջորդաբար ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան կողմէ բեմ բարձրացաւ ընկհ. Սիւզի Պոյամեան, որ Սուրբ Յակոբ մայր եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ՝ պրն. Արեգ Մարգարեանին եւ ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչ ընկհ. Շաքէ Յակոբեանին փոխանցելու ՀՕՄ-ի տարեկան յատկացումները։

Գեղարուեստական յայտագրի 2-րդ բաժինով՝ Սրբ. Յակոբ վարժարանի 6-րդ կարգէն Աննա Քրիստին Հացագործեան ջութակի վրայ մեկնաբանեց Արամ Խաչատուրեանի «Անտանթինօ»ն եւ Կոմիտասի «Երկնքն ամպել ա», դաշնակի ընկերակցութեամբ տիկ. Դալար Հարպոյեանի։ 4-րդ կարգէն չորս աշակերտներ երգեցին «Ուրախ առաւօտ»ը, իսկ 6-րդ կարգէն Սիլվի Միքայէլեան հատուածներ արտասանեց Ժագ Յակոբեանի «Այս քոյրերը» բանաստեղծութենէն՝ ընկերակցութեամբ (background music)-ի։

Օրուան հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց երկու մասնաճիւղերու ատենապետուհիները եւ ՀՕՄ-ի այն ընկերուհիները, որոնք զարդասեղներ պիտի ստանային։ Ընկհ. Ֆլորա Կիրակոսեան, իրենց 15- ամեայ անդամակցութեան համար, զարդասեղներ յանձնեց ընկհ. Սալբի եւ Անի Տիվարչիներուն։

25-ամեայ անդամակցութեան համար, Լաւալէն, ընկերուհիներ՝ Անահիտ Տէր Խաչատուրեան, Տիգրանուհի Գէորգեան, Մարօ Պէրէճիգեան, Զեփիւռ Պետրոսեան-Սալաքեան եւ Լենա Քէօսէյեան-Ժուքաքելեան զարդասեղներ ստացան ընկհ. Ֆլորա Կիրակոսեանէն։

Իրենց 35-ամեայ անդամակցութեան համար, ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան անդամ ընկերուհիներ՝ Սիւզի Պոյամեան եւ Ազգանուշ Հատիտեան, զարդասեղներ տուին «Շուշի» մասնաճիւղէն ընկերուհիներ՝ Համեստ Գուլաճեանին, իսկ «Սօսէ» մասնաճիւղէն ընկերուհիներ՝ Տիրուկ Մանճիկեանին եւ  Այտա Գէորգեանին։

Իրենց 50-ամեայ անդամակցութիւնը ամբողջացուցած, «Սօսէ» մասնաճիւղէն, ընկերուհիներ՝ Մարալ Քէօսէեանի, Անի Մաժակեանի եւ Սիրուն Ներսէսեանի, իսկ «Շուշի» մասնաճիւղէն՝ Արաքսի Խոզոզեանի կենսագրութիւնը կարդացին ընկերուհիեր՝ Թամար Եաղճեան եւ Ֆլորա Կիրակոսեան, անոնց յանձնելով զարդասեղներ եւ բացիկներ։

60-ամեայ անդամակցութեան գնահատագիրներ տրուեցան ընկերուհիներու Ալիս Մարգարեանի եւ Նուարդ Թաշճեանի Շրջանային վարչութեան կողմէ, ընկերուհիներ՝ Ազգանուշ Հատիտեանի եւ Սիւզի Պոյամեանի։

Ծաղիկներ հրամցուեցան բոլոր զարդասեղ եւ գնահատագիր ստացող ընկերուհիերուն։

Ընկհ. Սարին Սապունճեան-Ճինպաշեան ներկայացուց Օրուան բանախօս ընկհ. Վանա Նազարեան-Եափուճեանը եւ զինք հրաւիրեց իր խօսքը փոխանցելու։

Ընկհ. Վանան սկսաւ հաղորդելով, որ ինք առաջին անգամ ծանօթացած է ՀՕՄ-ի աշխատանքներուն 12 տարեկանին, երբ Սուրբ Յակոբ վարժարանի աշակերտներուն հետ այցելած է Manoir Cartierville, ուր տեսած է միութեան ընկերուհիներու ժրաջան գործունէութիւնը եւ խորապէս տպաւորուած։ Աւելի ուշ ծանօթացած է Հայ Օգնութեան միութեան աշխատանքի տարբեր մարզերուն։ Ան հաստատեց. «Օրինակ, վերջին երկու տասնամեակներուն ընթացքին կարելի է մտածել ՀՕՄ-ի մարդասիրական եւ բարեսիրական ծառայութեան, նամանաւանդ՝ կարիք ունեցող գաղութներուն մէջ՝ Իրաքի, Սուրիոյ, Ջաւախքի, Լիբանանի, Արցախի մէջ։ Կարելի է անդրադառնալ ընկերային, կրթական եւ առողջապահական ծիրերու մէջ կազմակերպուած ծառայութեան»։

Տեղի ունեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ։

Ձեռնարկը փակուեցաւ Գանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Գրաշնորհ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի ներշնչող խօսքերով եւ պահպանիչով, ուր շեշտեց որ ՀՕՄ-ը միշտ կը գործէ ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին համար նշանաբանով եւ օգնութիւն կը հասցնէ սփիւռքի եւ հայրենիքի անխտիր բոլոր Հայորդիներուն։

                                                                                                   Մարալ Քիւփէլեան-Պէրպէրեան

 

 

Յ.Գ. Նկատի ունենալով, որ օրուան նախագահուհի, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկհ. Արմինէ Կարապետեան անհանգստութեան պատճառաւ կը բացակայէր ձեռնարկէն, իր սրտի խօսքը կը կցենք այս թղթակցութեան։

Հայ Օգնութեան Միութեան պատկանիլը պատիւ եւ հպարտութիւն է իւրաքանչիւր անդամի: Այս նոյն զգացումները, ինծի համար ալ ներշնչման աղբիւր դարձած են իմ անդամակցութեանս 36 տարիներու ընթացքին:

ՀՕՄ-ը միայն բարեսիրական կազմակերպութիւն չէ, ան դպրոց է իր անդամներուն՝ իրենց գիտելիքները զարգացնելու, ձգտելու լաւագոյնին ու բարիին, դիմագրաւելու զանազան տեսակի մարտահրաւէրներ, մտերիմ ընկերութիւններ հաստատելու ոչ միայն նոյն մասնաճիւղի կամ շրջանի անդամներուն հետ, այլ նաեւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, ուր ՀՕՄ-ի միաւորներ կը գործեն անսպառ: Իսկ այս կամաւոր աշխատանքի լաւագոյն վարձատրութիւնը մեր բարեսիրական ծրագիրներու իրագործումն է, որ իր կարգին կը դառնայ մղիչ ուժ շարունակելու այս նուիրական գործը:

Կը գնահատեմ Մոնթրէալի «Սօսէ» եւ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղերու վարչական կազմերուն եւ յանձնախումբերուն տարած բազմածաւալ գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր անդամի անշահախնդիր ներդրումը՝ ֆիզիքական, բարոյական թէ նիւթական, ի նպաստ ՀՕՄ-ի առաքելութեան, որոնք անկարելին կարելի կը դարձնեն ընդմիշտ իրենց աջակցութիւնը բերելով ՀՕՄ-ի ծրագիրներուն:

Շնորհակալութիւն կ’ուզեմ յայտնել «Սօսէ» եւ «Շուշի» մասնաճիւղերու զոյգ վարչութիւններուն եւ միացեալ յանձնախումբին, որոնք զիս արժանի գտան նախագահելու ՀՕՄ-ի օրուան այս ձեռնարկը: Սրտանց կը շնորհաւորեմ նաեւ բոլոր ընկերուհիները, որոնք զարդասեղ ստացան իրենց երկարամեայ ։անդամակցութեան համար եւ 60-ամեայ գնահատագիր:

Վարձքերնիդ կատար եւ շնորհաւոր ՀՕՄ-ի Օր

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.